Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովայի վկաները կիներուն սորվեցնելու պատասխանատուութիւն կու տա՞ն

Եհովայի վկաները կիներուն սորվեցնելու պատասխանատուութիւն կու տա՞ն

ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ՀԱՐՑՆԵՆ

Եհովայի վկաները կիներուն սորվեցնելու պատասխանատուութիւն կու տա՞ն

▪ Այո՛, ամբողջ աշխարհի մէջ, կան կին դասակարգի պատկանող միլիոնաւոր Եհովայի վկաներ, որոնք Աստուծոյ Թագաւորութեան մասին կը քարոզեն։ Սաղմոս 68։11–ը (ՆԱ) անոնց մասին մարգարէացած էր. «Տէրը պատգամ տուաւ. բարի լուրը պատմող կիները մեծ բանակ են»։

Բայց անոնց ծառայութիւնը չի նմանիր ուրիշ կրօնքներու մէջ կին դասակարգի պատկանող հոգեւորականներու ծառայութեան։ Անոնց միջեւ շատ մեծ տարբերութիւն կայ։ Անոնց ծառայութիւնը ինչպէ՞ս կը տարբերի։

Նախ տեսնենք թէ անոնք որո՛նց կը սորվեցնեն։ Գլխաւորաբար քրիստոնեայ աշխարհին մէջ, կին դասակարգի պատկանող հոգեւորականները առաջնորդութիւն կ’առնեն իրենց եկեղեցիներուն մէջ եւ կը սորվեցնեն իրենց հօտին պատկանող անդամներուն։ Իսկ կին դասակարգի պատկանող Եհովայի վկաներուն ծառայութիւնը ժողովքէն դուրս է, եւ անոնք մարդոց կը սորվեցնեն դռնէ դուռ եւ ուրիշ վայրերու մէջ։

Հիմա տեսնենք երկու խումբերուն ծառայութիւնը ժողովքին մէջ։ Քրիստոնեայ աշխարհին եւ ուրիշ կրօնքներու մէջ, կին դասակարգի պատկանող հոգեւորականները քարոզներ կու տան եւ կրօնական հաւատալիքներ կը փոխանցեն իրենց հօտին։ Իսկ կին դասակարգի պատկանող Եհովայի վկաները չեն սորվեցներ ժողովքէն ներս, երբ որ մկրտուած տղամարդիկ ներկայ են, քանի որ ժողովքէն ներս սորվեցնելու պատասխանատուութիւնը նշանակուած է տղամարդոց (Ա. Տիմոթէոս 3։2. Յակոբոս 3։1

Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը նաեւ ցոյց կու տայ որ միայն տղամարդի՛կը պէտք է ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնեն։ Նկատի առնենք օրինակ մը Աստուածաշունչէն։ Երբ Պօղոս առաքեալ Տիտոս անունով երէցի մը նամակ գրեց, ըսաւ. «Ասոր համար ես քեզ Կրետէ թողուցի, որպէս զի... ամէն մէկ քաղաքի մէջ երէցներ կարգես»։ Ետքը ան աւելցուց որ նշանակուած տղամարդը պէտք է «անմեղադրելի ըլլայ, մէկ կնոջ այր» (Տիտոս 1։5, 6)։ Պօղոս նման ուղղութիւններ տուաւ Տիմոթէոսին ալ. «Եթէ մէկը եպիսկոպոսութեան կը ցանկայ, աղէկ գործի կը ցանկայ, ուստի եպիսկոպոսը պէտք է անարատ ըլլայ, մէկ կնոջ այր... սորվեցնելու յարմար» (Ա. Տիմոթէոս 3։1, 2

Ինչո՞ւ միայն տղամարդիկ ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնելու պատասխանատուութիւնը ունին։ Պօղոս կ’ըսէ. «Բայց կնոջ հրաման չեմ տար սորվեցնելու, ո՛չ ալ՝ այր մարդուն իշխելու, հապա լուռ կենալու։ Վասն զի առաջ Ադամ ստեղծուեցաւ ու ետքը՝ Եւան» (Ա. Տիմոթէոս 2։12, 13)։ Ուրեմն, ստեղծագործութեան շարքաւորումը ցոյց կու տայ, որ Աստուած տղամարդո՛ւն տուաւ սորվեցնելու եւ առաջնորդութիւն առնելու պատասխանատուութիւնը։

Եհովայի ծառաները կը հետեւին իրենց Առաջնորդին՝ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին։ Ղուկաս աշակերտ Յիսուսին ծառայութեան մասին գրեց. «Ինք քաղաքէ քաղաք ու գիւղէ գիւղ պտըտելով՝ կը քարոզէր եւ Աստուծոյ թագաւորութիւնը կ’աւետարանէր»։ Յետագային, Յիսուս իր հետեւորդները ղրկեց, որ նոյն գործը ընեն. «Աշակերտները ելան ու գիւղէ գիւղ կը պտըտէին եւ ամէն տեղ աւետարանը կը քարոզէին» (Ղուկաս 8։1. 9։2-6

Այսօր, Եհովայի վկաները, ըլլան տղամարդիկ կամ կիներ, կը մասնակցին այդ գործին, որուն մասին Յիսուս մարգարէացած էր. «Արքայութեան այս աւետարանը բովանդակ աշխարհի մէջ պիտի քարոզուի՝ բոլոր ազգերուն վկայութիւն ըլլալու։ Անկէ յետոյ վերջը պիտի գայ» (Մատթէոս 24։14