Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովա Աստուած ճանչնալով պիտի օգտուիս

Եհովա Աստուած ճանչնալով պիտի օգտուիս

Եհովա Աստուած ճանչնալով պիտի օգտուիս

ԿՐՆԱ՞Յ ըլլալ որ վրայէդ կարեւոր բան մը կ’երթայ։ Եթէ Աստուծոյ մասին շատ բան չես գիտեր, բնական է որ այդպէս զգաս։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ, ինչպէս որ շատեր նկատած են, Աստուած ճանչնալը շա՜տ օգուտներ կը բերէ թէ՛ հիմա եւ թէ ապագային։

Աստուածաշունչին Հեղինակը՝ Եհովա Աստուած՝ կ’ուզէ որ մենք զինք ճանչնանք։ Սաղմոս գրողներէն մէկը ըսաւ. «Որպէս զի գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ»։ Աստուած գիտէ որ անձամբ շա՛տ կ’օգտուինք, երբ զինք ճանչնանք։ Ան կ’ըսէ. «Ես եմ քու Տէր Աստուածդ, որ քեզի օգտակար եղածը կը սորվեցնեմ»։ Լաւ ինչպէ՞ս կ’օգտուինք երբ ճանչնանք Բարձրեալ Եհովա Աստուածը (Սաղմոս 83։18. Եսայի 48։17

Օգուտները շատ են։ Օրինակ, մենք ուղղութիւն կ’առնենք, որ կեանքի առօրեայ խնդիրներուն հետ գլուխ ելլենք, ապագան յոյսի աչքով կը դիտենք եւ մտքի խաղաղութիւն կ’ունենանք։ Ասկէ զատ, Եհովա Աստուծոյ ծանօթանալը կ’օգնէ որ կեանքի ամէնէն կարեւոր հարցումներուն պատասխանները առնենք։ Հարցումներ՝ որոնք շատեր կը հարցնեն։ Նկատի առնենք ատոնցմէ ոմանք։

Կեանքդ իմաստ մը ունի՞

Հակառակ անոր որ թեքնոլոճին մեր օրերուն շատ յառաջդիմած է, բայց դեռ շատեր հարց կու տան. ինչո՞ւ ծնայ, ինծի ի՞նչ պիտի ըլլայ, կեանքին իմաստը ի՞նչ է։ Երբ որ մէկը այս հարցումներուն տրամաբանական պատասխանները չառնէ, ուրախ պիտի չըլլայ։ Եւ շատեր ուրախ չեն։ 1997–ին Գերմանիայի մէջ շատերու հարցուեցաւ կեանքի իմաստին մասին։ Անոնց կէսը ըսաւ որ երբեմն կամ շատ անգամներ կը զգան որ կեանքը իմաստ մը չունի։ Թերեւս ապրած շրջանիդ մէջ ալ շատեր այդպէս կը զգան։

Երբ եզրակացնենք որ կեանքը իմաստ չունի, կը զգանք որ ատիկա անհամ է եւ մեզի համար դժուար կ’ըլլայ ապագան ծրագրել կամ նպատակներ դնել։ Անոր համար շատեր կը փորձեն լաւ գործ գտնել եւ հարստանալ, բայց դեռ կը զգան որ անիմաստ կեանք կը վարեն եւ ուրախ չեն։ Ուրիշներ ալ ա՛յնքան տխուր կը զգան որ այլեւս ապրելու փափաք չեն ունենար։ Ճիշդ ասիկա էր պարագան գեղեցիկ երիտասարդուհիի մը, որ ըստ պարբերաթերթի մը, «շատ հարուստ ընտանիքի կը պատկանէր»։ Հակառակ ասոր ան կը զգար որ առանձին է եւ իր կեանքը իմաստ չունի. այս պատճառով ան անձնասպան եղաւ (International Herald Tribune)։ Թերեւս դուն ալ կը ճանչնաս ուրիշներ, որոնք իրենց կեանքով ուրախ չէին եւ անձնասպան եղան։

Կարգ մը մարդիկ կը կարծեն որ գիտութի՛ւնը կրնայ իրենց հարցումներուն պատասխանները տալ։ Գերմանական շաբաթաթերթ մը կ’ըսէ որ հակառակ անոր որ գիտութիւնը շատ բաներ կրնայ բացատրել, բայց հոգեւոր եւ բարոյական հարցերու մէջ մեզ չի կրնար առաջնորդել։ Բարեշրջութիւնը եւ ուրիշ խրթին գիտական գաղափարներ մեզ չեն մխիթարեր, ոչ ալ ապահով կը զգացնեն (Die Woche)։ Ճիշդ է որ գիտութիւնը մեզի օգնած է որ շա՛տ բան սորվինք կեանքի մասին, բայց ատիկա չի կրնար մեզի ըսել թէ մենք ինչո՛ւ ծնանք եւ մեզի ի՛նչ պիտի ըլլայ։ Անոր համար, ըստ գերմանական օրաթերթի մը, մարդիկ որեւէ ժամանակէ աւելի առաջնորդութեան պէտք ունին (Süddeutsche Zeitung

Մեր Ստեղծիչէն զատ ուրիշ ո՞վ կրնայ մեզ առաջնորդել։ Ի՛նք մեզ ստեղծեց, ուրեմն ինք պէտք է գիտնայ մեր կեանքին իմաստը։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ որ Եհովա Աստուած մարդիկը ստեղծեց որ ամբողջ երկրի վրայ ապրին եւ ատոր հոգ տանին։ Անոնք իրենց բոլոր աշխատանքներուն մէջ պէտք էր Աստուծոյ յատկութիւնները ընդօրինակէին, ինչպէս՝ արդարութիւն, իմաստութիւն եւ սէր։ Մէյ մը որ հասկնանք որ Եհովա Աստուած ինչո՛ւ մեզ ստեղծեց, կեանքին իմաստը կը հասկնանք (Ծննդոց 1։26-28

Ի՞նչ կրնաս ընել

Եթէ չես գտած տրամաբանական պատասխան քու հարցումներուդ,– օրինակի համար թէ ինչո՞ւ ծնած ես, քեզի ի՞նչ պիտի ըլլայ, կեանքին իմաստը ի՞նչ է,– Աստուածաշունչը կը քաջալերէ որ Աստուած մօտէն ճանչնաս։ Իրականութեան մէջ Յիսուս ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր»։ Ասկէ զատ, Աստուածաշունչը քեզ կը քաջալերէ որ սիրով վարուիս եւ ցոյց տաս որ կ’ուզես Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ ապրիլ։ Ասանկով, կեանքդ իմաստ պիտի ունենայ եւ ապագան յոյսի աչքով պիտի դիտես։ Ասկէ զատ, քեզ մտահոգող կարեւոր հարցումներու պատասխանները պիտի առնես (Յովհաննէս 17։3. Ժողովող 12։13

Լաւ արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։ Նկատի առնենք որ Հանս անունով տղամարդ մը ինչպէ՛ս օգտուեցաւ, երբ Աստուած մօտէն ճանչցաւ *։ Տարիներ առաջ, Հանս կը հաւատար որ Աստուած մը կայ, բայց ասիկա իրեն համար կարեւոր նիւթ մը չէր։ Ան թմրեցուցիչ կը գործածէր, տարբեր կիներու հետ սեռային յարաբերութիւն կ’ունենար, ոճիր կը գործէր եւ կը սիրէր մոթորսիքլեթ քշել։ Բայց ան կ’ըսէ որ «անիմաստ կեանք կը վարէր եւ բանէ մը գոհ չէր»։ Երբ մօտ 25 տարեկան էր, ան որոշեց Աստուած ճանչնալ՝ անձամբ Աստուածաշունչը կարդալով։ Եւ երբ որ մօտէն Աստուած ճանչցաւ եւ կեանքին իմաստը հասկցաւ, ան իր կեանքին մէջ փոփոխութիւններ մտցուց եւ մկրտուեցաւ որպէս Եհովայի վկայ։ Վերջին տասը տարիներուն ընթացքին Հանս Եհովա Աստուծոյ լիաժամ կը ծառայէ։ Ան կ’ըսէ. «Եհովային ծառայելը լաւագո՛յն բանն է կեանքի մէջ։ Եհովան ճանչնալը կեանքիս իմաստ տուաւ»։

Անշուշտ կեանքին իմաստը հասկնալը միակ նիւթը չէ որ մարդիկը կը մտահոգէ։ Մինչ աշխարհին վիճակը երթալով ետեւ կ’երթայ, շատեր ուրիշ կարեւոր հարցումի մը պատասխանը կ’ուզեն առնել։

Ինչո՞ւ գէշ բաներ կ’ըլլան

Երբ մարդիկ շատ դժուար պարագաներէ անցնին, հարց կու տան. «Ինչո՞ւ գէշ բաներ կ’ըլլան»։ Երբ հասկնաս որ ինչո՛ւ գէշ բաներ կ’ըլլան, աւելի դիւրին կ’ըլլայ որ դժուար պարագաներու հետ գլուխ ելլես եւ խիստ մէկը չդառնաս։ Նկատի առ Պրունիին օրինակը։

Ան կը պատմէ. «Քանի մը տարի առաջ, նորածին աղջիկս մեռաւ։ Ես Աստուծոյ կը հաւատայի, անոր համար քահանային քով գացի մխիթարուելու։ Ինծի ըսաւ որ Աստուած Սուզանին երկինք առաւ, եւ աղջիկս հիմա հոն հրեշտակ է։ Աշխարհը աչքիս սեփ–սեւ երեւցաւ։ Աստուած ալ ատեցի, քանի որ աղջիկս իմ ձեռքէս առաւ»։ Պրունին տարինե՜ր այսպէս կը զգար։ Ան կ’ըսէ. «Ետքը Եհովայի վկայ մը ինծի Աստուածաշունչէն ցոյց տուաւ որ պատճառ չունիմ Աստուած ատելու։ Եհովա Աստուած Սուզանին երկինք չառաւ։ Սուզանը հոն հրեշտակ մը չէ։ Իր հիւանդութիւնը անկատարութեան արդիւնքն է։ Սուզանը մահուան քունի մէջ է եւ կը սպասէ որ Եհովան իրեն յարութիւն տայ։ Ես նաեւ սորվեցայ որ մարդիկ ստեղծուեցան որ դրախտի մէջ՝ երկրի վրայ՝ յաւիտեան ապրին եւ թէ ասիկա մօտ օրէն պիտի իրականանայ։ Մէյ մը որ սկսայ ըմբռնել որ Եհովա Աստուած ի՛նչ տեսակ անձնաւորութիւն ունի, իրեն աւելի մօտեցայ եւ զգացական ցաւերս թեթեւցան (Սաղմոս 37։29. Գործք 24։15. Հռովմայեցիս 5։12

Այսօր, սիրելիի մը մահը, պատերազմները, սովը, բնական աղէտները եւ ուրիշ բաներ պատճառ կը դառնան որ միլիոնաւորներ շատ դժուար պարագաներէ անցնին։ Տեսանք որ Պրունին հանգստացաւ, երբ Աստուածաշունչէն տեսաւ թէ մարդոց չարչարանքներուն համար Աստուած մեղադրելի չէ, անոր նպատակը չէր որ մարդիկ չարչարուին եւ թէ ան շուտով չարիքին վերջ պիտի դնէ։ Քանի՛ որ վիճակները երթալէն ետեւ կ’երթան, յստակ է որ այս աշխարհին «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք։ Բոլորս կ’ուզենք որ վիճակները լաւանան եւ ասիկա շա՛տ շուտով պիտի ըլլայ (Բ. Տիմոթէոս 3։1-5. Մատթէոս 24։7, 8

Աստուած ճանչնալ

Հանսը եւ Պրունին Աստուծոյ մասին ընդհանուր գաղափար ունէին։ Անոր կը հաւատային առանց զինք լաւ ճանչնալու։ Երբ ժամանակ տրամադրեցին որ Աստուած մօտէն ճանչնան, իրենց հարցումներուն տրամաբանական պատասխանները գտան։ Ասիկա իրենց մտքի խաղաղութիւն եւ յոյս տուաւ ապագային նկատմամբ։ Միլիոնաւոր Եհովայի վկաներ նոյնանման փորձառութիւններ ունեցած են։

Նախ եւ առաջ, Եհովան ճանչնալու համար, պէտք է Աստուածաշունչը սերտենք։ Աստուածաշունչը մեզի կը սորվեցնէ իր մասին եւ թէ ան ի՛նչ կ’ուզէ որ ընենք։ Առաջին դարուն, ոմանք ճիշդ ասիկա է որ ըրին։ Պատմաբան եւ բժիշկ Ղուկաս կ’ըսէ որ Բերիայի ժողովքը (Յունաստան) «Աստուծոյ խօսքը կատարեալ յօժարութեամբ ընդունեցին [Պօղոսէն եւ Շիղայէն] եւ ամէն օր գրքերը կը քննէին թէ այս բաները ճի՞շդ են» (Գործք 17։10, 11

Առաջին դարու քրիստոնեաները մէկտեղ հաւաքուեցան եւ ժողովներ ունեցան (Գործք 2։41, 42, 46. Ա. Կորնթացիս 1։1, 2. Գաղատացիս 1։1, 2. Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։1)։ Նոյնն է պարագան այսօր։ Եհովայի վկաներուն ժողովները մարդոց կ’օգնեն որ Եհովային մօտենան եւ իրեն ուրախութեամբ ծառայեն։ Եւ Եհովայի վկաներուն հետ ընկերակցիլը ուրիշ օգուտ մըն ալ ունի։ Անոնք կը փորձեն Եհովա Աստուծոյ յատկութիւնները ընդօրինակել։ Եթէ իրենց հետ ժողովներու ներկայ գտնուիս, ատիկա քեզի պիտի օգնէ որ դուն ալ Եհովային յատկութիւնները ընդօրինակես եւ զինք մօտէն ճանչնաս (Եբրայեցիս 10։24, 25

Կ’արժէ՞ ա՛յսքան ջանք թափես որ Աստուած ճանչնաս։ Ջանք թափելը կարեւոր է։ Արդէն եթէ մէկը կ’ուզէ կեանքի մէջ տեղ մը հասնիլ, բնականաբար պէտք է ջանք թափէ։ Նկատի առ մարզիկ մը որքա՜ն կը մարզուի։ Ժան Քլոտ Քիլի, որ ոսկիէ մետալ շահած է ողիմպիական դահուկարշաւի (skiing) մէջ, կ’ըսէ որ ի՛նչը կրնայ մէկը յաջող միջազգային մարզիկ դարձնել. «10 տարի առաջ պէտք է սկսիս եւ տարիներով ատոր պէտք է պատրաստուիս եւ ծրագրես, եւ ամէն օր ատոր մասին մտածես... Ատիկա մտային եւ ֆիզիքական 365 օրուան՝ տարեկան՝ գործ է»։ Երեւակայէ որ մէկը պէտք է ա՛յսքան ժամանակ եւ ջանք թափէ միայն տասը վայրկեանուան մրցումի մը համար։ Ուրեմն որքա՛ն կարեւոր եւ արժէքաւոր է Եհովան ճանչնալը։

Փոխյարաբերութիւն մը որ կ’աճի

Բոլորս կ’ուզենք որ մեր կեանքը իմաստ ունենայ։ Ուրեմն, եթէ կը զգաս որ անիմաստ կեանք կը վարես կամ կ’ուզես բացատրութիւն առնել որ մարդիկ ինչո՛ւ կը չարչարուին, ջանք թափէ որ Եհովան՝ Աստուածաշունչի Աստուածը՝ ճանչնաս։ Իր մասին սորվիլը կրնայ կեանքդ բարելաւել յաւիտեա՛ն։

Եհովային մասին գիտութիւնը վերջ ունի՞։ Նոյնիսկ անոնք՝ որոնք տարիներով իր մասին սորված են, դեռ նոր բաներ կը սորվին իր մասին։ Նոր բաներ սորվիլը մեզ կ’ուրախացնէ եւ մեզի իրեն կը մօտեցնէ։ Վստահաբար պիտի համաձայնիս Պօղոս առաքեալի ըսածին, որ գրեց. «Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը. ի՜նչպէս անքննելի են իր դատաստանները եւ անզննելի են իր ճամբաները։ Վասն զի ‘ո՞վ գիտցաւ Տէրոջը միտքը, կամ ո՞վ անոր խորհրդակից եղաւ’» (Հռովմայեցիս 11։33, 34

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 12 Անունները փոխուած են։

[Մէջբերում]

Մարդիկ կը հարցնեն. ‘Ինչո՞ւ ծնայ, ինծի ի՞նչ պիտի ըլլայ, կեանքին իմաստը ի՞նչ է’

[Մէջբերում]

«Մէյ մը որ սկսայ ըմբռնել որ Եհովա Աստուած ի՛նչ տեսակ անձնաւորութիւն ունի, իրեն աւելի մօտեցայ եւ զգացական ցաւերս թեթեւցան»

[Մէջբերում]

«Եհովային ծառայելը լաւագո՛յն բանն է կեանքի մէջ: Եհովան ճանչնալը կեանքիս իմաստ տուաւ»