Հարցումներ ընթերցողներէն
Հարցումներ ընթերցողներէն
Աստուածաշունչը չի խօսիր կենաց խմելու մասին։ Լաւ Եհովայի վկաները ինչո՞ւ կենաց չեն խմեր։
Կենաց խմել կը նշանակէ ուրիշները հրաւիրել որ մէկը կամ բան մը պատուելու համար՝ գաւաթները բարձրացնեն եւ խմիչք մը խմեն։ Կենաց խմելը երկիրէ երկիր կը տարբերի։ Կենաց խմել առաջարկողը ընդհանրապէս մաղթանքներ կ’ընէ որ մէկը ուրախ ըլլայ, լաւ առողջութիւն ունենայ, երկար կեանք ունենայ եւ այլն։ Իսկ միւսները իր ըսածներուն կը համաձայնին կա՛մ արտայայտուելով կամ ալ իրենց գաւաթները բարձրացնելով եւ խմիչք մը խմելով։ Շատեր կը կարծեն որ կենաց խմելը անվնաս բան մըն է եւ քաղաքավար ըլլալու կերպ մըն է։ Բայց Եհովայի վկաները կենաց չեն խմեր կարեւոր պատճառներու համար։
Անշուշտ անոնք կ’ուզեն որ մարդիկ ուրախ ըլլան եւ լաւ առողջութիւն ունենան։ Առաջին դարուն, կառավարիչ մարմինը ժողովքներուն ուղղած նամակի մը մէջ իր ըսելիքները փակեց արտայայտութիւնով մը՝ «Ո՛ղջ եղէք», որ կրնայ թարգմանուիլ՝ «Ձեզի լաւ առողջութիւն» կամ «Լա՛ւ եղէք» (Գործք 15։29)։ Իսկ անցեալին, Աստուծոյ հաւատարիմ ծառաներ թագաւորներու ըսին. «Իմ տէրս... յաւիտեան ողջ կենայ» կամ «Թագաւորը յաւիտեան ողջ կենայ» (Գ. Թագաւորաց 1։31. Նէեմիա 2։3)։
Լաւ, կենաց խմելու սովորութիւնը ուրկէ՞ եկած է։ Դիտարան–ի 1 յունուար 1968 թիւը մէջբերեց համայնագիտարանէ մը որ կ’ըսէր. «Ուրիշներուն լաւ առողջութիւն մաղթելու նպատակով՝ գաւաթ մը գինի գործածելու սովորութիւնը հաւանաբար եկած է հին խմելու սովորութենէ մը, որ չաստուածներուն եւ մեռելներուն զոհեր ընելու կերպ մըն էր։ Ճաշի ժամանակ, յոյները եւ հռոմայեցիները իրենց չաստուածներուն այդ զոհերը կ’ընէին, եւ կենաց կը խմէին իրենց չաստուածները եւ մեռելները պատուելու համար»։ Համայնագիտարանը աւելցուց. «Մինչ այդ զոհերը կ’ընէին, հաւանաբար անոնք գինի ալ կը խմէին եւ իրարու լաւ առողջութիւն կը մաղթէին» (The Encyclopædia Britannica (1910), հատոր 13, էջ 121)։
Ի՞նչ կարելի է ըսել մեր օրերուն մասին։ 1995–ին, գիրքի մը մէջ ըսուած էր. «Ճիշդ է որ երբ այսօր մարդիկ կենաց խմեն, ատիկա չեն ըներ կրօնական պատճառներու համար, բայց հաւանաբար կենաց խմելը կու գայ անցեալի սովորութենէ մը, որուն ընթացքին չաստուածներուն կը զոհուէր սուրբ հեղուկ մը,– այսինքն՝ արիւն կամ գինի,– եւ աղօթք մը կը ներկայացուէր, որուն վերջաւորութեան մարդիկ իրարու լաւ առողջութիւն կը մաղթէին» (International Handbook on Alcohol and Culture)։
Բայց անշուշտ կարգ մը առարկաներ եւ սովորութիւններ, որոնք կու գան անցեալի հեթանոս կրօնքներէն, պայման չէ որ սխալ ըլլան։ Նկատի առ նուռին օրինակը։ Աստուածաշունչի ծանօթ համայնագիտարան մը կ’ըսէ. «Անցեալի հեթանոս կրօնքներուն մէջ, նուռը կը գործածուէր պաշտամունքի մէջ»։ Բայց միւս կողմէ ալ, Աստուած իսրայէլացիներէն պահանջած էր որ քահանայապետին հագուստին եզերքը դերձանով շինուած նուռեր կախէին եւ յետագային Սողոմոնի տաճարին պղնձէ սիւներուն վրայ նուռեր փորագրէին (Ելից 28։33. Դ. Թագաւորաց 25։17)։ Իսկ ամուսնութեան մատանի դնելու սովորութիւնն ալ թերեւս եկած ըլլայ հեթանոս կրօնքներէ։ Բայց այսօր մարդիկ ամուսնութեան մատանին կրօնական բան չեն սեպեր, հապա անոնք կ’ըսեն որ ատիկա պարզապէս ցոյց կու տայ որ մէկը ամուսնացած է։
Լաւ, Աստուածաշունչը ի՞նչ կ’ըսէ չաստուածներ պաշտելու ատեն գինի խմելու սովորութեան մասին։ Տեսնենք օրինակ մը։ Առիթով մը, Սիւքէմ քաղաքի Բահաղը պաշտող բնակիչները «իրենց աստուծոյն տունը մտնելով կերան ու խմեցին եւ Աբիմելէքը [Գեդէօնին որդին] անիծեցին» (Դատաւորաց 9։22-28)։ Կը կարծե՞ս որ Եհովային հաւատարիմ ծառայ մը գինի պիտի խմէր եւ Բահաղէն խնդրէր որ Աբիմելէքը պատժէր։ Առնենք ուրիշ պարագայ մը. Ամովս մարգարէն նկարագրեց ժամանակ մը, երբ շատեր Իսրայէլի մէջ Եհովային դէմ ելան, եւ ըսաւ. «Ամէն սեղանի քով գրաւ առնուած հանդերձներու վրայ կը պառկին եւ իրենց աստուածներուն տանը մէջ զրկուածներուն գինին կը խմեն» (Ամովս 2։8)։ Աստուծոյ ծառաները ասանկ բան պիտի ընէի՞ն, նո՛յնիսկ եթէ գինին որպէս զոհ թափուէր կամ խմուէր չաստուածներ պատուելու համար (Երեմիա 7։18)։ Կամ արդեօք անոնք գաւաթ մը գինի պիտի բարձրացնէի՞ն եւ չաստուածներէ խնդրէին որ մէկը օրհնէ։
Հետաքրքրական է որ Եհովա Աստուած պաշտողները ատեններ իրենց ձեռքերը բարձրացուցին իրեն, ճշմարիտ Աստուծոյ, եւ իրմէ բան մը խնդրեցին։ Կը կարդանք. «Սողոմոն Տէրոջը սեղանին առջեւ... կայնելով՝ ձեռքերը դէպի երկինք տարածեց ու ըսաւ. ‘Ո՛վ Տէր Աստուած Իսրայէլի... քեզի պէս Աստուած չկայ... քու բնակութեանդ տեղէն, երկնքէն, լսէ՛ ու լսած ատենդ ներէ՛’» (Գ. Թագաւորաց 8։22, 23, 30)։ Նոյնպէս, «Եզրաս Եհովա մեծ Աստուածը օրհնեց ու բոլոր ժողովուրդը ձեռքերնին վերցուցին ու ‘Ամէ՜ն, Ամէ՜ն’, ըսին եւ երեսնին գետինը ծռելով՝ Տէրոջը երկրպագութիւն ըրին» (Նէեմիա 8։6. Ա. Տիմոթէոս 2։8)։ Յայտնի է, որ Եհովայի հաւատարիմ ծառաները ձեռքերնին դէպի երկինք չվերցուցին որ չաստուածէ մը օրհնութիւն ստանան (Եսայի 65։11)։
Այսօր, կենաց խմողներէն շատերու մտքին մէջ չկայ չաստուածէ մը բան մը կամ օրհնութիւն խնդրել։ Բայց նոյն ատեն, անոնք չեն ալ կրնան բացատրել, որ ինչո՛ւ իրենց գաւաթները դէպի երկինք կը բարձրացնեն։ Ուրեմն, ճշմարիտ քրիստոնեայ մը ստիպուած պէտք չէ զգայ հետեւելու այս սովորութեան, պարզապէս քանի որ ուրիշներ չեն գիտեր ինչո՛ւ ատիկա կ’ընեն։
Ինչպէս թերեւս գիտես, Եհովայի վկաները ուրիշ ծանօթ սովորութիւններու ալ չեն հետեւիր։ Օրինակ, երբ շատեր դրօշակի կամ ազգային նշանի մը առջեւ բարեւի կը կենան, չեն անդրադառնար որ ատիկա պաշտամունքի կերպ մըն է։ Ճշմարիտ քրիստոնեան ուրիշներուն արգելք չ’ըլլար որ ասանկ բաներ ընէ, բայց ինքը ատոնց չի մասնակցիր։ Քանի՛ որ Եհովայի վկաները գիտեն որ այս առիթները ընդհանրապէս երբ տեղի կ’ունենան, անոնցմէ շատեր կը նախընտրեն այդ առիթներուն ներկայ չըլլալ, որ ուրիշները չվիրաւորեն։ Բայց եթէ անոնք ստիպուին ներկայ ըլլալ, անոնք կը վճռեն չմասնակցիլ որեւէ ազգայնական արարողութեան, որուն Աստուածաշունչը համաձայն չէ (Ելից 20։4, 5. Ա. Յովհաննէս 5։21)։ Ճիշդ է որ այսօր շատեր կենաց խմելը կրօնական արարողութիւն չեն սեպեր, բայց տեսանք որ քրիստոնեաները ատոր չեն մասնակցիր, քանի որ ատիկա անցեալին կրօնական արարողութիւն մըն էր եւ նոյնիսկ այսօր ատիկա կրնայ նկատուիլ օրհնութեան խնդրանք մը երկինքէն, կարծես ոչ–աստուածային ուժէ մը օգնութիւն ուզելու համար (Ելից 23։2)։