Յիսուս Աստուա՞ծ է
Յիսուս Աստուա՞ծ է
ՇԱՏԵՐ կը սեպեն որ Երրորդութիւնը քրիստոնէական կրօնքին գլխաւոր վարդապետութիւնն է, ըստ որուն՝ Հայրը, Որդին եւ սուրբ հոգին երեք անձեր են, բայց մէկ Աստուած։ Քարտինալ Ճոն Օքոնըր Երրորդութեան մասին ըսաւ. «Գիտենք որ ասիկա շատ դժուար խորհուրդ է, որ բացատրութիւն չունի եւ կարելի չէ հասկնալ»։ Ինչո՞ւ ա՛յսքան դժուար է Երրորդութիւնը հասկնալ։
Բառարան մը մէկ պատճառ կու տայ. «Ատիկա Աստուածաշունչին վրայ հիմնուած վարդապետութիւն մը չէ, քանի որ հոն չկան համարներ, որոնք ատիկա կը բացատրեն» (The Illustrated Bible Dictionary)։ Քանի՛ որ Աստուածաշունչը չի սորվեցներ որ Երրորդութիւն գոյութիւն ունի, այդ վարդապետութեան հաւատացողները յամառ կերպով փնտռած են Աստուածաշունչէն համարներ եւ նոյնիսկ ատոնք սխալ կերպով մեկնած են, որ այնպէս երեւի թէ Աստուածաշունչը կը սորվեցնէ՛ Երրորդութեան վարդապետութիւնը։
Յովհաննէս 1։1–ը կը սորվեցնէ՞ որ Երրորդութիւն կայ
Օրինակ, Յովհաննէս 1։1–ը համար մըն է, որ միշտ սխալ կերպով կը գործածուի։ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ–ին մէջ, այս համարը այսպէս եկած է. «Սկիզբէն էր Բանը ու Բանը Աստուծոյ քով էր [յունարէն, թոն թէ·ոն] եւ Բանը Աստուած էր [թէ·ոս]»։ Այս համարին մէջ կը գտնենք յունարէն թէ·ոս (աստուած) գոյականին երկու ձեւերը։ Առաջինը կը սկսի թոն յօդով, որ յունարէն լեզուի մէջ որոշիչ յօդ մըն է (հայերէնով «ը» կամ «ն» որոշիչ յօդերուն նման), եւ այդտեղ թէ·ոն կ’ակնարկէ Ամենակալ Աստուծոյ։ Իսկ երկրորդ ձեւը, այսինքն՝ թէ·ոս բառը, որոշիչ յօդ չունի։ Արդեօք դիտմա՞մբ կամ սխալմամբ։
Յովհաննէս Աւետարանը գրուեցաւ գօյնէ լեզուով (հին յունարէնով), որ որոշիչ յօդի գործածութեան նկատմամբ յատուկ օրէնքներ ունի։ Աստուածաշունչի ուսումնական Ա. Թ. Ռապըրթսըն կ’ըսէ, որ եթէ նախադասութեան մը մէջ թէ՛ ենթական եւ թէ ստորոգելին որոշիչ յօդեր ունենան, «երկուքն ալ որոշեալ են, նոյնը կը սեպուին եւ կարելի է մէկը միւսով փոխարինել եւ գործածել»։ Ռապըրթսըն օրինակ կը բերէ Մատթէոս 13։38–ը, որ կ’ըսէ. «Արտը [յունարէն, հօ ա·կրօս] աշխարհս է [յունարէն, հօ գոզմոս]»։ Քանի՛ որ երկու բառերն ալ որոշիչ յօդ ունին, յստակ կը դառնայ որ աշխարհը արտն է։
Լաւ ի՞նչ կարելի է ըսել եթէ ենթական ունի՛ որոշիչ յօդ, բայց ստորոգելին չունի,– ինչպէս որ է պարագան Յովհաննէս 1։1–ին մէջ։ Ճիշդ այդ համարը օրինակ բերելով, ուսումնական Ճէյմզ Էլըն Հյուըթ կը շեշտէ. «Այս տեսակ նախադասութեան մէջ, ենթակային եւ ստորոգելիին միջեւ տարբերութիւն կայ։ Անոնք նոյնը չեն, ոչ ալ հաւասար են, ոչ ալ ատանկ գաղափար մը կու տան»։
Իր կէտը յստակացնելու համար, Հյուըթ կը գործածէ Ա. Յովհաննէս 1։5–ը, ուր կ’ըսէ. «Աստուած լոյս է»։ Յունարէնով, «Աստուած» բառը հօ թէ·ոս բառն է, եւ ունի որոշիչ յօդ։ Բայց ֆոս բառը որ լոյս թարգմանուած է, չունի որեւէ յօդ։ Հյուըթ կ’ըսէ. «Մէկը կրնայ միշտ... Աստուած նկարագրել որպէս լոյս, բայց լոյսին համար չ’ըսուիր որ ատիկա Աստուած է»։ Նման օրինակներ կը գտնենք Յովհաննէս 4։24–ին մէջ, ուր կը կարդանք որ «Աստուած Հոգի է» եւ Ա. Յովհաննէս 4։16–ին մէջ, ուր կը կարդանք որ «Աստուած սէր է»։ Երկու համարներուն մէջ, ենթակաները որոշիչ յօդեր ունին, բայց «Հոգի» եւ «սէր» ստորոգելիները որոշիչ յօդեր չունին։ Ուրեմն այս պարագային, կարելի չէ ենթակաները եւ ստորոգելիները իրարու տեղ գործածել։ Այսինքն, այս համարները չեն նշանակեր որ «Հոգին Աստուած է» կամ «սէրը Աստուած է»։
Յովհաննէս 1։1–ը կը բացատրէ՞ թէ «Բանը» ով է
Յունարէն լեզուի շատ մը ուսումնականներ, ինչպէս նաեւ Աստուածաշունչի թարգմանիչներ կ’ընդունին որ Յովհաննէս 1։1–ը չի բացատրեր թէ «Բանը» ո՛վ է, հապա ի՛նչ տեսակ էակ է։ Աստուածաշունչի թարգմանիչ Ուիլիամ Պարգլէ կ’ըսէ. «Քանի՛ որ [Յովհաննէս առաքեալը] որոշիչ յօդ չէ դրած թէոս բառին սկիզբը, ուրեմն այդ բառը նկարագրութիւն կը սեպուի... Յովհաննէս հոս չ’ըսեր որ Բանը եւ Աստուած նոյնն են։ Պարզ խօսքերով, Յովհաննէս չ’ըսեր որ Յիսուս Աստուած է»։ Նոյնպէս, ուսումնական Ճէյսըն Տէյվիտ Պէտուն կ’ըսէ. «Յունարէնով, եթէ Յովհաննէս 1։1–ի պէս նախադասութեան մը մէջ որոշիչ յօդ չաւելցնես թէոս բառին սկիզբը, կարդացողը պիտի ենթադրէ որ դուն ըսել կ’ուզես ‘աստուած մը’... Ուրեմն, քանի որ թէոս բառը որոշիչ յօդ չունի, ատիկա տարբեր է հօ թէ·ոս բառէն, ինչպէս որ [հայերէն լեզուի մէջ] ‘աստուած մը’ բառը տարբեր է ‘Աստուած’ բառէն»։ Պէտուն կ’աւելցնէ. «Յովհաննէս 1։1–ին մէջ, Բանը ճշմարիտ միակ Աստուածը չէ, հապա աստուած մըն է, կամ ուրիշ խօսքով աստուածային էակ է»։ Ասկէ զատ, Աստուածաշնչագէտ Ճոզէֆ Հէնրի Թէյըր, որ Աստուածաշունչի անգլերէն թարգմանութեան մը վրայ աշխատած է (American Standard Version), ըսաւ. «Լոկոսը [կամ՝ Բանը] աստուածային է եւ ոչ թէ ինքն է Աստուած»։
Լաւ Աստուծոյ ով ըլլալը իրապէ՞ս «շատ դժուար խորհուրդ» է։ Յիսուս այդպէս չէր մտածեր։ Իր Հօր ուղղած աղօթքին մէջ, Յիսուս յստակ կերպով ցոյց տուաւ տարբերութիւնը իր եւ իր Հօր միջեւ, երբ ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր» (Յովհաննէս 17։3)։ Եթէ Յիսուսին հաւատանք եւ Աստուածաշունչին պարզ բացատրութիւնները հասկնանք, Յիսուսը պիտի յարգենք որպէս Աստուծոյ Որդին եւ Եհովան պիտի պաշտենք որպէս «միմիայն ճշմարիտ Աստուած»։
[Մէջբերում]
Ինչո՞ւ շատ դժուար է Երրորդութիւնը հասկնալ
[Մէջբերում]
Յիսուս յստակ կերպով ցոյց տուաւ տարբերութիւնը իր եւ իր Հօր միջեւ
[Նկար]
Եկեղեցի Թանյոնի մէջ, Ֆրանսա