Անցնիլ բովանդակութեան

Պէ՞տք է տուրքերը վճարես

Պէ՞տք է տուրքերը վճարես

Պէ՞տք է տուրքերը վճարես

ՇԱՏԵՐ չեն սիրեր տուրք վճարել, քանի որ կը զգան որ իրենց տուած դրամները պարապի կ’երթան, անձնական շահերու համար կը գործածուին կամ կը գողցուին։ Իսկ ուրիշներուն կարծիքով, այդ տուրքերը սխալ նպատակներու համար կը գործածուին։ Օրինակ՝ Միջին Արեւելքի քաղաքի մը կարգ մը բնակիչները չուզեցին տուրք վճարել, քանի որ ըսին. «Մենք կառավարութեան դրամ պիտի չտանք, որ մեր զաւակները մեռցնելու համար զէնքեր գնէ»։

Այո՛, շատեր չեն ուզեր որ իրենց տուած տուրքերը սխալ կերպով գործածուին։ Օրինակ՝ անցեալին, Հնդկաստանի մէջ առաջնորդ մը, Մոհանտէս Կանտի, ըսաւ որ ինչո՛ւ իր խիղճը չէր ներեր որ տուրքերը վճարէ։ «Ան որ կ’աջակցի պետութեան մը, որ զինուորական ուժեր կը գործածէ, ատոր մեղքերուն մասնակցած կ’ըլլայ։ Ան տուրքեր վճարելով՝ ատոր թիկունք կանգնած կ’ըլլայ»։

Ամերիկացի փիլիսոփայ՝ Հենրի Տէյվիտ Թորոն ալ մերժեց տուրքեր վճարել, որպէսզի պատերազմներուն թիկունք կանգնած չըլլայ։ Իր կարծիքով, ճիշդ չէ որ քաղաքագէտները ժողովուրդին ստիպեն որ ընեն բան մը, որ իրենց կարծիքով սխալ է։ Ան ըսաւ որ մենք պէտք է մեր խիղճին հիման վրայ մեր անձնական որոշումները առնենք։

Քրիստոնեաները տուրքեր վճարելու հարցով հետաքրքրուած են, քանի որ Սուրբ Գիրքը յստակօրէն կ’ըսէ, որ քրիստոնեաները պէտք է մաքուր խիղճ ունենան բոլոր բաներուն մէջ (Բ. Տիմոթէոս 1։3)։ Անդին, Սուրբ Գիրքը նաեւ կ’ըսէ, որ կառավարութիւնները իրաւունք ունին տուրքեր պահանջելու։ Ատիկա կ’ըսէ. «Ամէն մարդ իր վրայ եղած իշխանութիւններուն [այսինքն՝ մարդկային կառավարութիւններուն] թող հնազանդի. վասն զի չկայ իշխանութիւն մը որ Աստուծմէ չըլլայ եւ անոնք որ կան՝ Աստուծմէ կարգուած են։ Ասոր համար պէտք է հնազանդ ըլլալ, ոչ միայն բարկութեանը համար, հապա խղճմտանքի համար ալ։ Այս պատճառաւ է որ տուրք ալ կու տաք. վասն զի Աստուծոյ սպասաւորներն են այն նոյն բանին հոգ տանելու։ Ուստի հատուցանեցէ՛ք պէտք եղածը անոնց։ Որո՛ւ որ տուրք տրուելու է՝ տուրքը» (Հռովմայեցիս 13։1, 5-7

Ասոր համար, առաջին քրիստոնեաները տուրքերը կը վճարէին, հակառակ անոր որ ատոնց մեծ մասը կ’երթար զինուորական ծառայութիւններուն համար։ Այսօր ալ Եհովայի վկաները տուրքերը կը վճարեն *։ Բայց մենք ինչո՞ւ տուրքեր կը վճարենք բաներու համար, որոնց թիկունք չենք կանգնիր։ Քրիստոնեան պէտք է՞ իր խիղճը մէկ կողմ դնէ երբ որ տուրքերը կը վճարէ։

Պէ՞տք է տուրքերը վճարես

Առաջին դարուն, քրիստոնեաները մաքուր խղճմտանք ունենալու համար կը վճարէին տուրքերը, գիտնալով որ ատոնց մէկ մասը կ’երթար զինուորութեան։ Բայց խղճմտանք պարփակող այս հարցը յետագային մղեց Կանտին եւ Թորոն որ տուրք չվճարեն։

Նկատէ թէ քրիստոնեաները Հռովմայեցիս 13–րդ գլուխի պատուէրին հնազանդեցան ոչ միայն պատիժէ փախչելու համար, հապա նաեւ իրենց «խղճմտանքի[ն] համար ալ» (Հռովմայեցիս 13։5)։ Քրիստոնեային խղճմտանքը իրմէ կը պահանջէ որ տուրքերը վճարէ, նոյնիսկ եթէ ատոնք կը գործածուին գործունէութիւններու համար, որ ինք անձամբ կը մերժէ։ Հակասական թուող այս կէտը հասկնալու համար պէտք է կարեւոր բան մը գիտնանք մեր խղճմտանքին մասին, որ մեր ներքին ձայնն է, որ մեզի կ’ըսէ, թէ մեր ըրածները ճիշդ են կամ սխալ։

Ճիշդ է որ բոլորը ունին այս ներքին ձայնը, ինչպէս որ Թորոն ըսաւ, բայց ատիկա միշտ վստահելի չէ։ Որպէսզի Աստուած հաճեցնենք, մեր խղճմտանքը պէտք է իր բարոյական չափանիշներուն համապատասխան ըլլայ։ Շատ անգամ, պէտք է մեր մտածելակերպը կամ տեսակէտը փոխենք, որպէսզի Աստուծոյ մտածելակերպին համապատասխան ըլլայ, քանի որ իր մտածումները մերիններէն գերադաս են (Սաղմոս 19։7)։ Ասոր համար պէտք է ջանանք հասկնալ, թէ Աստուած ի՛նչ աչքով կը նայի մարդկային կառավարութիւններուն։ Ի՞նչ է իր տեսակէտը։

Պօղոս առաքեալ մարդկային կառավարութիւնները կոչեց «Աստուծոյ սպասաւորները» (Հռովմայեցիս 13։6)։ Ասիկա ի՞նչ ըսել է։ Գլխաւորաբար ըսել է թէ անոնք կարգուկանոնը կը պահեն եւ օգտակար ծառայութիւններ կ’ընեն մարդոց համար։ Շատ անգամ, նոյնիսկ ամէնէն գէշ կառավարութիւնները կը կազմակերպեն նամակատուներու ծառայութիւններ, կրթութիւն, օրէնքները գործադրելու միջոցառումներ եւ այլն։ Թէեւ Աստուած շատ լաւ գիտէ այս մարդկային իշխանութիւններուն թերութիւնները, բայց ժամանակաւորապէս կը հանդուրժէ անոնց գոյութիւնը եւ մեզի կը պատուիրէ որ տուրքերը վճարենք, եւ այսպիսով յարգենք իր այս կարգադրութիւնը։

Բայց Աստուած միայն ժամանակաւորապէ՛ս կը հանդուրժէ մարդկային կառավարութիւնները։ Ան կ’ուզէ որ իր երկնային Թագաւորութիւնը փոխարինէ զանոնք եւ չէզոքացնէ բոլոր այն վնասները, որ մարդկային իշխանութիւնները հասցուցած են դարերու ընթացքին (Դանիէլ 2։44. Մատթէոս 6։10)։ Մինչ այդ, Աստուած քրիստոնեաներուն իրաւասութիւն չէ տուած, որ կառավարութիւններուն անհնազանդ գտնուին տուրքերը չվճարելով կամ ուրիշ մէկ կերպով։

Թերեւս տակաւին Կանտիին պէս կը զգաս որ սխալ է տուրքեր վճարելը, քանի որ անոնց մէկ մասը կը գործածուի պատերազմները ֆինանսաւորելու համար։ Բայց յիշէ որ Աստուծոյ տեսակէտը մեր տեսակէտէն աւելի բարձր է եւ ինք կրնայ հարցերը աւելի լաւ դատել, ճիշդ ինչպէս որ բարձր տեղ մը կանգնող անձը կրնայ իր առջեւի տեսարանը ոեւէ մէկէ աւելի յստակ տեսնել։ Այս իրողութեան վրայ խոկալը մեզի կ’օգնէ, որ մեր մտածելակերպը փոխենք, որպէսզի Աստուծոյ մտածելակերպին համապատասխան ըլլայ։ Աստուած Եսայի մարգարէին միջոցաւ ըսաւ. «Որչափ երկինք երկրէն բարձր է, այնչափ իմ ճամբաներս ձեր ճամբաներէն բարձր են եւ իմ խորհուրդներս՝ ձեր խորհուրդներէն» (Եսայի 55։8, 9

Որո՞ւն պէտք է լման հնազանդինք

Ճիշդ է որ Սուրբ Գիրքը կ’ըսէ որ պէտք է տուրքերը վճարենք, բայց ասիկա ըսել չէ որ կառավարութիւնները իրաւունք ունին ժողովուրդէն պահանջելու, որ մի՛շտ իրենց հնազանդին։ Յիսուս սորվեցուց որ պէտք է կառավարութիւններուն հնազանդինք, բայց ո՛չ թէ բոլոր բաներուն մէջ։ Օրինակ, երբ որ մարդ մը իրեն հարցուց, որ պէ՞տք է տուրք վճարեն հռոմէական կառավարութեան, Յիսուս իրեն պատասխանեց. «Ա՛յն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ ա՛յն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք» (Մարկոս 12։13-17

Կայսրը կը ներկայացնէ՝ կառավարութիւնները։ Կառավարութիւնները կը տպեն եւ կ’արտադրեն դրամը։ Ասոր համար, Աստուած իրենց իրաւունք տուած է որ տուրքեր պահանջեն։ Բայց միեւնոյն ժամանակ Յիսուս ըսաւ, որ ի՛նչ որ Աստուծոյ է, պէտք է միա՛յն իրեն տանք։ Այսինքն՝ պէտք է միա՛յն զինք պաշտենք եւ իրեն համար ապրինք։ Երբ որ մարդկային օրէնքները, կամ պահանջները, հակառակին Աստուծոյ օրէնքներուն, քրիստոնեաները ‘պէտք է առաւել Աստուծոյ հնազանդին, քան թէ՝ մարդոց’ (Գործք 5։29

Ճիշդ է որ թերեւս այսօր քրիստոնեաները չեն սիրեր տուրքերուն գործածութեան կերպը, բայց անոնք չեն փորձեր կառավարութեան վրայ ճնշել կամ անոր գործերուն արգելք ըլլալ։ Ասոր համար, անոնք կառավարութեան չեն հակառակիր եւ տուրքերը կը վճարեն։ Ասանկով անոնք ցոյց կու տան թէ կը վստահին, որ Աստուած է որ մեր խնդիրները պիտի լուծէ եւ կը սպասեն իր Թագաւորութեան, որուն Թագաւորը Յիսուսն է։ Իսկ Յիսուս ըսաւ. «Իմ թագաւորութիւնս այս աշխարհէն չէ» (Յովհաննէս 18։36

Սուրբ Գիրքին ըսածին հետեւիլը օգուտներ ունի

Երբ տուրքերը վճարես, շատ մը խնդիրներէ հեռու պիտի մնաս։ Օրինակ, կառավարութիւնը քեզ անօրէն պիտի չսեպէ եւ պիտի չպատժէ (Հռովմայեցիս 13։3-5)։ Ասկէ աւելի կարեւորը, Աստուծոյ առջեւ խիղճդ հանգիստ պիտի ըլլայ եւ զինք յարգած պիտի ըլլաս։ Ճիշդ է որ անոնք՝ որոնք տուրքերը չեն վճարեր կամ տուրք վճարելու մէջ խաբեբայութիւններ կ’ընեն, կրնան քեզմէ աւելի դրամ ունենալ։ Բայց կրնաս վստահ ըլլալ, որ Աստուած քեզի հոգ պիտի տանի, քանի որ իրեն հաւատարիմ ես։ Դաւիթ թագաւոր ըսաւ. «Տղայ էի ու ծերացայ, բայց արդարը անտես եղած չտեսայ, կամ անոր զաւակը՝ հաց մուրացող» (Սաղմոս 37։25

Երբ հասկնաս թէ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կ’ըսէ տուրք վճարելու մասին եւ անոր հետեւիս, միտքդ հանգիստ պիտի ըլլայ։ Աստուած քեզ պատասխանատու չի սեպեր այն բաներուն համար, որ կառավարութիւնը կ’ընէ քու վճարած տուրքերովդ, ճիշդ ինչպէս որ օրէնքը քեզ պատասխանատու չի սեպեր այն բաներուն համար, որ տանտէրդ կ’ընէ քու վճարած վարձքովդ։ Օրինակ, Սթելվիօ անունով մարդ մը, որ կ’ապրէր Եւրոպայի հարաւը, ճշմարտութեան գալէ առաջ տարիներով փորձեց իր երկրին մէջ եղած անարդարութիւններուն դէմ դնել։ Բայց յետոյ բացատրեց, թէ ինչո՛ւ ասիկա ընելէն վազ անցաւ։ Ան ըսաւ. «Ես համոզուեցայ որ միայն մէ՛կ մարդ չի կրնար արդարութիւն, խաղաղութիւն, սէր եւ միութիւն բերել աշխարհին մէջ։ Միայն Աստուծոյ Թագաւորութի՛ւնը կրնայ աւելի լաւ աշխարհ մը բերել»։

Եթէ դուն ալ Սթելվիոյին պէս Աստուծոյ տաս ինչ որ իրեն կը պատկանի, կրնաս վստահ ըլլալ որ Աստուած արդարութիւն պիտի բերէ երկրի վրայ եւ մարդկային կառավարութիւններուն ըրած անարդարութիւններուն վնասները պիտի ջնջէ։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 6 Տեղեկութիւններ առնելու համար, թէ Եհովայի վկաները ի՛նչ անուն ձգած են տուրք վճարելու մէջ, տե՛ս Դիտարան-ի 1 նոյեմբեր 2002 թիւը, էջ 22, պարբերութիւն 15, եւ 1 օգոստոս 1996 թիւը, էջ 15, պարբերութիւն 7։

[Մէջբերում]

Պէտք է Աստուծոյ մտածելակերպը ունենանք, քանի որ իր մտածումները մեր մտածումներէն աւելի լաւ են

[Մէջբերում]

Երբ որ քրիստոնեան հնազանդօրէն տուրքերը կը վճարէ, Աստուծոյ առջեւ իր խիղճը հանգիստ կ’ըլլայ եւ կը փաստէ, թէ ինքը վստահ է որ Աստուած իր պէտքերը պիտի ապահովէ

[Նկարներ]

«Ա՛յն որ Կայսրինն է՝ Կայսրին տուէք եւ ա՛յն որ Աստուծոյն է՝ Աստուծոյ տուէք»

[Նկարին աղբիւրը]

Copyright British Museum