Անցնիլ բովանդակութեան

Ընտանեկան հաճելի կեանք մը վայելեցէք

Ընտանեկան հաճելի կեանք մը վայելեցէք

Ընտանեկան հաճելի կեանք մը վայելեցէք

Ընտանիքներ իրապէս կրնա՞ն ուրախ ըլլալ

Ի՞նչպէս կարելի է ասիկա

Ընտանիքներ կը ճանչնա՞ք, որոնք այս թղթիկին վրայ տեսնուած պատկերին պէս միացած եւ ուրախ են։ Ամէնուրեք ընտանիքներ երթալով կը քայքայուին։ Այս տագնապին նպաստող ազդակներն են՝ ամուսնալուծումը, գործի անապահովութիւնը, առանձին զաւակ մեծցնելու դժուարութիւնը եւ յուսախաբութիւնը։ Ընտանեկան կեանքի մասնագէտ մը, ողբաց. «Ներկայիս ամենուն ծանօթ են ընտանիքի քայքայման նախատեսութիւնները»։

Ինչո՞ւ ներկայիս ընտանիքները այսպիսի լուրջ խնդիրներով ռմբակոծուած են։ Ի՞նչպէս կրնանք ընտանեկան հաճելի կեանք մը ունենալ։

Ընտանիքին Ծագումը

Այս հարցումներուն պատասխանելու համար, ամուսնութեան եւ ընտանիքի ծագման ծանօթ պէտք է ըլլանք։ Քանի որ եթէ ասոնք Ծրագրող մը՝ Ստեղծիչ մը՝ ունին, այդ պարագային ընտանիքի անդամները անոր պէտք է դիմեն առաջնորդութեան համար։ Ան լաւագոյնս գիտնալու է թէ ի՛նչպէս կրնանք իրապէս ընտանեկան հաճելի կեանք մը ունենալ։

Հետաքրքրականօրէն, շատեր կը խորհին որ ընտանեկան կարգադրութիւնը Ծրագրող մը չէ ունեցած։ Ամերիքանա Համայնագիտարանը (Անգլերէն) կ’ըսէ. «Կարգ մը ուսումնականներ հակամէտ են ամուսնութեան ծագման հետքը տեսնել, մարդէն ստորին եղող անասնական զուգաւորման կարգադրութեանց մէջ»։ Սակայն, Յիսուս Քրիստոս մարդուն ու կնկան ստեղծման մասին խօսեցաւ։ Ան որպէս հեղինակութիւն Աստուածաշունչի սկզբնական արձանագրութենէն մէջբերելով, ըսաւ. «Զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ»։—Մատթէոս 19։4-6

Այո, Յիսուս Քրիստոս իրաւունք ունէր։ Մտացի Աստուած մը ստեղծեց առաջին մարդիկը եւ ընտանեկան երջանիկ կեանքի մը կարգադրութիւնը ըրաւ։ Աստուած մարդկային առաջին զոյգը ամուսնութեամբ միացուց եւ ըսաւ որ այրը «իր կնոջ պիտի յարի ու մէկ մարմին պիտի ըլլան»։ (Ծննդոց 2։22-24) Արդ, կրնա՞յ ըլլալ որ ընտանեկան ներկայ խնդիրներուն պատճառը, իր Խօսքին՝ Աստուածաշունչին՝ մէջ Ստեղծիչին տուած չափանիշները բռնաբարող ապրելակերպ մը հետապնդելուն հետեւանքն է։

Ի՞նչպէս Յաջողիլ

Անկասկած կը գիտակցիք որ արդի աշխարհը կը քաջալերէ անձնական շահը եւ անձնական յաջողութիւնը։ «Ագահութիւնը օգտակար է», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու ելեւմտագէտ մը, համալսարանական շրջանաւարտներու։ «Կրնաք ագահ ըլլալ եւ դուք ձեզ լաւ զգալ»։ Բայց նիւթական ստացուածքներ հետապնդելը յաջողութեան չ’առաջնորդեր։ Ընդհակառակը, նիւթապաշտութիւնը ընտանեկան կեանքին սպառնացող մեծագոյն վտանգներէն մէկն է, քանի որ անիկա մարդկային փոխյարաբերութեան կ’ազդէ եւ մարդոց ժամանակը եւ դրամը կը վատնէ։ Նկատի առէք թէ Աստուածաշունչի միայն երկու առածներ ի՛նչպէս մեզի կ’օգնեն ուրախութեան նպաստող բաները տեսնելու։

«Աւելի աղէկ է սէր եղած տեղը խոտեղէն կերակուրը, քան թէ գէր զուարակը՝ ատելութիւնով»։

«Աղէկ է պատառ մը չոր հաց խաղաղութիւնով, քան թէ տուն մը լեցուն զոհեր՝ կռիւով»։

Առակաց 15։17. 17։1

Իմաստալից խօսքեր են, այդպէս չէ՞։ Միայն խորհեցէք որ աշխարհը որքա՜ն տարբեր պիտի ըլլար, եթէ իւրաքանչիւր ընտանիք այսպիսի բաներու նախապատուութիւն տար։ Աստուածաշունչը նաեւ արժէքաւոր ուղեցոյցներ կու տայ, ընտանիքի անդամներու իրարու հետ վերաբերմունքին մասին։ Անոր տուած քանի մը խրատները նկատի առնենք։

Ամուսիններ. ‘Ձեր կիները սիրեցէք ձեր մարմիններուն պէս’։—Եփեսացիս 5։28-30

Պարզ, բայց շա՛տ գործնական խրատ մը։ Աստուածաշունչը նաեւ կը յորդորէ ամուսինները որ ‘յարգեն իրենց կիները’։ (Ա. Պետրոս 3։7) Ամուսին մը ասիկա կրնայ ընել, իր կնոջ մասնաւոր ուշադրութիւն ընծայելով, այսինքն, անոր հանդէպ գուրգուրանք, հասկացողութիւն եւ վստահութիւն ցոյց տալով։ Նաեւ արժէք տալով անոր կարծիքներուն եւ անոր մտիկ ընելով։ (Բաղդատել՝ Ծննդոց 21։12։) Չէ՞ք խորհիր որ ամէն ընտանիք պիտի օգտուէր, եթէ ամուսինը իր կնոջ հանդէպ նկատողութեամբ վարուէր, ինչպէս կ’ուզէր որ ուրիշներ իրեն հետ վարուէին։—Մատթէոս 7։12

Կիներ. ‘Ձեր այրէն ակնածեցէք’։—Եփեսացիս 5։33

Կին մը ընտանեկան երջանկութեան կը նպաստէ, իր ամուսնոյն օգնելով որ իր ծանր պատասխանատուութիւնները կրէ։ Ան այս նպատակով ստեղծուած էր, քանի որ Աստուած կինը որպէս մարդուն «օգնական» տուաւ։ (Ծննդոց 2։18) Խորհեցէք որ կին մը ի՜նչ մեծ օրհնութիւն մը կրնայ ըլլալ իր ընտանիքին, երբ յարգէ իր ամուսինը, անոր որոշումներուն թիկունք կանգնելով եւ ընտանեկան ծրագիրները իրագործելու մէջ անոր հետ համագործակցելով։

Ամուսնական Կողակիցներ. ‘Ամուսնութիւնը բոլորովին պատուական է ու անկողինը անարատ է’։—Եբրայեցիս 13։4

Երբ իրարու հաւատարիմ ըլլան, ասիկա մեծապէս կը նպաստէ ընտանեկան կեանքին։ Ընդհանրապէս շնութիւնը կը քանդէ ընտանիք մը։ (Առակաց 6։27-29, 32) Հետեւաբար, Աստուածաշունչը իմաստունօրէն կը յորդորէ. «Քու երիտասարդութեանդ կնոջը հետ ուրախ եղիր։ . . . Ինչո՞ւ . . . օտար կնոջ մը սիրովը զմայլիս»։—Առակաց 5։18-20

Ծնողներ. ‘Կրթեցէք [ձեր զաւակները] իրենց ճամբան սկսած ատենը’։—Առակաց 22։6

Երբ ծնողներ իրենց զաւակներուն ժամանակ եւ ուշադրութիւն ընծայեն, ընտանեկան կեանքը վստահաբար կը բարելաւուի։ Անոր համար Աստուածաշունչը կը յորդորէ ծնողները, որպէսզի իրենց զաւակներուն շիտակ սկզբունքներ սորվեցնեն, ‘տան մէջ նստած ատեն, ճամբան քալած ատեն եւ պառկելու ու ելլելու ատեն’։ (Բ. Օրինաց 11։19) Աստուածաշունչը նաեւ կ’ըսէ որ ծնողներ իրենց զաւակներուն հանդէպ սէր ցոյց տան, զանոնք կրթելով։—Եփեսացիս 6։4

Զաւակներ. «Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք Տէրոջմով»։—Եփեսացիս 6։1

Այս անօրէն աշխարհին մէջ, ձեր ծնողներուն հնազանդ ըլլալը միշտ դիւրին չէ։ Սակայն, չէ՞ք համաձայնիր որ պէտք է ընենք ինչ որ ընտանիքին ծագում Տուողը կ’ըսէ մեզի։ Ինք գիտէ թէ մեր ընտանեկան կեանքը աւելի երջանիկ ըլլալու համար լաւագոյն բանը ի՛նչ է։ Ուստի, շատ ջանք ըրէք որ ձեր ծնողներուն հնազանդիք։ Վճռեցէք խուսափիլ չարութիւն ընելու աշխարհային որեւէ փորձութենէ։—Առակաց 1։10-19

Ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ որքանով որ կիրարկէ Աստուածաշունչի խրատները, ընտանիքը այդքան պիտի օգտուի։ Ընտանիքը ո՛չ միայն աւելի լաւ կեանք մը պիտի վայելէ հիմա, այլ, անիկա Աստուծոյ խոստացած նոր աշխարհին մէջ հոյակապ ապագայի մը ակնկալութիւնը պիտի ունենայ։ (Բ. Պետրոս 3։13. Յայտնութիւն 21։3, 4) Ուստի, միասնաբար Աստուածաշունչը սերտելը, ընտանեկան սովորութիւն դարձուցէք։ Համայն աշխարհի մէջ, միլիոնաւոր ընտանիքներ, Ընտանեկան Ուրախութեան Գաղտնիքը գրքին մէջ տրուած առաջնորդութենէն իրապէս օգտուած են։

Աստուածաշունչի գործածուած թարգմանութիւնը Արեւմտահայերէն Վերստուգուած Թարգմանութիւն–ն է։