Անցնիլ բովանդակութեան

Կեանքը ինչո՞ւ այսքան լեցուն է խնդիրներով

Կեանքը ինչո՞ւ այսքան լեցուն է խնդիրներով

Թագաւորութեան լուրեր. թիւ 34

Կեանքը ինչո՞ւ այսքան լեցուն է խնդիրներով

Դրախտի մը մէջ խնդիրներէ զերծ կեանք մը կարելի՞ է

ԼՈՒՐՋ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ՎԱՏԹԱՐԱՆԱՆ

Մարդիկ միշտ խնդիրներ ունեցած են։ Թէեւ շատեր կը խորհէին որ արդի արուեստագիտութիւնը պիտի կարենար զանոնք լուծել, բայց լուրջ խնդիրները կը վատթարանան։

Ոճիր. Քիչեր ապահով կը զգան, երբ փողոցը կը քալեն կամ նոյնիսկ երբ իրենց տանը մէջ նստած են։ Այս վերջին տարիներուն, Եւրոպական երկրի մը մէջ, մօտ երեք անհատներէն մէկը ոճիրի մը զոհ դարձած էր։

Միջավայր. Օդի, հողի եւ ջուրի ապականութիւնը երթալով աւելի լայնատարած է։ Զարգացումի վրայ եղող երկիրներու բնակչութեան մէկ չորրորդը ըմպելի ջուր չունի։

Աղքատութիւն. Որեւէ ժամանակէ աւելի աղքատ ու անօթի մարդիկ կան։ Կարգ մը երկիրներու բնակչութեան 90 տոկոսէ աւելին աղքատութեան մէջ կ’ապրին. աշխարհի գործունեայ ձեռքերուն 30 տոկոսը, շուրջ 800 միլիոնը, անգործ են կամ բաւարար աշխատանք չունին, իսկ այս թիւերը կ’աւելնան։

Անօթութիւն. Նոյնիսկ երբ դուք բաւական ուտելիք ունիք, բայց աւելցող միլիոնաւորներու պարագան այս չէ։ Չզարգացած երկիրներու մէջ, ամէն տարի առնուազն 13 միլիոն անհատներ, մեծամասնութեամբ երախաներ, անօթութեան հետեւանքներէ կը մահանան։

Պատերազմ. Վերջերս տեղի ունեցած ազգագրական բռնութիւններու ընթացքին, հարիւր հազարաւոր անհատներ սպաննուած են։ Իսկ Ի. դարուն, պատերազմները հարիւր միլիոնէ աւելի անհատներ սպաննած են։

Ուրիշ Խնդիրներ. Վերոյիշեալներուն վրայ կ’աւելնան ընտանիքի վատթարացող քայքայումը, չամուսնացած մայրերու աճը, անտուններու յաւելումը, թմրեցուցիչի մոլութեան լայնատարածութիւնը եւ անբարոյութեան բարձր վերելքը։ Տեղին ըլլալով, Միացեալ Նահանգներու Դահլիճի նախկին անդամ մը ըսաւ. «Պարզապէս շատ նշաններ կան թէ ... քաղաքակրթութիւնը եղծանուած է»։ Այս վերջին 30 տարիներուն, Միացեալ Նահանգներու բնակչութիւնը 41 տոկոս աւելցած է, մինչ վայրագ ոճիրները հասած են 560 տոկոսի, ապօրինի ծնունդները՝ 400 տոկոսի, ամուսնալուծումները՝ 300 տոկոսի, իսկ պատանեկան անձնասպանութեան թիւը 200 տոկոսէ աւելի եղած է։ Ուրիշ երկիրներու մէջ պարագան նոյնն է։

Խնդիրները Ինչո՞ւ Վատթարացած Են

Մեր Ստեղծիչը պատասխանը կը հայթայթէ։ Իր Խօսքը խնդիրներով լեցուն այս ժամանակները կը կոչէ «վերջին օրեր», շրջան մը՝ երբ «չար ժամանակներ» պիտի ըլլային։ (Բ. Տիմոթէոս 3։1) Ի՞նչ բանի վերջին օրերը։ Աստուածաշունչը կը խօսի «աշխարհիս վերջին» մասին։—Մատթէոս 24։3

Ներկայիս վատթարացող խնդիրները յստակօրէն կ’ապացուցանեն որ իրերու այս դրութեան վերջը, մէջը ըլլալով՝ չարութեան եւ անոր գոյութեան պատճառ եղողներուն վերջը, մօտ է։ (Մատթէոս 24։3–14. Բ. Տիմոթէոս 3։1–5. Յայտնութիւն 12։7–12) Աստուած շուտով պիտի միջամտէ եւ հոգ պիտի տանի որ ներկայ բոլոր խնդիրները ամբողջովին լուծուին։—Երեմեայ 25։31–33. Յայտնութիւն 19։11–21

ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԻ ԿՐՕՆՔՆԵՐԸ ՁԱԽՈՂԱԾ ԵՆ

Փոխանակ ներկայ խնդիրները լուծելու մէջ օգնելու, այս աշխարհի կրօնական դրութիւնները կ’աւելցնեն զանոնք։ Պատերազմներու ընթացքին, Կաթողիկէներ միլիոններով ուրիշ Կաթողիկէներ կը սպաննեն, իսկ Բողոքականներ՝ ուրիշ Բողոքականներ։ Տակաւին վերջերս, Րվանտայի մէջ, ուր մեծամասնութիւնը Կաթողիկէ է, մարդիկ հարիւր հազարներով մէկզմէկ սպաննեցին։ (Տես լուսանկարը, ձախին։)

Արդեօք Յիսուս զէնքով մը կամ թուրով մը պատերազմի գացած պիտի ըլլա՞ր իր ազգութենէն տարբեր եղող իր աշակերտները սպաննելու համար։ Վստա՛հաբար ոչ։ «Ան որ Աստուած կը սիրէ», կ’ըսէ Աստուածաշունչը, «իր եղբայրն ալ պէտք է սիրէ»։ (Ա. Յովհաննու 4։20, 21) Այս աշխարհի կրօնքները ասոր մէջ ձախողած են։ Անոնք «կը խոստովանին թէ Աստուած կը ճանչնան, բայց իրենց գործերովը կ’ուրանան»։—Տիտոս 1։16

Ասկէ զատ, Աստուածաշունչի բարոյական չափանիշներուն իրապէս զօրավիգ չկանգնելով, աշխարհի կրօնքները համայն աշխարհի բարոյական ցնցիչ քայքայման կը նպաստեն։

Յիսուս ըսաւ որ մենք կրնանք սուտ կրօնքը ճշմարիտ կրօնքէն զանազանել «իր պտուղէն»՝ անոր անդամներուն վարմունքէն։ Ան նաեւ ըսաւ. «Ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի տար, կը կտրուի ու կրակը կը ձգուի»։ (Մատթէոս 7։15–20) Աստուծոյ Խօսքը կը յորդորէ մեզ որ չար պտուղ տուող եւ, հետեւաբար, կործանում դիմագրաւող կրօնքէն փախչինք։—Յայտնութիւն 18։4

Ճշմարիտ Կրօնքը Չէ Ձախողած

Ճշմարիտ կրօնքը «բարի պտուղ» կու տայ, մասնաւորաբար սէր։ (Մատթէոս 7։17. Յովհաննու 13։34, 35) Քրիստոնեաներու ո՞ր միջազգային եւ միացեալ եղբայրակցութիւնը այսպիսի սէր կը գործադրէ։ Որո՞նք կը մերժեն իրենց կրօնքին պատկանող կամ չպատկանող անհատները սպաննել։—Ա. Յովհաննու 3։10–12

Եհովայի Վկաները այդ «բարի պտուղ»ը տալու համբաւը ունին։ Ամբողջ երկրագունդին վրայ, աւելի քան 230 երկիրներու մէջ, անոնք «իրենց սուրերէն խոփեր» շինած են։ (Եսայեայ 2։4) Անոնք մարդոց հանդէպ իրենց սէրը նաեւ կը ցուցաբերեն համայն աշխարհի մէջ Աստուծոյ Թագաւորութեան «բարի լուր»ը քարոզելու Քրիստոսի պատուէրին հնազանդելով։ (Մատթէոս 24։14) Անոնք նաեւ կը գործադրեն ու կը ջատագովեն Աստուածաշունչի սորվեցուցած բարձր բարոյական սկզբունքները։—Ա. Կորնթացիս 6։9–11

Ճշմարիտ կրօնքը չէ ձախողած։ Անիկա մարդիկը կ’ուղղէ մարդկութեան խնդիրները լուծելու միակ կարող Եղողին։ Ան շուտով բոլորովին նոր աշխարհ մը պիտի հաստատէ։ Ո՞վ է Ան։ (Հաճեցէք յաջորդ էջին նայիլ։)

ԴՐԱԽՏԻՆ ՄԷՋ ԽՆԴԻՐՆԵՐԷ ԶԵՐԾ ԿԵԱՆՔ ՄԸ ՎՍՏԱՀԵԼԻ Է

Եթէ դուք կարենայիք, մարդկութիւնը հարուածող բոլոր խնդիրները պիտի չլուծէի՞ք։ Անշուշտ պիտի ընէիք։ Արդեօք մեր սիրալիր Ստեղծիչը, որ մարդկութեան խնդիրները լուծելու միակ զօրութիւնն ու իմաստութիւնը ունի, ասիկա պիտի չընէ՞։

Աստուածաշունչը կը յայտնէ որ Աստուած մարդոց գործերուն պիտի միջամտէ, Յիսուս Քրիստոսի յանձնուած իր երկնային կառավարութեան միջոցաւ։ Անիկա երկրի եղծանուած կառավարութիւնները «պիտի փշռէ»։ (Դանիէլ 2։44. Մատթէոս 6։9, 10) Ինչո՞ւ։ Իր խօսքը Աստուծոյ ուղղելով, սաղմոսերգուն կը պատասխանէ. «Որպէսզի գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ»։—Սաղմոս 83։18

Երբ այս աշխարհը վերջ գտնէ, վերապրողներ պիտի ըլլա՞ն։ «Աշխարհս ալ կ’անցնի», կ’ըսէ Աստուածաշունչը, «բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։ (Ա. Յովհաննու 2։17) Այս վերապրողները ո՞ւր յաւիտեան պիտի ապրին։ Աստուածաշունչը կը պատասխանէ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։—Սաղմոս 37։9–11, 29. Առակաց 2։21, 22

Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ, «ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ»։ (Յայտնութիւն 21։4) Այլեւս ոճիր, աղքատութիւն, անօթութիւն, հիւանդութիւն, վիշտ, կամ մահ պիտի չըլլայ։ Այո, նո՛յնիսկ մեռելները պիտի վերակենդանանան։ «Յարութիւն պիտի ըլլայ»։ (Գործք 24։15) Իսկ երկիրը բառացի դրախտի մը պիտի վերածուի։—Եսայեայ 35։1, 2. Ղուկաս 23։43

Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ կեանքը վայելելու համար ի՞նչ պէտք է ընենք։ Յիսուս ըսաւ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր»։ (Յովհաննու 17։3) Համայն աշխարհի մէջ միլիոնաւոր պարկեշտ սրտով անհատներ այդ գիտութիւնը կը ստանան։ Ասիկա կարող կը դարձնէ անոնց որ իրենց շատ մը անձնական խնդիրներուն հետ հիմա իսկ գլուխ ելլեն, բայց աւելի կարեւորը, անիկա անոնց իրապէս կը հաւաստիացնէ որ այն խնդիրները, որոնց լուծումը իրենց կարողութենէն վեր է, բոլորովին պիտի լուծուին Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ։

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 2]

WHO photo by P. Almasy

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 3]

Jerden Bouman/Sipa Press