Անցնիլ բովանդակութեան

Նոր հազարամեակը. ապագան ի՞նչ կը վերապահէ ձեզի համար

Նոր հազարամեակը. ապագան ի՞նչ կը վերապահէ ձեզի համար

Թագաւորութեան լուրեր. թիւ 36

Նոր հազարամեակը. ապագան ի՞նչ կը վերապահէ ձեզի համար

Նոր Դարաշրջանի մը Արշալո՞յսը

ՔՍԱՆԵՐՈՐԴ դարը վերջ գտաւ 31 Դեկտեմբեր 1999–ին։ * Անիկա շատ վերիվայրումներով լեցուն դար մը եղաւ։ Բայց միեւնոյն ատեն նոր արուեստագիտութիւններու, բժշկական շշմեցուցիչ յառաջդիմութիւններու, տեղեկութեանց տարափի եւ արագօրէն աճող համերկրային տնտեսութեան արշալոյսը տեսաւ։ Հետեւաբար, շատեր նոր հազարամեակը ողջունեցին որպէս յոյսի եւ փոփոխութեան խորհրդանիշ մը։ Կրնա՞յ ըլլալ որ անիկա վերջ դնէ պատերազմին, աղքատութեան, միջավայրի ապականութեան եւ հիւանդութեան։

Շատեր այս յոյսերով են։ Բայց որքա՞ն հաւանական է որ նոր հազարամեակը օգտակար փոփոխութիւններ բերէ, փոփոխութիւններ՝ որոնք կեանքը աւելի ապահով պիտի ընեն ձեզի եւ ձեր ընտանիքին համար։ Նկատի առնենք մեր դիմագրաւած քանի մը խնդիրներուն հսկայական տարողութիւնը։

Ապականութիւն

Արդիւնաբերական երկիրներ «համերկրային տարողութեամբ միջավայրի վնաս եւ լայնատարած ապականութիւն ու կենսածիրի քայքայում կը պատճառեն»։ Եթէ ներկայ հոսանքը շարունակուի «բնութեան միջավայրը հետզհետէ աւելի լարուած վիճակ պիտի ունենայ»։—«Համերկրային Միջավայրի Աշխարհահայեացք—2000», Միացեալ Ազգերու Միջավայրի Ծրագիր։

Հիւանդութիւն

«Մինչեւ 2020–ը, կ’ակնկալուի որ զարգացումի վրայ եղող շրջաններու մէջ, իւրաքանչիւր տասը մահերէն եօթն՝ ոչ–փոխանցիկ հիւանդութիւններու պատճառաւ ըլլան, մինչդեռ ներկայիս համեմատութիւնը կէսէն նուազ է»։—«Հիւանդութեան Համերկրային Բեռը», Հարվըրտ Եունիվըրսիթի Բրէս, 1996։

Կարգ մը մասնագէտներ կ’ըսեն թէ «մինչեւ 2010–ը, ամենախիստ համաճարակ [ԷՅՏԾ] ունեցող 23 երկիրներուն մէջ, 66 միլիոն մարդ նուազ պիտի ըլլայ»։—«ԷՅՏԾ–ը Դիմագրաւել. Զարգացումի Վրայ Եղող Աշխարհէն Իրողութիւններ», Եւրոպական Յանձնաժողովի եւ Աշխարհի Դրամատան տեղեկագրութիւն։

Աղքատութիւն

«Մօտաւորապէս 1.3 միլիառ անհատներ, օրական մէկ տոլարէն նուազ եկամուտով կ’ապրին, իսկ մօտ 1 միլիառը իրենց անմիջական պարենաւորման պահանջները չեն կրնար լեցնել»։—«Մարդկային Աճի 1999–ի Տեղեկագրութիւն», Միացեալ Ազգերու Աճումի Ծրագիր։

Պատերազմ

«[Այլազան] երկիրներու միջեւ բռնութիւնը աննախընթաց մակարդակի հասած է։ Տոհմային, ցեղային եւ կրօնական [բաժանումներէ] ծնունդ առած, ... այս բռնութիւնը ... ամենէն սովորական պայքարը պիտի ըլլայ յաջորդ քառորդ դարուն մէջ ..., ամէն տարի հարիւր հազարաւոր անհատներ սպաննելով»։—«Գալիք Նոր Աշխարհը. 21–րդ Դարուն Ամերիկեան Ապահովութիւն», Ազգային Ապահովութեան Մ.Ն. Յանձնաժողով/21–րդ Դար։

Հետեւաբար, նոր հազարամեակին պատճառած աղմուկն ու յուզումը կը ծածկէ այն իրողութիւնը թէ ապականութիւնը, հիւանդութիւնը, աղքատութիւնն ու պատերազմը որեւէ ատենէ աւելի կը սպառնան։ Այս խնդիրներուն բուն արմատը ագահութիւնը, անվստահութիւնը ու անձնասիրութիւնն է, բնաւորութեան գծեր՝ որոնք գիտական հետազօտութեամբ, արուեստագիտութեամբ կամ քաղաքականութեամբ չեն կրնար չէզոքացուիլ։

ՀԱԶԱՐԱՄԵԱԿԸ ՈՐ ՊԻՏԻ ՕՐՀՆԷ ՄԱՐԴԿՈՒԹԻՒՆԸ

ՎԱՂԵՄԻ գրող մը առիթով մը դիտել տուաւ. «Մարդուն ճամբան իր ձեռքը չէ, քալող մարդը իր քալուածքը շտկելու կարող չէ»։ (Երեմեայ 10։23) Մարդը ոչ միայն երկիրը ղեկավարելու կարողութիւնը չունի, այլ նաեւ՝ իրաւունքը։ Միայն մեր Արարիչը՝ Եհովա Աստուած, իրաւունքը ունի եւ մարդկային խնդիրները լուծելու կերպը գիտէ։—Հռովմայեցիս 11։33-36. Յայտնութիւն 4։10բ

Բայց ե՞րբ եւ ի՞նչպէս պիտի ընէ։ «Վերջին օրեր»ուն վախճանը մօտ ըլլալուն ապացոյցը ջախջախիչ է։ Բարեհաճեցէք բանալ ձեր Աստուածաշունչը ու կարդալ Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ը։ Հոն վառ կերպով կը նկարագրէ այս «դժուար ժամանակներ»ուն մարդոց ցուցաբերելիք անձնաւորութեան գծերը։ Մատթէոս 24։3-14–ն ու Ղուկաս 21։10, 11–ն ալ կը նկարագրեն «վերջին օրեր»ը։ Այս համարներուն մէջ շեշտը դրուած է 1914–էն ի վեր տեղի ունեցող դէպքերուն վրայ, ինչպէս՝ համերկրային պատերազմներ, համաճարակներ եւ լայնատարած ուտելիքի պակաս։

Շատ շուտով «վերջին օրեր»ը վերջ պիտի գտնեն։ Դանիէլ 2։44–ը կ’ըսէ. «Երկնքի Աստուածը ուրիշ թագաւորութիւն մը պիտի հանէ, որ յաւիտեան պիտի չաւերուի։ ... Անիկա այս բոլոր թագաւորութիւնները պիտի փշրէ ու պիտի հատցնէ ու ինք յաւիտեան պիտի մնայ»։ Ուստի, նախագուշակուած էր որ երկիրը կառավարելու համար Աստուած Թագաւորութիւն մը, կամ կառավարութիւն մը, պիտի հաստատէր։ Յայտնութիւն 20։4–ի համաձայն, այս կառավարութիւնը հազար տարի՝ հազարամեակ մը կը տիրէ։ Նկատի առէք միայն քանի մը կեանքի պայմաններ, որոնք այս փառաւոր Հազարամեակի ընթացքին պիտի բարեփոխուին մարդկութեան համար.

Տնտեսական Վիճակ. «Տուներ պիտի շինեն ու պիտի բնակին, այգիներ պիտի տնկեն ու անոնց պտուղը պիտի ուտեն։ Անոնք պիտի չշինեն, որպէս զի ուրիշները բնակին, անոնք պիտի չտնկեն, որպէս զի ուրիշները ուտեն»։—Եսայեայ 65։21, 22

Առողջական Վիճակ. «Այն ատեն կոյրերուն աչքերը պիտի բացուին ու խուլերուն ականջները պիտի բացուին։ Այն ատեն կաղը եղջերուի պէս պիտի ցատկռտէ ու համրին լեզուն օրհնութիւն պիտի երգէ»։ «Հոն բնակողը պիտի չըսէ. ‘Հիւանդ եմ’»։Եսայեայ 33։24. 35։5, 6

Միջավայր. Աստուած «պիտի ապականէ երկիրը ապականողները»։—Յայտնութիւն 11։18

Մարդկային Յարաբերութիւններ. «Անոնք պիտի չվնասեն ու չապականեն իմ բոլոր սուրբ լերանս վրայ. քանզի երկիրը Տէրոջը գիտութիւնովը պիտի լեցուի, ինչպէս ջուրերը ծովը կը ծածկեն»։—Եսայեայ 11։9

Միլիոնաւոր անհատներ Աստուածաշունչի այս խոստումներուն կը հաւատան եւ լաւատես ու դրական տեսակէտ մը որդեգրած են ապագայի նկատմամբ։ Որպէս հետեւանք, անոնք աւելի լաւ կերպով ձեռք կ’առնեն կեանքի ճնշումներն ու խնդիրները։ Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կրնայ ձե՛ր կեանքին մէջ ալ ուղղութիւն տուող ոյժ մը ըլլալ։

Գիտութիւնը որ կեանքի կ’առաջնորդէ

ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ եւ արուեստագիտութիւնը երբեմն շլացուցիչ կրնան ըլլալ։ Այսուհանդերձ, մարդկային գիտութիւնը շատերուն համար կեանքը ապահով եւ ուրախ չէ դարձուցած։ Միակ գիտութիւնը որ կրնայ ասիկա իրագործել նկարագրուած է Աստուածաշունչին Յովհաննու 17։3–ի մէջ, ուր կ’ըսէ. «Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր»։

Այս գիտութիւնը Աստուածաշունչի էջերուն մէջ կը գտնուի։ Թէեւ շատեր այդ սրբազան գրքին հանդէպ զօրաւոր կարծիքներ կ’արտայայտեն, բայց քիչեր են որ անձնապէս քննած են զայն։ Ի՞նչ կրնայ ըսուիլ ձեր մասին։ Ճիշդ է որ Աստուածաշունչ կարդալը որոշ ջանք կը պահանջէ։ Բայց կ’արժէ այդ ջանքը թափել։ Աստուածաշունչը միակ գիրքն է որ «Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու եւ արդարութեան մէջ խրատելու համար»։—Բ. Տիմոթէոս 3։16

Արդ, ի՞նչպէս կրնաք ծանօթանալ Աստուածաշունչին հետ։ Եհովայի Վկաներուն մատուցած օգնութիւնը ընդունեցէք։ Անոնք ձրիօրէն միլիոնաւոր մարդոց կը սորվեցնեն իրենց տան մէջ։ Ասոր համար անոնք կը գործածեն Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած այլազան գրականութիւններ, ինչպէս՝ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկը։ Անիկա համառօտ կերպով կը պատասխանէ Աստուածաշունչի մասին ձեր ունեցած շատ հարցումներուն, ինչպէս՝ Ո՞վ է Աստուած։ Երկրի նկատմամբ ի՞նչ է Աստուծոյ նպատակը։ Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Աստուածաշունչը ի՞նչպէս կրնայ բարելաւել ձեր ընտանեկան կեանքը։

Եթէ կը փափաքիք որ Եհովայի Վկայ մը ձեզի այցելէ, հաճեցէք ներքեւի կտրօնը լեցնել։ Անոնք ուրախութեամբ յաւելեալ տեղեկութիւն պիտի տան ձեզի, Աստուծոյ Թագաւորութեան Հազարամեայ փառաւո՛ր Իշխանութեան մասին։

□ Կը փափաքիմ ստանալ՝ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկը. նշեցէք լեզուական նախընտրութիւնը

□ Հաճեցէք հետս կապ պահել Աստուածաշունչի ձրի ուսումնասիրութեան մը համար

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 4 Մենք հոս՝ նոր հազարամեակի շուրջ Արեւմտեան երկիրներու ժողովրդական տեսակէտին է որ ակնարկութիւն կ’ընենք։ Նոր հազարամեակը, բառին բուն առումով, կը սկսի 1 Յունուար 2001–ին։