Ո՛վ երիտասարդներ. ի՞նչպէս պիտի գործածէք ձեր կեանքը
Ո՛վ երիտասարդներ. ի՞նչպէս պիտի գործածէք ձեր կեանքը
«Կ’ՈՒԶԵՄ կեանքէն լաւագոյնս օգտուիլ»։ Այսպէս կ’արտայայտուի պատանուհի մը։ Անկասկած ձեր փափաքն ալ այս է։ Բայց արդեօք ի՞նչպէս կրնաք կեանքէն «լաւագոյնս» օգտուիլ։ Լրատուամիջոցները եւ ձեր հասակակիցները, թերեւս նոյնիսկ ձեր ուսուցիչները, կրնան ըսել որ ասիկա կարելի կ’ըլլայ շատ դրամ շահելով եւ կարկառուն ասպարէզ մը ունենալով. յաջողակ մէկը դառնալով։
Սակայն Աստուածաշունչը երիտասարդներուն ուշադրութեան կը յանձնէ, թէ նիւթական յաջողութեան ետեւէ վազելը պարզապէս «քամիի աշխատանք է»։ (Ժողովող 4։4, Արարատ) Այս պատճառով ալ շատ քիչ երիտասարդներ իրապէս հարստութիւն եւ համբաւ կը վաստկին։ Իսկ անոնք որ իրապէս ձեռք կը ձգեն զանոնք, յաճախ շատ յուսախաբ կ’ըլլան։ Ակադեմական կարկառուն ասպարէզ հետապնդած Բրիտանացի երիտասարդ մը կ’ըսէ. «Անիկա պարապ տուփի կը նմանի։ Անգամ մը որ անոր մէջը նայիս, բան մը չես գտներ»։ Ճիշդ է որ գործ մը երբեմն հարստութիւն եւ համբաւ կրնայ բերել։ Բայց անիկա ձեր «հոգեւոր պէտքեր»ը չի գոհացներ։ (Մատթէոս 5։3, ՆԱ) Ասկէ զատ, Ա. Յովհաննէս 2։17–ն կը զգուշացնէ թէ ‘աշխարհս կ’անցնի’։ Այս աշխարհին մէջ եթէ նոյնիսկ յաջողութեան տիրանաք, անիկա կարճատեւ պիտի ըլլայ։
Անոր համար Ժողովող 12։1–ը հետեւեալ յորդորը կու տայ երիտասարդներուն. «Քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ»։ Այո, ձեր կեանքը լաւագոյնս կրնաք գործածել Եհովա Աստուծոյ ծառայութեան մէջ։ Բայց Աստուծոյ ծառայելու համար նախ որակեալ պէտք է ըլլաք։ Ի՞նչպէս կրնաք որակեալ ըլլալ, եւ Աստուծոյ ծառայելը ի՞նչ կը բովանդակէ։
Եհովայի վկայ մը ըլլալու որակեալ ըլլալ
Ամէն բանէ առաջ, Աստուծոյ ծառայելու փափաք մը պէտք է մշակէք. այս փափաքը ինքնաբերաբար չի գար, նոյնիսկ երբ Քրիստոնեայ ծնողներ ունիք։ Եհովայի հետ անձնապէս յարաբերութիւն պէտք է մշակէք։ «Աղօթքը ձեզի կ’օգնէ որ Եհովայի հետ անձնական յարաբերութիւն ունենաք», կ’ըսէ պատանուհի մը։—Սաղմոս 62։8. Յակոբոս 4։8
Հռովմայեցիս 12։2–ը առնուելիք ուրիշ քայլ մը մեր ուշադրութեան կը յանձնէ։ Հոն կ’ըսէ. «Քննեցէք թէ ի՞նչ է Աստուծոյ կամքը, որ բարի ու հաճելի եւ կատարեալ է»։ Պատահա՞ծ է որ ձեզի ուսուցուած կարգ մը բաներու վրայ կասկած ունենաք։ Եթէ այո, ուրեմն անոնց ճշմարիտ ըլլալը ‘քննելու’ Աստուածաշունչի յորդորին հետեւեցէք։ Անձնապէս փնտռտուք ըրէք։ Աստուածաշունչը եւ սուրբգրային հրատարակութիւններ կարդացէք։ Սակայն, Աստուծոյ մասին տեղեկութիւն ստանալը զուտ մտային պաշար հաւաքել չէ։ Ձեր կարդացածին մասին խորհելու ժամանակ տրամադրեցէք, որպէսզի ատիկա ձեր այլաբանական սրտէն ներս թափանցէ։ Ասիկա Աստուծոյ հանդէպ ձեր սէրը մեծնալուն պիտի նպաստէ։—Սաղմոս 1։2, 3
Ապա կրնաք փորձել ձեր սորված բաները անպաշտօն կերպով բաժնել ձեր դասընկերներուն հետ։ Յաջորդ քայլն է տունէ տուն քարոզչութիւնը։ Քարոզելու ժամանակ երբեմն կրնաք դասընկերներու հանդիպիլ եւ սկիզբը ասիկա կրնայ ձեզ նեղ կացութեան մատնել։ Բայց Աստուածաշունչը մեզ կը քաջալերէ որ ‘ամօթ չսեպենք աւետարանը’։ (Հռովմայեցիս 1։16) Դուք կեանքի ու յոյսի պատգամ մը կը բերէք։ Ամչնալու պատճառ չունիք։
Եթէ ձեր ծնողները Քրիստոնեայ են, հաւանաբար անոնց հետ արդէն կը մասնակցիք այս գործին։ Բայց արդեօք կրնա՞ք դրան առջեւ լուռ կենալէն, կամ միմիայն պարբերաթերթեր ու թերթիկներ տեղաւորելէն աւելին ընել։ Կարո՞ղ էք դրան առջեւ խօսիլ, տանտիրոջ տեղեկութիւն տալու համար Սուրբ Գիրքը գործածելով։ Եթէ չէք կրնար, ուրեմն ձեր ծնողներէն կամ ժողովքի հասուն մէկ անդամէն օգնութիւն խնդրեցէք։ Ձեր նպատակակէտը ըրէք բարի լուրի չմկրտուած հրատարակիչ մը ըլլալու որակեալ ըլլալ։
Ժամանակի ընթացքին, պիտի մղուիք ձեր նուիրումը ընել, Աստուծոյ ուխտելով որ այսուհետեւ իրեն պիտի ծառայէք։ (Հռովմայեցիս 12։1) Սակայն, նուիրումը զուտ անձնական հարց մը չէ։ Աստուած բոլորէն կը պահանջէ որ «հանրային յայտարարութիւն [ընեն] փրկուելու համար»։ (Հռովմայեցիս 10։10, ՆԱ) Մկրտութեան ժամանակ, նախ ձեր հաւատքին մասին բերանացի յայտարարութիւն կ’ընէք։ Անոր կը յաջորդէ ջուրի մկրտութիւնը։ (Մատթէոս 28։19, 20) Ճիշդ է որ մկրտութիւնը լուրջ քայլ մըն է, բայց անկէ ետ մի՛ կենաք, խորհելով որ թերեւս կերպով մը թերանաք։ Եթէ զօրութեան համար Աստուծոյ ապաւինիք, ինք ձեզի պիտի տայ «բնականէն գերիվեր եղող զօրութիւնը», որպէսզի հաստատ մնաք։—Բ. Կորնթացիս 4։7, ՆԱ. Ա. Պետրոս 5։10
Մկրտութեան ժամանակ, դուք Եհովայի վկայ մը կ’ըլլաք։ (Եսայի 43։10) Ասիկա ձեր կեանքը ի՛նչպէս գործածելուն վրայ շատ զօրաւոր ազդեցութիւն մը պէտք է ունենայ։ Նուիրումին մէջ «անձը ուրանալ» պարփակուած է։ (Մատթէոս 16։24) Թերեւս անձնական կարգ մը նպատակակէտեր ու տենչեր մէկդի դնէք եւ ‘առաջ խնդրէք Աստուծոյ թագաւորութիւնը’։ (Մատթէոս 6։33) Ուստի, նուիրումն ու մկրտութիւնը ասիկա ընելու բազմաթիւ առիթներ կը բանան։ Անոնցմէ քանի մը հատը նկատի առնենք։
Աստուծոյ լիաժամ ծառայելու պատեհութիւններ
● Ռահվիրայութիւնը այս պատեհութիւններէն մէկն է։ Ռահվիրայ հրատարակիչ մը օրինակելի մկրտուած Քրիստոնեայ մըն է, որ կարգադրութիւն ըրած է բարի լուրը քարոզելու համար ամէն ամիս առնուազն 70 ժամ տրամադրել։ Ծառայութեան մէջ յաւելեալ ժամանակ անցընելը ձեզի պիտի օգնէ որ քարոզելու ու սորվեցնելու ձեր կարողութիւնները զարգացնէք։ Շատ ռահվիրաներ ուրախութիւնը ունեցած են իրենց Աստուածաշունչի աշակերտներուն օգնելու որ մկրտուած Վկաներ ըլլան։ Աշխարհիկ ո՞ր գործը այսքան հրճուանք ու գոհունակութիւն կրնայ տալ։
Իրենց ծախսերը հոգալու համար, ռահվիրաներէն շատեր մասնակի ժամով գործեր կ’ընեն։ Շատեր նախապէս կը ծրագրեն ասոր համար, դպրոցը կամ իրենց ծնողներէն արհեստ մը սորվելով։ Եթէ դուք եւ ձեր ծնողները խորհիք թէ երկրորդական կրթութենէ ետք ձեզի համար նպաստաւոր պիտի ըլլայ յաւելեալ մարզում ստանալ, զգոյշ եղէք որ ձեր շարժառիթը ո՛չ թէ շատ դրամ շահիլ ըլլայ, այլ՝ ծառայութեան մէջ ձեզի օգնէ եւ թերեւս լիաժամ քարոզիչ մը ըլլաք։
Սակայն ռահվիրայի մը ուշադրութեան կեդրոնը իր գործը չէ, այլ իր ծառայութիւնն է. ուրիշներուն օգնել որ կեանք ստանան։ Ռահվիրայութիւնը ձեր անձնական նպատակակէտը ըրա՞ծ էք։ Ռահվիրայութիւնը յաճախ ուրիշ առանձնաշնորհումներու կ’առաջնորդէ։ Օրինակ, կարգ մը ռահվիրաներ կը փոխադրուին այն շրջանները, ուր Թագաւորութեան հրատարակիչներու աւելի մեծ կարիք կայ։ Ուրիշներ օտար լեզուներ կը սորվին եւ կը ծառայեն կա՛մ տեղական օտարախօս ժողովքի մը մէջ, կամ նոյնիսկ օտար երկրի մը մէջ։ Այո, ռահվիրայութիւնը վարձահատոյց ապրելակերպ մըն է։
Եսայի 6։8. Յովհաննէս 7։29) Տունէն հեռու տեղ մը փոխադրուիլը կրնայ նշանակել՝ աւելի պարզ ապրելակերպի ընտելանալ։ Մշակոյթը, օդերեւոյթն ու կերակուրները կրնան բոլորովին անսովոր թուիլ։ Թերեւս նոյնիսկ հարկ ըլլայ նոր լեզու մը սորվիլ։ Այս դպրոցը կ’օգնէ 23–էն 65 տարեկան ամուրի եղբայրներուն ու քոյրերուն, եւ ամուսնացած զոյգերուն, որ մշակեն հոգեւոր անհրաժեշտ յատկութիւններ իրենց նշանակումին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ հմտութիւններ, որոնցմով պիտի կարենան աւելի օգտակար ըլլալ Եհովային եւ իր կազմակերպութեան։
● Թագաւորութեան աւետարանիչներու դպրոցը պատեհութեան ուրիշ դուռ մըն է։ Այս երկամսեայ դպրոցը կը մարզէ փորձառու ռահվիրաներ, որոնք յօժար են իրենց տան միջավայրը լքելու եւ ծառայելու հո՛ն, ուր աւելի մեծ կարիք կայ։ Մէկ խօսքով, անոնք ցարդ երկրի վրայ ծառայած մեծագոյն Աւետարանիչին՝ Յիսուս Քրիստոսին, հետեւելով կ’ըսեն. «Ահաւասիկ ես. զի՛ս ղրկէ»։ (● Պէթէլի ծառայութիւնը կամաւոր ծառայութիւն մըն է Եհովայի վկաներու մասնաճիւղերէն մէկուն մէջ։ Պէթէլի ընտանիքի անդամներէն ոմանք ուղղակիօրէն Աստուածաշունչի հրատարակութիւններու արտադրութեան մէջ իրենց բաժինը կը բերեն։ Ուրիշներու կը տրուին ասոր նպաստող նշանակումներ, ինչպէս՝ շէնքերու եւ գործիքներու հոգածութիւնը, կամ Պէթէլի ընտանիքին ֆիզիքական կարիքներուն հոգատարութիւնը։ Բոլոր նշանակումներն ալ Եհովայի ծառայութեան սուրբ առանձնաշնորհումներ են։ Ասկէ զատ, Պէթէլի մէջ եղողներուն համար ուրախութիւն է գիտնալ թէ ի՛նչ որ կ’ընեն, անկէ կ’օգտուին իրենց եղբայրները համայն աշխարհի մէջ։
Երբեմն մասնայատուկ հմտութիւններ ունեցող եղբայրներէն կը խնդրուի որ Պէթէլի մէջ ծառայեն։ Բայց մեծամասնութիւնը Պէթէլ գալէն ետք մարզում կը ստանայ։ Անոնք նիւթական շահու համար չեն ծառայեր, այլ կը գոհանան ուտելիքի, բնակարանի, եւ անձնական ծախսերու համար համեստ դրամական օժանդակութեան կարգադրութեամբ։ Պէթէլի ընտանիքի երիտասարդ անդամներէն մէկը իր ծառայութիւնը հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ. «Սքանչելի՜ է։ Թէեւ նոյն բանը ընելը հեշտ չէ, բայց հոս ծառայելով բազմաթիւ օրհնութիւններ ստացած եմ»։
● Շինարարական ծառայութիւնը առիթ կու տայ որ անհատ մը մասնաճիւղի շէնքերու եւ Թագաւորութեան սրահներու շինարարութեան մէջ աշխատի։ Շինարարութեան ծառաները՝ ինչպէս կը կոչուին անոնք՝ այսպիսի շինարարական գործերու մէջ կ’օգնեն։ Ասիկա սուրբ ծառայութեան տեսակ մըն է, Սողոմոնի տաճարը կառուցողներուն ըրած գործին նման։ (Գ. Թագաւորաց 8։13-18) Շինարարութեան ծառաներուն հոգածութեան կարգադրութիւնները նման են Պէթէլի ընտանիքին համար եղած կարգադրութիւններուն։ Ի՜նչ մեծ է առանձնաշնորհումը այն եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք գործունէութեան այս մարզին մէջ կը ծառայեն՝ Եհովային փառք բերելով։
Սրտանց Եհովայի ծառայեցէք
Ձեր կեանքը լաւագոյնս կրնաք գործածել՝ Եհովայի ծառայելով։ Աստուծոյ լիաժամ ծառայելը ձեր անձնական նպատակակէտը ընելու մասին մտածա՞ծ էք։ Լիաժամ ծառայութեան մասին խօսեցէք ձեր ծնողներուն, ձեր երէցներուն եւ ձեր շրջանային տեսուչին հետ։ Եթէ Պէթէլի ծառայութեամբ կամ Թագաւորութեան Աւետարանիչներու Դպրոցով հետաքրքրուած էք, տարեկան համաժողովներուն տեղի ունեցող հաւանական թեկնածուներու ժողովներուն ներկայ գտնուեցէք։
Ճիշդ է որ ամէն մարդ լիաժամ ծառայութեան համար որակեալ չէ, կամ զայն ընելու կարելիութիւնը չունի։ Երբեմն առողջապահական խնդիրներ, ֆինանսական վիճակներ եւ ընտանեկան պարտաւորութիւններ կրնան սահմանափակել մէկու մը կարողութիւնը։ Այսուհանդերձ, բոլոր նուիրուած Քրիստոնեաները պէտք է անսան Աստուածաշունչի հետեւեալ խրատին. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ»։ (Մատթէոս 22։37) Եհովա կը պահանջէ որ ձեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ ձեր լաւագոյնը ընէք։ Ուստի, ի՛նչ որ ալ ըլլայ ձեր կացութիւնը, Եհովայի ծառայութիւնը ձեր կեանքին կորիզը դարձուցէք։ Աստուածպետական իրապաշտ նպատակակէտեր դրէք։ Այո, «քու Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ»։ Այսպիսով, յաւիտենական օրհնութիւններ պիտի քաղէք։
Եթէ այլ կերպ նշուած չէ, Աստուածաշունչի մէջբերումներուն աղբիւրն է՝ Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ։ ՆԱ կը նշանակէ՝ Սուրբ Գրութիւններու Նոր Աշխարհի Թարգմանութիւն։