Անցնիլ բովանդակութեան

Պիտի ըլլա՞յ ժամանակ մը որ բոլոր մարդիկ իրար սիրեն

Պիտի ըլլա՞յ ժամանակ մը որ բոլոր մարդիկ իրար սիրեն

Թագաւորութեան լուրեր. թիւ 35

Պիտի ըլլա՞յ ժամանակ մը որ բոլոր մարդիկ իրար սիրեն

ԴՐԱՑԻԱԿԱՆ ՍԷՐԸ ՊԱՂԱԾ Է

ՄԻԼԻՈՆԱՒՈՐ անհատներ անօգնական ու թշուառ կը զգան, իրենց երկարած օգնութեան ձեռք մը չունենալով։ Հանգստեան կոչուած առեւտրական կին մը դիտել տուաւ. ‘Երեկոյ մը իմ յարկիս վրայ բնակող որբեւայրի մը դուռս զարկաւ եւ ըսաւ որ մինակ կը զգար։ Քաղաքավար, սակայն ուղղակիօրէն իրեն ըսի թէ զբաղած եմ։ Ան ներողամտութիւն խնդրեց զիս խանգարելուն համար ու գնաց’։

Դժբախտաբար, նոյն գիշերը, այս որբեւայրին անձնասպան եղաւ։ Հետագային, առեւտրական կինը ըսաւ որ «անմոռանալի դաս» մը սորված էր։

Դրացիական սիրոյ պակասը յաճախ եղերական է։ Նախկին Եուկոսլաւիոյ մաս կազմող՝ Պոսնիոյ եւ Հերցեկովինիոյ մէջ տեղի ունեցած ազգատոհմային պայքարներու ընթացքին, մէկ միլիոնէ աւելի անհատներ բռնի ուժով իրենց տուներէն տեղահանուեցան, իսկ տասնեակ հազարաւորներ ալ սպաննուեցան։ Որո՞նց կողմէ։ «Մեր դրացիներուն», ողբաձայն պատասխանեց աղջիկ մը, որ իր գիւղէն տեղահանուած էր։ «Մեր ծանօթներն էին»։

Ռուանտայի մէջ, հարիւր հազարաւոր մարդիկ ջարդուեցան, յաճախ իրենց դրացիներուն կողմէ։ «Հութուները եւ Թութցիները իրարու հետ [կ’ապրէին], իրարու հետ կ’ամուսնանային, չէին հետաքրքրուեր, կամ նոյնիսկ չէին գիտեր թէ ո՛վ Հութու եւ ո՛վ Թութցի էր», կը տեղեկագրէ Տը Նիւ Եորք Թայմզ–ը։ «Ապա յանկարծ փոխուեցաւ պարագան», եւ «սպանութիւնները սկսան»։

Նմանապէս, Իսրայէլի մէջ Հրեաները եւ Արաբները քով քովի կ’ապրին, սակայն շատեր իրար կ’ատեն։ Պարագան նոյնն է շատ մը Կաթողիկէներու եւ Բողոքականներու, որոնք կ’ապրին Իրլանտայի մէջ, ինչպէս նաեւ ուրիշ երկիրներու մէջ։ Պատմութեան մէջ բնաւ չէ եղած որ աշխարհի մէջ սէրը ա՛յսքան պակսած ըլլայ։

Դրացիական Սէրը Ինչո՞ւ Պաղած Է

Մեր Ստեղծիչը ասոր պատասխանը կու տայ։ Իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, մեր ներկայ ժամանակը կը կոչէ «վերջին օրեր»։ Ասիկա ժամանակաշրջան մըն է, որու ընթացքին՝ Աստուածաշունչի մարգարէութիւնը կ’ըսէ՝ մարդիկ «անգութ» պիտի ըլլան։ Աստուածաշունչին մէջ նաեւ «աշխարհիս վերջ»ը կոչուած այս «չար ժամանակներուն» մասին գուշակելով, Յիսուս Քրիստոս ըսաւ. «Շատերուն սէրը պիտի պաղի»։Բ. Տիմոթէոս 3։1-5. Մատթէոս 24։3, 12

Հետեւաբար, ներկայիս սիրոյ պակասը մաս կը կազմէ այն ապացոյցին, թէ մենք այս աշխարհի վերջին օրերուն մէջ կ’ապրինք։ Բարեբախտաբար, ասիկա նաեւ կը նշանակէ թէ անաստուած մարդոցմէ բաղկացած այս աշխարհը, շուտով պիտի փոխարինուի արդար նոր աշխարհով մը, ուր սէրը պիտի տիրապետէ։—Մատթէոս 24։3-14. Բ. Պետրոս 2։5. 3։7, 13

Սակայն, իրապէս պատճառ ունի՞նք հաւատալու թէ այսպիսի փոփոխութիւն մը կարելի է. թէ բոլոր մարդիկ պիտի սորվին իրար սիրել ու իրարու հետ խաղաղութեամբ բնակիլ։

ԴՐԱՑԻԱԿԱՆ ՍԷՐ. ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

ԱՌԱՋԻՆ դարու փաստաբան մը Յիսուսի հարցուց. «Իմ ընկերս ո՞վ է»։ Անկասկած, ան ակնկալեց որ Յիսուս իրեն ըսէր, ‘Հրեայ ընկերակիցներդ’։ Սակայն, ազնիւ Սամարացիի մը պատմութիւնը պատմելով, Յիսուս ցոյց տուաւ որ ուրիշ ազգի պատկանող մարդիկ ալ մեր դրացիներն են։—Ղուկաս 10։29-37. Յովհաննու 4։7-9

Յիսուս շեշտեց որ Աստուած սիրելու հետ զուգընթաց կ’երթար դրացիական սէրը։ (Մատթէոս 22։34-40) Սակայն, մարդկային որեւէ խումբ եղա՞ծ է որ իրապէս իր դրացիները սիրած է։ Այո՛, նախկին Քրիստոնեաները։ Անոնք ճանչցուած էին ուրիշներու հանդէպ իրենց ունեցած սիրով։—Յովհաննու 13։34, 35

Իսկ ի՞նչ կրնանք ըսել մեր օրերուն մասին։ Ոեւէ մէկը քրիստոսանման սէր ի գործ կը դնէ՞։ Գանատիանա Համայնագիտարանը կ’ըսէ. «Եհովայի Վկաներու գործունէութիւնը վերազարթնումը եւ վերահաստատումն է Յիսուսի եւ իր աշակերտներուն կողմէ ի գործ դրուած նախնական Քրիստոնէութեան ...։ Բոլորն ալ եղբայրներ են»։

Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Կը նշանակէ թէ Եհովայի Վկաները թոյլ չեն տար որ որեւէ բան՝ ո՛չ ցեղային, ո՛չ ազգային, ո՛չ ազգատոհմային ենթահող, իրենց դրացիները ատելու պատճառ դառնայ։Անոնք ո՛չ մէկ սպանութեան կը մասնակցին, քանի որ այլաբանօրէն իրենց սուրերը խոփեր եւ իրենց նիզակները յօտոցներ ըրած են։ (Եսայեայ 2։4) Իրականութեան մէջ, Վկաները ճանչցուած ենորպէսիրենց դրացիներուն օգնութեան հասնելու մէջ նախաձեռնութիւն առնողներ։—Գաղատացիս 6։10

Զարմանալի չէ որ Գալիֆորնիոյ Սագրամենթօ Եունիըն–ի մէջ, խմբագրական մը դիտել տուաւ.«Բաւարար է ըսել, որ եթէ բոլոր աշխարհ Եհովայի Վկաներու հաւատալիքներով ապրէր, արիւնահեղութիւնը եւ ատելութիւնը վերջ պիտի գտնէին, իսկ սէրը թագաւորի պէս պիտի իշխէր»։ Հունգարիոյ Ռինկ պարբերաթերթին մէջ հեղինակ մը նշեց. «Այն եզրակացութեան եկայ որ, եթէ Եհովայի Վկաներըերկրի վրայ ապրող միակ անհատները ըլլային, պատերազմներ գոյութիւն պիտի չունենային,իսկոստիկաններու միակ պարտականութիւնը պիտի ըլլար երթեւեկը հսկել եւ անցագրեր տալ»։

Սակայն, կը գիտակցինք որ համաշխարհային հսկայ փոփոխութեան մը կարիքը կայ, որպէսզիբոլորմարդիկ իրար սիրեն։ Այս փոփոխութիւնը ի՞նչպէս պիտի ըլլայ։ (Հաճեցէք տեսնել ետեւի էջը։)

ԵՐԲ ԲՈԼՈՐ ՄԱՐԴԻԿ ԻՐԱՐ ՊԻՏԻ ՍԻՐԵՆ

ՅԻՍՈՒՍ Քրիստոսի սորվեցուցած մէկ աղօթքը ցոյց կու տայ, որ մօտ ապագային, շշմեցուցիչ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան։ Իր համբաւաւոր Լերան Քարոզին մէջ, Յիսուս մեզի սորվեցուց աղօթել. «Քու թագաւորութիւնդ գայ. քու կամքդ ըլլայ ինչպէս երկինքը՝ նոյնպէս երկրի վրայ»։—Մատթէոս 6։10

Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը։ Անիկա իրական կառավարութիւն մըն է, որ երկնքէն կ’իշխէ։ Այս պատճառով է որ անիկա կը կոչուի «երկնքի թագաւորութիւնը»։ Յիսուս՝ «Խաղաղութեան Իշխան»ը՝ իր Հօր կողմէ նշանակուած է որպէս անոր կառավարիչը։—Մատթէոս 10։7. Եսայեայ 9։6, 7. Սաղմոս 72։1-8

Երբ Աստուծոյ Թագաւորութիւնը գայ, այս ատելավառ աշխարհին ի՞նչ պիտի պատահի։ «Թագաւորութիւնը» պիտի «փշրէ ու պիտի հատցնէ» այս աշխարհի բոլոր ապականած կառավարութիւնները։ (Դանիէլ 2։44) Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Աշխարհս ալ կ’անցնի, ... բայց ան որ Աստուծոյ կամքը կը կատարէ, յաւիտեան պիտի մնայ»։—Ա. Յովհաննու 2։17

Աստուծոյ նոր աշխարհին նկատմամբ, Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Արդարները պիտի ժառանգեն երկիրը ու յաւիտեան անոր մէջ պիտի բնակին»։ (Սաղմոս 37։9-11, 29. Առակաց 2։21, 22) Ատիկա ի՜նչ սքանչելի ժամանակ մը պիտի ըլլայ։ «Ա՛լ մահ պիտի չըլլայ։ Ո՛չ սուգ եւ ո՛չ աղաղակ եւ ո՛չ ցաւ պիտի ըլլայ ասկէ յետոյ»։ (Յայտնութիւն 21։4) Նոյնիսկ մեռելները պիտի վերապրին եւ ամբողջ երկրագունդը բառացի դրախտի պիտի վերածուի։—Եսայեայ 11։6-9. 35։1, 2. Ղուկաս 23։43. Գործք 24։15

Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ ապրելու համար, պէտք է իրար սիրենք, ինչպէս Աստուած մեզի կը սորվեցնէ։ (Ա. Թեսաղոնիկեցիս 4։9) Աստուածաշունչի Արեւելքցի աշակերտ մը ըսաւ. «Կը սպասեմ այն ժամանակը երբ, ինչպէս Աստուածաշունչը կը խոստանայ, բոլոր մարդիկ սորված պիտի ըլլան իրար սիրել»։ Իսկ կրնանք վստահ ըլլալ որ Աստուած իր խոստումները պիտի յարգէ։ «Ես խօսեցայ», կ’ըսէ ան, «ու ես պիտի կատարեմ»։—Եսայեայ 46։11

Սակայն, Աստուծոյ Թագաւորութեան ներքեւ օրհնութիւններ վայելելու համար, Աստուածաշունչի գիտութիւն պէտք է ստանաք, ինչպէս որ պարկեշտ սիրտ ունեցող միլիոնաւոր անհատներ համայն աշխարհի մէջ կ’ընեն։ (Յովհաննու 17։3) Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ խորագրով 32 էջնոց գրքոյկը պիտի օգնէ ձեզի այս ուղղութեամբ։ Զայն ստացէք, նախորդ էջին վրայ հայթայթուած կտրօնը լեցնելով եւ զայն ղրկելով ձեր տան ամենամօտ հասցէին։

Կը փափաքիմ ստանալ՝ Աստուած Ի՛նչ կը Պահանջէ Մեզմէ գրքոյկը։

Հաճեցէք իմ հետս կապ պահել, տան սուրբ գրային ձրի ուսումնասիրութեան մը համար։

[Նկարին աղբիւրը՝ էջ 2]

Sniper and funeral in Bosnia: Reuters/Corbis-Bettmann