Անցնիլ բովանդակութեան

Սուտ կրօնքին վախճանը մօտ է

Սուտ կրօնքին վախճանը մօտ է

Թագաւորութեան լուրեր. թիւ 37

Համաշխարհային պատգամ

Սուտ կրօնքին վախճանը մօտ է

▪ Ի՞նչ է սուտ կրօնքը։

▪ Անիկա ի՞նչպէս վերջ պիտի գտնէ։

▪ Դուն ի՞նչպէս պիտի ազդուիս։

Ի՞նչ է սուտ կրօնքը։

Կրօնքի անունով գործուած ոճիրները քեզ կը նեղացնե՞ն։ Աստուծոյ ծառայել դաւանողներուն մղած պատերազմը, հրահրած ահաբեկչութիւնը եւ փտածութիւնը կը ցնցե՞ն արդարութեան զգացումդ։ Ինչո՞ւ շատ մը խնդիրներու արմատը կը թուի կրօնքը ըլլալ։

Սուտ կրօնքն է մեղադրելին, եւ ո՛չ թէ բոլոր կրօնքները։ Յիսուս Քրիստոս, որ մեծապէս յարգուած կրօնական անձնաւորութիւն մըն է, նշեց թէ սուտ կրօնքը չար գործեր յառաջ կը բերէ, ինչպէս «չար ծառը չար պտուղ կու տայ»։ (Մատթէոս 7։15-17) Սուտ կրօնքը ի՞նչ պտուղ կ’արտադրէ։

Սուտ կրօնքը ...

ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՈՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԱՄՈՒԽ Կ’ԸԼԼԱՅ. Պարբերաթերթ մը (Asiaweek) կ’ըսէ. «Ասիոյ տարածքին եւ այլուր, յաւելեալ հեղինակութեան տենչացող առաջնորդներ իրենց կարիքները լեցնելու համար, մարդոց կրօնական զգացումները կը շահագործեն»։ Հետեւա՞նքը։ Պարբերաթերթը կը զգուշացնէ. «Աշխարհը մոլեգնութեան մէջ ընկղմելու վրայ է»։ Միացեալ Նահանգներու մէջ կրօնական կարկառուն առաջնորդ մը յայտարարեց. «Ահաբեկիչները պէտք է սպաննէք որ անոնց ոճիրները վերջ գտնեն»։ Անոր տուած լուծումն էր՝ «Տէրոջ անունով զանոնք բոլորովին բնաջնջեցէք»։ Միւս կողմէ, Աստուածաշունչը կը նշէ. «Եթէ մէկը կ’ըսէ թէ ‘Ես Աստուած կը սիրեմ’ ու իր եղբայրը ատէ, անիկա ստախօս է»։ (Ա. Յովհաննու 4։20) Յիսուս նոյնիսկ ըսաւ. «Սիրեցէք ձեր թշնամիները»։ (Մատթէոս 5։44) Քանի՞ կրօնք գիտես, որոնց անդամները պատերազմի կը մասնակցին։

ՍԽԱԼ ՈՒՍՈՒՑՈՒՄՆԵՐ ԿԸ ՏԱՐԱԾԷ. Կրօնքներուն մեծամասնութիւնը կը սորվեցնէ թէ հոգին կամ ոգին մարդ արարածին անտեսանելի մէկ մասն է, որ ֆիզիքական մարմնին մահէն ետք կը շարունակէ ողջ մնալ։ Ուստի այս կրօնքներէն շատեր իրենց անդամները կը շահագործեն, դրամ պահանջելով՝ մեկնած հոգիներուն ի նպաստ աղօթելու համար։ Սակայն Աստուածաշունչը տարբեր ուսուցում մը կը սորվեցնէ։ «Անոնք որ կ’ապրին, գիտեն թէ պիտի մեռնին. բայց մեռելները բան մը չեն գիտեր»։ (Ժողովողի 9։5) Յիսուս սորվեցուց թէ մեռելները պիտի յարուցանուին։ Եթէ մարդը անմահ հոգի ունենար, յարութեան հարկ պիտի չըլլար։ (Յովհաննու 11։11-25) Կրօնքդ կը սորվեցնէ՞ թէ հոգին չի մեռնիր։

ՍԵՌԱՅԻՆ ԱՆԲԱՐՈՅՈՒԹԵԱՆ ԿԸ ՀԱՆԴՈՒՐԺԷ. Արեւմտեան երկիրներու մէջ, կրօնական խումբեր թոյլ կու տան որ միասեռական տղամարդիկ ու կիներ կղերներ ըլլան, եւ կառավարութիւններուն վրայ ճնշում կը բանեցնեն որ միասեռական ամուսնութիւնը վաւերացնեն։ Նոյնիսկ անբարոյութիւնը դատապարտող եկեղեցիներ հանդուրժած են կրօնական առաջնորդներու, որոնք երախաներ լլկած են։ Իսկ Աստուածաշունչը ի՞նչ կը սորվեցնէ։ Անիկա յստակօրէն կ’ըսէ. «Մի՛ խաբուիք։ Ո՛չ պոռնիկները, ո՛չ կռապաշտները, ո՛չ շնացողները, ո՛չ իգացեալները, ո՛չ արուագէտները ... Աստուծոյ թագաւորութիւնը պիտի ժառանգեն»։ (Ա. Կորնթացիս 6։9, 10) Գիտե՞ս կրօնքներ, որոնք սեռային անբարոյութեան աչք կը գոցեն։

Ապագան ի՞նչ վերապահած է գէշ պտուղ արտադրող կրօնքներուն։ Յիսուս ազդարարեց. «Ամէն ծառ որ բարի պտուղ չի տար, կը կտրուի ու կրակը կը ձգուի»։ (Մատթէոս 7։19) Արդարեւ սուտ կրօնքը պիտի կործանի, բայց՝ ի՞նչպէս ու ե՞րբ։ Պատասխանը տրուած է Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գիրքին 17 եւ 18–րդ գլուխներուն մէջ արձանագրուած մարգարէական տեսիլքի մը մէջ։

Սուտ կրօնքը ի՞նչպէս վերջ պիտի գտնէ

Մտապատկերէ տեսարանը։ Պոռնիկ մը վախազդու գազանի մը վրայ բազմած է, որ եօթը գլուխ ու տասը եղջիւր ունի։ (Յայտնութիւն 17։1-4) Պոռնիկը ի՞նչ կը խորհրդանշէ։ Ան «երկրի թագաւորներուն վրայ» ազդեցութիւն կը բանեցնէ։ Ան ծիրանի հագած է, խունկ կը գործածէ եւ չափազանց հարուստ է։ Ասկէ զատ, անոր ոգեհարցական արարքներով «բոլոր ազգերը մոլորեցան»։ (Յայտնութիւն 17։18. 18։12, 13, 23) Աստուածաշունչը մեզի կ’օգնէ հասկնալու թէ այս պոռնիկը համաշխարհային կրօնական կազմակերպութիւն մըն է։ Անիկա կը պատկերացնէ ո՛չ թէ որոշ կրօնք մը, այլ՝ գէշ պտուղ արտադրող բոլոր կրօնքները։

Գազանը, որուն վրայ պոռնիկը բազմած է, կը խորհրդանշէ աշխարհի քաղաքական ուժերը։ * (Յայտնութիւն 17։10-13) Սուտ կրօնքը այս քաղաքական գազանին վրայ բազմած է, փորձելով անոր որոշումներուն ազդել եւ անոր ուղղութիւնը հակակշռի տակ առնել։

Սակայն շուտով ապշեցուցիչ դէպք մը տեղի պիտի ունենայ։ «Տասը եղջիւրները, որոնք գազանին վրայ տեսար, անոնք պիտի ատեն պոռնիկը ու զանիկա պիտի մերկացնեն եւ անոր մարմինը պիտի ուտեն ու զանիկա կրակով պիտի այրեն»։ (Յայտնութիւն 17։16) Անակնկալ ու ցնցիչ կերպով, աշխարհի քաղաքական ուժերը սուտ կրօնքին դէմ պիտի ելլեն եւ զայն ամբողջովին պիտի կործանեն։ Անոնք ինչո՞ւ այս քայլը պիտի առնեն։ Աստուածաշունչի Յայտնութիւն գիրքը կը պատասխանէ. «Աստուած անոնց սրտին մէջ դրաւ, որ իր կամքը կատարեն»։ (Յայտնութիւն 17։17) Այո, Աստուած սուտ կրօնքէն հաշիւ պիտի պահանջէ այն բոլոր արհամարհելի արարքներուն համար, որ Իր անունով գործած է։ Կատարեալ արդարութեամբ վարուելով, Աստուած անոր քաղաքական սիրահարներուն ձեռքով զինք մահապատիժի պիտի ենթարկէ։

Ի՞նչ պէտք է ընես, որպէսզի սուտ կրօնքի հարուածներէն բաժին չստանաս։ Աստուած կը յորդորէ. «Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս»։ (Յայտնութիւն 18։4) Արդարեւ հիմա՛ է սուտ կրօնքէն փախչելու ժամանակը։ Բայց ասիկա կը նշանակէ՞ անաստուած դառնալ։ Ո՛չ, քանի որ անաստուածութեան ապագան ալ մռայլ է։ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 1։6-9) Ճշմարիտ կրօնքը կը հայթայթէ միակ ապաստանարանը։ Ի՞նչպէս կրնաս ճշմարիտ կրօնքը բնորոշել։

Ճշմարիտ կրօնքը ի՛նչպէս բնորոշել

Ճշմարիտ կրօնքը ի՞նչ բարի պտուղ պէտք է արտադրէ։—Մատթէոս 7։17

Ճշմարիտ կրօնքը ...

ՍԷՐ Ի ԳՈՐԾ ԿԸ ԴՆԷ. Ճշմարիտ երկրպագուները «աշխարհէն չեն», ցեղի կամ մշակոյթի պատճառով բաժնուած չեն եւ ‘իրարու հանդէպ սէր ունին’։ (Յովհաննու 13։35. 17։16. Գործք 10։34, 35) Զիրար սպաննելու տեղ, անոնք իրարու համար մեռնելու պատրաստ են։—Ա. Յովհաննու 3։16

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԻՆ ԿԸ ՎՍՏԱՀԻ. Փոխանակ ‘աւանդութիւններ’ եւ «մարդոց պատուիրած բաները իբրեւ վարդապետութիւն» սորվեցնելու, ճշմարիտ կրօնքը իր ուսուցումները կը հիմնէ Աստուծոյ Խօսքին՝ Աստուածաշունչին վրայ։ (Մատթէոս 15։6-9) Ինչո՞ւ։ Քանի որ «բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է սորվեցնելու, յանդիմանելու, շտկելու» համար։—Բ. Տիմոթէոս 3։16

ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐԸ ԿԸ ԶՕՐԱՑՆԷ ԵՒ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐՈՒ ԿԸ ԿԱՌՉԻ. Ճշմարիտ կրօնքը ամուսինները կը մարզէ որ «իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս», կիներուն կ’օգնէ որ ‘իրենց այրերէն ակնածին’, իսկ երախաներուն կը սորվեցնէ որ ‘իրենց ծնողներուն հնազանդ ըլլան’։ (Եփեսացիս 5։28, 33. 6։1) Ասկէ զատ, պատասխանատու դիրքերու վրայ եղողները բարոյապէս օրինակելի պէտք է ըլլան։—Ա. Տիմոթէոս 3։1-10

Կրօնք մը կա՞յ որ այս չափանիշներուն գոհացում կու տայ։ 2001–ին հրատարակուած գիրք մը (Holocaust Politics) կ’ըսէ. «Եթէ աւելի մեծ թիւով անհատներ Եհովայի Վկաներուն ուսուցումներուն ու արարքներուն համաձայն ապրէին, Հօլօքօսթը կրնար տեղի չունենալ եւ ցեղասպանութիւնը այլեւս աշխարհը չէր հարուածեր»։

Արդարեւ, 235 երկիրներու մէջ, Եհովայի Վկաները ո՛չ միայն Աստուածաշունչի բարոյական չափանիշները կը քարոզեն, այլ նաեւ՝ իրենց կեանքին մէջ զանոնք կը կիրարկեն։ Քեզ կը քաջալերենք որ Եհովայի Վկաներէն խնդրես որ քեզի օգնեն սորվելու թէ Աստուած քեզմէ ի՛նչ կը պահանջէ, որպէսզի կարենաս ընդունելի կերպով զինք պաշտել։ Հիմա՛ է գործի լծուելու ժամանակը։ Մի՛ յապաղիր։ Սուտ կրօնքին վախճանը մօտ է։—Սոփոնեայ 2։2, 3

Եթէ կը փափաքիս յաւելեալ տեղեկութիւն ստանալ Եհովայի Վկաներու ներկայացուցած պատգամին մասին, որ Աստուածաշունչի վրայ հիմնուած է, կրնաս անոնց հետ կապ պահել՝ ստորեւ նշուած հասցէն գործածելով։

□ Առանց պարտաւորութեան, կ’ապսպրեմ Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ գրքոյկը։

□ Հաճեցէք հետս կապ պահել՝ Աստուածաշունչի անվճար տնային ուսումնասիրութեան մը համար։

[Ստորանիշ]

^ պարբ. 17 Այս նիւթին մանրամասն բացատրութեան համար, տես՝ Յայտնութիւն—անոր հոյակապ յանգումը մօտ է գիրքը, հրատարակուած՝ Եհովայի Վկաներուն կողմէ։

[Մէջբերում՝ էջ 3]

Սուտ կրօնքը «երկրի թագաւորներուն վրայ» ազդեցութիւն կը բանեցնէ

[Մէջբերում՝ էջ 3]

«Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս»