Իրապէս ո՞վ աշխարհին կը տիրէ
Կը կարծես թէ. . .
-
Աստուա՞ծ
-
մարդի՞կ
-
Սատանա՞ն
ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Կ’ԸՍԷ
«Աշխարհ չարին մէջ է» (Ա. Յովհաննէս 5։19)։
«Աստուծոյ Որդին յայտնուեցաւ, որ Սատանային գործերը քանդէ» (Ա. Յովհաննէս 3։8, Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ)։
ԱՍԻԿԱ Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՅ ՆՇԱՆԱԿԵԼ ՔԵԶԻ ՀԱՄԱՐ
Տրամաբանական բացատրութիւն՝ աշխարհի խնդիրներուն մասին (Յայտնութիւն 12։12)։
Հաւատալու պատճառ՝ թէ աշխարհը պիտի բարեփոխուի (Ա. Յովհաննէս 2։17)։
ԻՍԿԱՊԷՍ ԿՐՆԱ՞ՆՔ ՀԱՒԱՏԱԼ ԻՆՉ ՈՐ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Կ’ԸՍԷ
Այո՛, նուազագոյնը երեք պատճառներով.
-
Սատանայի իշխանութիւնը դատապարտուած է։ Եհովան վճռած է մարդկութեան վրայ Սատանայի տիրապետութեան վերջ դնել։ Ան կը խոստանայ ‘փճացնել Սատանան’ եւ կատարելապէս ջնջել անոր պատճառած բոլոր վնասները (Եբրայեցիս 2։14)։
-
Աստուած ընտրած է Յիսուս Քրիստոսը, որ աշխարհին վրայ իշխէ։ Յիսուս այս աշխարհի անգութ եւ անձնասէր իշխանին ճիշդ հակապատկերն է։ Յիսուսի իշխանութեան նկատմամբ, Աստուած կը խոստանայ. «Պիտի խղճայ աղքատին ու տնանկին. . . Հարստահարութենէ ու բռնութենէ պիտի փրկէ անոնց անձը» (Սաղմոս 72։13, 14)։
-
Աստուած չի կրնար սուտ խօսիլ։ Սուրբ Գիրքը յստակօրէն կ’ըսէ. «Անկարելի է, որ Աստուած սուտ խօսի» (Եբրայեցիս 6։18)։ Երբ Եհովան կը խոստանայ բան մը ընել, կրնանք սեպել թէ արդէն իսկ ըրած է (Եսայի 55։10, 11)։ «Այս աշխարհին իշխանը դուրս պիտի ձգուի» (Յովհաննէս 12։31)։
ՄՏԱԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ
Աշխարհին վիճակը ի՞նչ պիտի ըլլայ, երբ անոր իշխանը վերցուի։
Սուրբ Գիրքը կը պատասխանէ այս համարներով՝ ՍԱՂՄՈՍ 37։10, 11 եւ ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ 21։3, 4։