Անցնիլ բովանդակութեան

Իրապէս կարելի՞ է որ մեռելները դարձեալ ապրին

Իրապէս կարելի՞ է որ մեռելները դարձեալ ապրին

Ի՛նչ կ’ըսես. . .

  • այո՞

  • ո՞չ

  • թերե՞ւս

ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Կ’ԸՍԷ

«Յարութիւն պիտի ըլլայ» (Գործք 24։15, Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

ԱՍԻԿԱ Ի՛ՆՉ ԿՐՆԱՅ ՆՇԱՆԱԿԵԼ ՔԵԶԻ ՀԱՄԱՐ

Մխիթարութիւն՝ երբ մեր սիրելիները մահանան (Բ. Կորնթացիս 1։3, 4

Ազատում՝ մահուան հիւանդագին վախէն (Եբրայեցիս 2։15

Իսկական յոյս՝ մահացած սիրելիներդ դարձեալ ողջ տեսնելու (Յովհաննէս 5։28, 29

ԻՍԿԱՊԷՍ ԿՐՆԱ՞ՆՔ ՀԱՒԱՏԱԼ ԻՆՉ ՈՐ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԸ Կ’ԸՍԷ

Այո՛, նուազագոյնը երեք պատճառներով.

  • Աստուած կեանքի Ստեղծիչն է։ Սուրբ Գիրքը Եհովա Աստուած «կեանքի աղբիւրը» կը կոչէ (Սաղմոս 36։9. Գործք 17։24, 25)։ Ան՝ որ կեանք տուաւ բոլոր ապրող էակներուն, վստահաբար կարո՛ղ է մահացած անձ մը ետ կեանքի բերել։

  • Աստուած անցեալին մարդիկ յարուցանեց։ Սուրբ Գիրքին մէջ արձանագրուած են ութ դէպքեր, ուր մարդիկ,– երիտասարդ թէ տարեց, արու թէ էգ,– յարուցանուեցան երկրի վրայ։ Ոմանք, կարճ ժամանակէ մը ի վեր մահացած էին, բայց կար անձ մը, որ արդէն չորս օրէ ի վեր գերեզմանի մէջ էր (Յովհաննէս 11։39-44

  • Աստուած կը տենչայ նորէն յարուցանել։ Եհովան կ’ատէ մահը. իրեն համար մահը թշնամի մըն է (Ա. Կորնթացիս 15։26)։ Ան կ’ուզէ ոչնչացնել այդ թշնամին,– մահուան վերջ դնել՝ յարութեան միջոցով։ Ան կը տենչայ իր յիշողութեան մէջ եղողները ետ կեանքի բերել, եւ տեսնել որ անոնք դարձեալ կ’ապրին երկրի վրայ (Յոբ 14։14, 15

ՄՏԱԾԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

Ինչո՞ւ կը ծերանանք ու կը մեռնինք։

Սուրբ Գիրքը կը պատասխանէ այս համարներով՝ ԾՆՆԴՈՑ 3։17-19 եւ ՀՌՈՎՄԱՅԵՑԻՍ 5։12։