Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 33

Անոնցմէ մի՛ վախնար

Անոնցմէ մի՛ վախնար

(Մատթէոս 10։28)

1. Օ՛ն յառաջ, իմ ժողովուրդս,

լուրն Արքայութեան պատմէ՛։

Մի՛ վախնար թշնամիէն,

հապա հեզերուն յայտնէ,

թէ Քրիստոս՝ իմ Որդիս, կ’իշխէ.

ինք վար նետեց Բանսարկուն,

եւ Ոսոխը պիտի կապէ՝

բերելով ազատագրում։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Մի՛ վախնար, ուղղամիտ ծառաս,

երբ քեզ ծաղրեն, սպառնան։

Ամէն օր քեզ պիտի պահեմ

իմ աչքիս լոյսին նման։

2. Թէեւ ոսոխներդ շատ են,

կը վախցնեն, կ’անպատուեն,

թէեւ կը շողոքորթեն,

որ անձդ մոլորեցնեն.

բայց անոնցմէ մի՛ սարսափիր,

քա՛ջ ռազմիկ հաւատարիմ,

մինչեւ վերջը պայքար մղէ,

քեզի կու տամ ձեռքս իմ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Մի՛ վախնար, ուղղամիտ ծառաս,

երբ քեզ ծաղրեն, սպառնան։

Ամէն օր քեզ պիտի պահեմ

իմ աչքիս լոյսին նման։

3. Չկարծես թէ մոռցուած ես,

ես հզօր վահանդ եմ։

Թէեւ կեանքդ կորսնցնես,

մահն ի վերջոյ պիտ’ ջնջեմ։

Մի՛ վախնար դուն անոնցմէ որ

կը սպաննեն միայն մարմին,

չե՛ն կրնար հոգին սպաննել.

միշտ եղիր հաւատարիմ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Մի՛ վախնար, ուղղամիտ ծառաս,

երբ քեզ ծաղրեն, սպառնան։

Ամէն օր քեզ պիտի պահեմ

իմ աչքիս լոյսին նման։