Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 71

Աստուծոյ պարգեւը՝ սուրբ հոգին

Աստուծոյ պարգեւը՝ սուրբ հոգին

(Ղուկաս 11։13)

1. Ո՜վ Տէր Եհովա, մեր բազմագութ Հայր,

մեր մեղաւոր սրտերէն մեծ ես։

Մեր տառապանքը, վիշտն ու հոգերը

հոգիովդ թեթեւցուր ու սփոփէ։

2. Հա՛յր, քու մեծ փառքդ եւ վեհութիւնդ

չենք կրնար միշտ արտացոլացնել։

Մենք կ’աղերսենք որ տա՛ս սուրբ հոգիդ ու

մեզ ամէն օր առաջնորդես, օգնես։

3. Երբ մենք յոգնած ենք ու վհատած ենք,

գործօն ուժդ մեզ կ’ամրապնդէ։

Տո՛ւր մեզի թեւեր, որ սաւառնինք մենք։

Հա՛յր, կը խնդրենք, սուրբ հոգիդ շնորհէ։