Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 47

Բարի լուրը քարոզենք

Բարի լուրը քարոզենք

(Յայտնութիւն 14։6, 7)

1. Պահուած էր սուրբ խորհուրդը Թագաւորութեան։

Սերունդը խոստացեալ եկաւ. Արքայ է ան։

Տեսաւ Եհովան՝ ողորմած, արդարադատ,

մարդոց վիճակը՝ մեղաւոր ու ճարահատ։

Եհովան մտադրեց որ իր Որդին իշխէ,

Արքայութիւնը Իր որոշած ժամուն բերէ։

Որպէսզի Որդին ունենայ հարս մը անգին,

հաւաքուեցաւ այս պզտիկ հօտը թանկագին։

2. Պատգամն Աստուծոյ կը հռչակենք բոլորին.

Եհովան կը փափաքի որ զայն քարոզուի։

Քարոզչութեան մէջ կ’օգնեն հրեշտակները,

որ ամէնուր յայտնենք Արքայութեան լուրը։

Այս օրերուն, պարտականութիւն մը ունինք,

որ է՝ գովել ու սրբացնել անունը Եահի։

Պատիւ ունինք իր սուրբ անունը կրելու

եւ բարի լուրը մարդոց ծանուցանելու։