Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 97

Դէպի յառա՛ջ, Արքայութեա՛ն աւետարանիչներ

Դէպի յառա՛ջ, Արքայութեա՛ն աւետարանիչներ

(Բ. Տիմոթէոս 4։5)

1. Այս Արքայութեան աւետիսը

ամէն տեղ ծանուցանենք։

Օգնենք ու սիրենք հեզ մարդիկը,

ճշմարտութիւնը յայտնենք։

Մեր ծառայութիւնը պատիւ է.

Հօր Խօսքը սրտանց հռչակենք։

Երթանք ու ցնծութեամբ վկայենք,

Եահի անունը սրբացնենք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Միշտ յառա՛ջ երթանք ու քաջաբար

պատգամը քարոզենք։

Եահի հանդէպ ուղղամիտ մնանք,

իր կողմը դիրք բռնենք։

2. Եահի ճշմարիտ ծառաները

դէպի յառաջ կ’ընթանան։

Ուստի Քրիստոսի շաւիղներուն

մօտէն հետեւինք՝ սրտանց։

Այս Արքայութեան աւետիսը

ամէն անհատ պէտք է գիտնայ։

Մենք անվախօրէն կը քարոզենք.

Եհովան մեզի ոյժ կու տայ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Միշտ յառա՛ջ երթանք ու քաջաբար

պատգամը քարոզենք։

Եահի հանդէպ ուղղամիտ մնանք,

իր կողմը դիրք բռնենք։

3. Այսօր, Աստուծոյ օծեալները

ուրիշ ոչխարներուն հետ

միշտ դէպի յառաջ կ’ընթանան եւ

ճշմարտութեամբ կը քալեն։

Շատ սուրբ է մեր ծառայութիւնը.

բնա՛ւ անտարբեր չդառնանք։

Մեր վարքը մաքուր, սուրբ պահելով՝

Եահի հաճութիւնն ստանանք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Միշտ յառա՛ջ երթանք ու քաջաբար

պատգամը քարոզենք։

Եահի հանդէպ ուղղամիտ մնանք,

իր կողմը դիրք բռնենք։