Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 67

Եհովային աղօթէ ամէն օր

Եհովային աղօթէ ամէն օր

(Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։17)

1. Եհովային դուն սրտանց աղօթէ։

Ան կը լսէ քեզ. դուն գնահատէ

եւ սիրտդ իրեն բաց ազատօրէն։

Ընկերոջ մը պէս իրեն վստահէ՛։

Դուն ամէն օր աղօթէ։

2. Եհովային դուն սրտանց աղօթէ.

շնորհակալութիւնդ միշտ յայտնէ։

Մեր հող ըլլալն՝ Արարիչը գիտէ.

եթէ սրտանց զղջանք, պիտի ներէ։

Դուն ամէն օր աղօթէ։

3. Եհովային դուն սրտանց աղօթէ։

Ան է մեր Հայրը, դուն մխիթարուէ,

եւ իր պաշտպանութիւնը միշտ փնտռէ,

բնաւ մի՛ վախնար, ան պիտի օգնէ։

Դուն ամէն օր աղօթէ։