Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 22

‘Եհովան իմ Հովիւս է’

‘Եհովան իմ Հովիւս է’

(Սաղմոս 23)

1. Եհովան իմ Հովիւս է.

ես չեմ վախնար ո՛չ մէկէ։

Գառներուն վրայ ան կը հսկէ,

բոլորն ալ կը պաշտպանէ։

Զիս ջուրերուն կ’առաջնորդէ,

հոգիս թարմութեամբ կ’օրհնէ,

իր անուան սիրոյն ինծի կ’օգնէ,

արդար ճամբայով կ’ուղղէ։

Իր անուան սիրոյն ինծի կ’օգնէ,

արդար ճամբայով կ’ուղղէ։

2. Երբ կը քալեմ մթին ձորէն,

ես չեմ վախնար վտանգէ։

Մեծ Հովիւս միշտ իմ քովս է,

իր ցուպը զիս կը պահէ։

Ան գլուխս իւղով կ’օծէ.

բաժակս խիստ լեցուն է։

Իր բարութեամբ կ’ուղեկցի ինծի.

իր տան մէջ պիտ’ բնակիմ։

Իր բարութեամբ կ’ուղեկցի ինծի.

իր տան մէջ պիտ’ բնակիմ։

3. Հովիւս շատ իմաստուն է,

միշտ իրեն կը գովերգեմ։

Որքա՜ն սիրող եւ հոգատար է,

ոչխարներուն պիտ’ յայտնեմ։

Ես իր խօսքը պիտի լսեմ,

իր արդար ճամբով քալեմ։

Իմ գանձս՝ ծառայութիւնս իմ,

Եահին պիտի տամ սիրով։

Իմ գանձս՝ ծառայութիւնս իմ,

Եահին պիտի տամ սիրով։

(Տե՛ս նաեւ Սաղ. 28։9. 80։1)