Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 105

Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ

Երկինք Աստուծոյ փառքը կը պատմէ

(Սաղմոս 19)

1. Կը տեսնենք մենք Եահի ձեռքին գործերը։

Երկինքը առյաւէտ իր փառքը կը պատմէ։

Ամէն մէկ օր Եհովան կը պատուէ,

եւ ահարկու աստղերն անհուն իր ուժը կը յայտնեն։

2. Եհովայի օրէնքը կատարեալ է

եւ իր կանոնները արդար են, ցանկալի։

Իր խօսքերը մեր քայլերը կ’ուղղեն,

ճշմարիտ են եւ անուշ են՝ մեղրէն շատ աւելի։

3. Տէրոջ հանդէպ մեր վախը անարատ է,

իր պատուիրանները զուտ ոսկիէն սուղ են,

կ’առաջնորդեն եւ կը պահպանեն մեզ։

Իր համբաւը, սուրբ անունը պատուենք ու վեր բռնենք։