Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 116

Լոյսը կը պայծառանայ

Լոյսը կը պայծառանայ

(Առակաց 4։18)

1. Ամէն մարգարէ ուզեց ճանչնալ Մեսիան՝

հառաչող մարդոց միակ յոյսը։

Սուրբ հոգին յայտնեց, թէ Քրիստոս պիտի գար

եւ իր արիւնով տար փրկանքը։

Ատենը եկաւ, Մեսիան այժմ կ’իշխէ.

ունինք բացայայտ ապացոյց։

Կը սերտենք բաներ, զորոնք հրեշտակներն

կը ցանկան տեսնել ակնկառոյց։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Ճամբան աւելի լուսաւոր է.

կը քալենք պայծառ ուղիով։

Տես՝ ի՛նչ կը յայտնէ Տէր Եհովան. . .

կ’ուղղէ, մեր ձեռքէն բռնելով։

2. Մեր Տէրն իր ծառային միջոցով մեզի

ատենին կու տայ մեր սնունդը։

Կը պայծառանայ լոյսը ճշմարտութեան,

կը հասնի մինչեւ սրտին խորքը։

Հիմա լուսաւոր ու պայծառ լոյսի մէջ

կը քալենք հաստատ քայլերով։

Շնորհակալ ենք որ կ’օգնես, ո՛վ Աստուած,

որ քալենք ճշմարիտ ճամբայով։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Ճամբան աւելի լուսաւոր է.

կը քալենք պայծառ ուղիով։

Տես՝ ի՛նչ կը յայտնէ Տէր Եհովան. . .

կ’ուղղէ, մեր ձեռքէն բռնելով։