Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 68

Խոնարհ մարդուն աղօթքը

Խոնարհ մարդուն աղօթքը

(Սաղմոս 4։1)

1. Եհո՛վա Հայր, կը խնդրեմ ես,

իմ աղօթքս լսէ։

Ունիմ ցաւեր, խորունկ վէրքեր. . .

հաճիս ինծի օգնէ։

Ո՛վ Տէր, որքա՜ն տկար եմ ես,

տխուր ու վհատած։

Վերցուր բեռս, զիս ամոքէ,

Աստուա՛ծ իմ ողորմած։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Օգնէ՝ տոկամ, զիս բարձրացուր

ու հաստատէ իմ յոյսս դուն։

Յուսահատած կ’աղաչեմ ես,

զիս զօրացուր, իմ Ապաւէն։

2. Քու Խօսքդ զիս մխիթարած

ու քաջալերած է,

զգացումներ արտայայտած,

զորս չեմ կրնար պատմել։

Հաճիս մէջս հաւատք կերտէ

քու Խօսքովդ, ո՛վ Տէր։

Քու սէրդ իմ սրտէս մեծ է,

ի՜նչ յոյս կը ներշնչէ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Օգնէ՝ տոկամ, զիս բարձրացուր

ու հաստատէ իմ յոյսս դուն։

Յուսահատած կ’աղաչեմ ես,

զիս զօրացուր, իմ Ապաւէն։