Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 130

Կեանքը հրաշք է

Կեանքը հրաշք է

(Սաղմոս 36։9)

1. Նորածին մանուկ, անձրեւի կաթիլ,

ցորենի ամէն հատիկ, շողն արեւի. . .

Ասոնք Աստուծմէ պարգեւներ են թանկ,

եւ իրեն փառք կը բերեն, պատիւ, գովասանք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք պարգեւի հետ մենք.

Եհովան՝ կեանքի Աղբիւրը, սիրենք ու պաշտենք,

Իսկ ի՛նչ որ ալ ընենք, չենք կրնար զայն շահիլ։

Պարգեւ է կեանքը մեր, սքանչելի հրաշք։

2. Թերեւս ոմանք յոյսերնին կտրեն,

‘Հայհոյէ Աստուծոյ եւ մեռիր’, ըսեն։

Մենք Յոբի կնոջ խօսքը չենք ըսեր.

ամէն մէկ շունչի համար Եահը կը գովենք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք պարգեւի հետ մենք.

մեր շուրջիններուն սրտանց հոգ տանինք ու սիրենք։

Իսկ ի՛նչ որ ալ ընենք, չենք կրնար զայն շահիլ։

Պարգեւ է կեանքը մեր, սքանչելի հրաշք։