Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 64

Ճշմարտութիւնը իւրացուր

Ճշմարտութիւնը իւրացուր

(Առակաց 3։1, 2)

1. Ճամբան ճշմարիտ ամէնէն լաւ ուղին է.

Եհովան քեզի կը յայտնէ զայն։

Ուստի Աստուծոյ խրատները միշտ լսէ

եւ իր խօսքերուն հաւատա՛։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Սեփականացուր,

կիրարկէ եւ իւրացուր

կենսաբեր, անգին

ճշմարտութիւնը.

եւ գտիր ուրախութիւն։

2. Եթէ ջանք թափես, ժամանակ տրամադրես,

Եահին ծառայես ամբողջ սրտով,

երկինքը գանձեր շարունակ պիտի դիզես՝

դուն անվերջ կեանքին հասնելով։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Սեփականացուր,

կիրարկէ եւ իւրացուր

կենսաբեր, անգին

ճշմարտութիւնը.

եւ գտիր ուրախութիւն։

3. Մենք Աստուծոյ քով փոքր երեխաներ ենք.

իր խրատները պէտք է լսենք։

Ուստի ամէն օր երկնաւոր Հօր հետ քալենք

եւ օրհնութիւններ ձեռք ձգենք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Սեփականացուր,

կիրարկէ եւ իւրացուր

կենսաբեր, անգին

ճշմարտութիւնը.

եւ գտիր ուրախութիւն։