Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 100

Մենք Եհովայի բանա՛կն ենք

Մենք Եհովայի բանա՛կն ենք

(Յովէլ 2։7)

1. Եհովայի բանակն ենք,

ազատուած՝ Չարէն։

Թագաւորութեան մասին

անդադար քարոզենք։

Կը տենչանք Եահի հանդէպ

ուղղամիտ մնալ։

Քաջ ու հաստատուն ենք,

մեր մէջ վախ չկայ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Եհովայի բանակն ենք,

Քրիստոսով մէկ ենք։

Ցնծութեամբ հռչակենք.

«Եհովան կ’իշխէ»։

2. Աստուծոյ ծառաներն ենք.

միշտ ջանք կը թափենք,

որ կորսուած, մոլորած

ոչխարները գտնենք։

Վերայցելութիւններով

զանոնք կերակրենք

եւ մեր ժողովներուն

միշտ հրաւիրենք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Եհովայի բանակն ենք,

Քրիստոսով մէկ ենք։

Ցնծութեամբ հռչակենք.

«Եհովան կ’իշխէ»։

3. Եհովայի բանակն ենք.

հաստատուն կայնինք։

Ուղղամտութիւն պահենք

եւ հաւատքով զինուինք։

Պէտք է որ հաւատարիմ

եւ արթուն ըլլանք։

Վտանգներու դիմաց

Սուրբ Խօսքին անսանք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Եհովայի բանակն ենք,

Քրիստոսով մէկ ենք։

Ցնծութեամբ հռչակենք.

«Եհովան կ’իշխէ»։