Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 29

Ուղղամտութեամբ քալել

Ուղղամտութեամբ քալել

(Սաղմոս 26)

1. Դուն դատէ զիս, Բարձրեալ Տէր Եհովա.

իմ անարատ ճամբաս հաճիս նկատի առ։

Տէր, կը խնդրեմ, զիս փորձէ ու քննէ.

միտքս, սիրտս զտէ, իմ հոգիս դուն օրհնէ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Վճռած եմ ես, որ յաւիտենապէս

քալեմ պարկեշտութեամբ եւ ուղղամտութեամբ։

2. Ես ստախօս մարդոց հետ չեմ նստիր.

Խօսքդ ատողներու հետ չեմ ընկերակցիր։

Մի՛ դատեր զիս անօրէն մարդոց հետ,

որոնց ձեռքին մէջ կայ արեան, կաշառքի հետք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Վճռած եմ ես, որ յաւիտենապէս

քալեմ պարկեշտութեամբ եւ ուղղամտութեամբ։

3. Ես կը սիրեմ տանդ մէջ բնակիլ,

քու զոհասեղանիդ շուրջը միշտ պտըտիլ,

պաշտել քեզ, Հա՛յր, ու գովերգել սրտանց,

պատմել բոլոր մարդոց, քու փառքդ վեհապանծ։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Վճռած եմ ես, որ յաւիտենապէս

քալեմ պարկեշտութեամբ եւ ուղղամտութեամբ։

(Տե՛ս նաեւ Սաղ. 25։2)