Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 126

Սիրով կատարուած մեր ծառայութիւնը

Սիրով կատարուած մեր ծառայութիւնը

(Սաղմոս 127։1)

1. Տէր Եհովա, ի՜նչ օր է. . .

Մեր սիրտը աղօթել կ’ուզէ։

Մեզ այնքա՛ն պատուեցիր, սիրեցիր. . .

չենք գտներ բառեր։

Մեզ օրհնեցիր, Տէր Աստուա՛ծ,

այս գործը տեսանք կատարուած։

Ահաւասիկ կանգնած, կառուցուած

շինութիւնը այս։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Եհովա Հայր, ի՛նչ մեծ պատիւ էր

այս վայրը քեզի նուիրել։

Կը փափաքինք, ո՛վ Տէր, յաւե՜րժ քեզ փառաբանել,

ծառայութեամբ պատիւ բերել։

2. Ուրախ դէմքեր կը տեսնենք,

լաւ բարեկամներ դարձած ենք։

Այս պահերը անգին, թանկագին,

միշտ պիտի յիշենք։

Քու սուրբ հոգիդ զգացինք,

երբ աշխատեցանք միասին։

Քու բարի համբաւդ, անունդ

ծանուցանեցինք։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Եհովա Հայր, ի՛նչ մեծ պատիւ էր

այս վայրը քեզի նուիրել։

Կը փափաքինք, ո՛վ Տէր, յաւե՜րժ քեզ փառաբանել,

ծառայութեամբ պատիւ բերել։