Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 73

Սրտանց ու ջերմօրէն սիրենք

Սրտանց ու ջերմօրէն սիրենք

(Ա. Պետրոս 1։22)

1. Սէրը թող բխի մեր սրտէն՝

գուրգուրանքի բուն աղբիւրէն։

Անկեղծօրէն ու ջերմօրէն

եղբայրները սիրենք։

Մեր անկեղծ միտումները մենք

արտայայտելու կերպ գտնենք.

Եհովան ընդօրինակենք

եւ մեր սէրը փաստենք։

Թող խօսքով, գործով սիրենք

եւ կարիքաւորներուն օգնենք։

Միշտ առիթն օգտագործենք,

բարութիւն դրսեւորենք։

Սէր ու յարգանք ցուցաբերենք

եւ ազնուութեամբ միշտ քալենք։

Մեր միութիւնը պահպանենք

ու բնաւ չբամբասենք.

հաւատարմութեամբ քալենք։

2. Ջերմեռանդութեամբ երբ սիրենք՝

զիրար պիտ’ չվիրաւորենք,

եղբայրները պիտի պատուենք

եւ անոնց վստահինք։

Ուստի զիրար գնահատենք,

հաւատարիմ սէր մշակենք,

ժողովներուն մասնակցինք մենք

եւ զօրութեամբ լեցուինք։

Ամէն օր կը մեղանչենք

եւ յաճախ անմիտ խօսքեր կ’ըսենք։

Ուստի պէտք է ջանք թափենք

որ քնքշութեամբ վարուինք մենք։

Ճշմարիտ ընկեր ըլլանք մենք,

եղբայրասիրութիւն յայտնենք.

թող մարդիկ մեր սէրը տեսնեն։

Եհովան փառաբանենք

եւ իրեն պէս միշտ սիրենք։