Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 8

Տէրունական ընթրիքը

Տէրունական ընթրիքը

(Մատթէոս 26։26-30)

1. Նիսանի տասնչորսին էր, Հա՛յր,

երբ սէրդ խորունկ փաստեցիր,

քու մեծ արդարութեամբ եւ խոր իմաստութեամբ,

անսպառ զօրութեամբ գործեցիր։

Կերան Պասեքի գառն՝ այդ ատեն,

եւ իսրայէլն ազատեցաւ։

Տէրն արիւնն իր թափեց եւ մեր կեանքը փրկեց։

Աստուծոյ խօսքը կատարուեցաւ։

2. Ո՛վ Եահ, առջեւդ հաւաքուած ենք,

որպէս արօտիդ ոչխարներ,

որ գովենք սէրդ մեծ, զոր Քրիստոս ինք յայտնեց.

պատուենք սուրբ անունդ վսեմ։

Մենք վառ պահենք սրտով ու մտքով,

եւ միշտ յիշենք այս Երեկոն։

Քրիստոսին հետեւինք, իրեն պէս միշտ վարուինք

եւ յաւերժական կեանքին հասնինք։