Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 42

‘Տկարներուն օգնենք’

‘Տկարներուն օգնենք’

(Գործք 20։35)

1. Տկարութիւնները մեր

շատ են, անհամար։

Բայց Աստուած կը սիրէ մեզ,

մեծ սիրով անմար։

Ան շատ ողորմած է,

իր սէրը խորունկ է։

Թող տկարներուն օգնենք,

սէր ցուցաբերենք։

2. ‘Ո՞վ թոյլ է, եւ ես թոյլ չեմ’,

զայս Պօղոսն ըսաւ։

Քրիստոսի արեամբ՝ մեզի

կեանք շնորհուեցաւ։

Աստուած տկարներուն

կրնայ տալ զօրութիւն։

Անոնց հոգն ու ցաւն զգանք,

կարեկից ըլլանք։

3. Տկարները չդատենք.

բնաւ չմոռնանք

որ եթէ ազնիւ ըլլանք,

անոնց ոյժ կու տանք։

Միշտ ըլլանք ջանասէր,

տկարներուն օգնենք

եւ զանոնք քաջալերենք

ու մխիթարենք։