Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Երգ 9

Փառաբանե՛նք Եհովան՝ մեր Աստուածը

Փառաբանե՛նք Եհովան՝ մեր Աստուածը

(Սաղմոս 145։12)

1. Գովերգենք, փառք տանք Աստուծոյ,

սուրբ անունն իր միշտ ճանչցնենք։

Քարոզենք՝ «Մօտ է օրն Աստ’ծոյ»,

բոլորը նախազգուշացնենք։

Աստուած Յիսուսը՝ Անդրանիկը իր՝

թագադրած է որպէս Արքայ։

Ուստի ցնծալով պատմենք բոլորին՝

«Տէրն օրհնութիւններ պիտի տայ»։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Եհովան միշտ փառաբանենք,

վեհութիւնը բոլորին յայտնենք։

2. Բարձրաձայն փառք տանք Աստուծոյ,

ցնծալի երգով գովերգենք։

Եւ սրտանց, գոհունակ սրտով,

քաջաբար անոր մասին պատմենք։

Թէեւ փառահեղ, հզօր է Աստուած,

բայց խոնարհ է, քնքուշ, բարի։

Արդար է, սիրող ու շատ ողորմած,

ան Լսողն է մեր աղօթքի։

(ԿՐԿՆԵՐԳ)

Եհովան միշտ փառաբանենք,

վեհութիւնը բոլորին յայտնենք։