Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 8

Խաղաղութիւնը պահպանէ՝ նախանձին դէմ դնելով

Խաղաղութիւնը պահպանէ՝ նախանձին դէմ դնելով

«Հետամո՛ւտ ըլլանք այն բաներուն՝ որոնք խաղաղութիւն կը հայթայթեն, եւ այն բաներուն՝ որոնցմով շինութիւն կ’ըլլայ իրարու» (ՀՌՈՎ. 14։19, ԱԾ

ԵՐԳ 39 Խաղաղութիւնը մեր ժառանգութիւնն է

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1. Նախանձը ինչպէ՞ս Յովսէփի ընտանիքին ազդեց։

ՅԱԿՈԲ իր բոլոր զաւակները կը սիրէր, բայց յատուկ գուրգուրանք ունէր 17 տարեկան Յովսէփին հանդէպ։ Յովսէփին եղբայրները ինչպէ՞ս հակազդեցին։ Իրեն նախանձեցան, ինչ որ ձգեց որ զինք ատեն։ Ան բա՛ն մը չէր ըրած, որուն պատճառով զինք ատէին։ Բայց եւ այնպէս, զինք իբրեւ ստրուկ ծախեցին եւ իրենց հօր սուտ խօսեցան, ըսելով որ գազան մը իր նախասիրած որդին սպաննած էր։ Նախանձը պատճառ դարձաւ որ անոնք ընտանիքին խաղաղութիւնը խանգարեն եւ իրենց հօր սիրտը կտոր–կտոր ընեն (Ծն. 37։3, 4, 27-34

2. Գաղատացիս 5։19-21–ի համաձայն, նախանձը ինչո՞ւ շատ վտանգաւոր է։

2 Աստուածաշունչին մէջ, նախանձը * կը նշուի «մարմնին գործեր»ուն մէջ, որոնք թոյլ չեն տար, որ անհատ մը Աստուծոյ Թագաւորութիւնը ժառանգէ (կարդա՛ Գաղատացիս 5։19-21)։ Երբ նախանձը արմատ կապէ, յաճախ թունաւոր պտուղ կու տայ, ինչպէս՝ ատելութիւն, կռիւ եւ բարկութեան պոռթկումներ։

3. Յօդուածին մէջ ի՞նչ պիտի քննարկենք։

3 Յովսէփի եղբայրներուն օրինակը ցոյց կու տայ, որ նախանձը կրնայ փոխյարաբերութիւններու վնաս հասցնել եւ ընտանիքին խաղաղութիւնը խանգարել։ Թէեւ բնաւ պիտի չընենք ինչ որ Յովսէփի եղբայրները ըրին, բայց բոլորս ալ անկատար ու խաբեբայ սիրտ ունինք (Եր. 17։9)։ Ուրեմն, զարմանալի չէ որ երբեմն նախանձի զգացումներ ունենանք։ Աստուածաշունչէն նկատի պիտի առնենք կարգ մը ազդարարական օրինակներ, որոնք մեզի կ’օգնեն տեսնելու, թէ ի՛նչ պատճառներով նախանձը կրնայ արմատ կապել մեր սրտին մէջ։ Ետքը, պիտի քննարկենք թէ ի՛նչ գործնական կերպերով կրնանք նախանձին դէմ դնել եւ խաղաղութիւնը յառաջ մղել։

Ի՞ՆՉ ԲԱՆԵՐ ԿՐՆԱՆ ՆԱԽԱՆՁ ՊԱՏՃԱՌԵԼ

4. Փղշտացիները ինչո՞ւ Իսահակին նախանձեցան։

4 Երբ ուրիշը նիւթական վիճակով աւելի լաւ է։ Իսահակ հարուստ էր, եւ փղշտացիները իր բարգաւաճ վիճակին նախանձեցան (Ծն. 26։12-14)։ Անոնք նոյնիսկ գոցեցին այն ջրհորները, որոնց Իսահակ կ’ապաւինէր իր անասուններուն ջուր տալու համար (Ծն. 26։15, 16, 27)։ Փղշտացիներուն պէս, ներկայիս կարգ մը մարդիկ կը նախանձին անոնց, որոնք իրենցմէ աւելի նիւթական ստացուածք ունին։ Իրենք ոչ միայն կ’ուզեն անոնց ունեցածը ունենալ, հապա նաեւ կ’ուզեն որ անոնք իրենց ունեցածէն զրկուին։

5. Կրօնական առաջնորդները ինչո՞ւ Յիսուսին նախանձեցան։

5 Երբ ուրիշը շատերու կողմէ սիրուած է։ Հրեայ կրօնական առաջնորդները Յիսուսին նախանձեցան, քանի որ ժողովուրդին կողմէ շատ սիրուած էր (Մատ. 7։28, 29)։ Յիսուս Աստուծոյ ներկայացուցիչն էր, եւ ճշմարտութիւնը կը սորվեցնէր։ Հակառակ ատոր, կրօնական առաջնորդները նենգ սուտեր ու զրպարտութիւններ տարածեցին, որպէսզի Յիսուսի լաւ համբաւին վնասեն (Մար. 15։10. Յովհ. 11։47, 48. 12։12, 13, 19)։ Այս արձանագրութենէն ի՞նչ կը սորվինք։ Պէտք է ջանանք չնախանձիլ անոնց, որոնք ժողովքին կողմէ սիրուած են իրենց լաւ յատկութիւններուն համար։ Փոխարէնը, կ’ուզենք իրենց գովելի վարուելակերպը ընդօրինակել (Ա. Կոր. 11։1. Գ. Յովհ. 11

6. Դիոտրեփէսը ինչպէ՞ս նախանձ ցոյց տուաւ։

6 Երբ ուրիշը աստուածպետական առանձնաշնորհումներ ունի։ Առաջին դարուն, Դիոտրեփէս նախանձեցաւ անոնց, որոնք ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն կ’առնէին։ Ան ժողովքին մէջ ‘առաջին ըլլալ ուզելով’, չարամիտ խօսքեր տարածեց Յովհաննէս առաքեալին եւ ուրիշ պատասխանատու եղբայրներու մասին, անոնց հանդէպ յարգանքը պակսեցնելու համար (Գ. Յովհ. 9, 10)։ Թէեւ Դիոտրեփէսի ըրածը բնա՛ւ պիտի չընենք, բայց կրնանք սկսիլ նախանձիլ հաւատակիցի մը, որ կը ստանայ այն նշանակումը, որ մենք կը փափաքէինք ունենալ,– մանաւանդ եթէ կը զգանք, որ իրեն չափ որակեալ ենք այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնելու։

Մեր սիրտը հողի կը նմանի եւ մեր լաւ յատկութիւնները գեղեցիկ ծաղիկներու կը նմանին։ Բայց նախանձը թունաւոր որոմի կը նմանի։ Նախանձը կրնայ լաւ յատկութիւններու զարգացման արգելք ըլլալ, ինչպէս՝ սէր, կարեկցութիւն եւ քաղցրութիւն (տե՛ս պարբերութիւն 7)

7. Նախանձը ինչպէ՞ս կրնայ մեզի ազդել։

7 Նախանձը թունաւոր որոմի կը նմանի։ Մէյ մը որ նախանձի սերմը մեր սրտին մէջ արմատ կապէ, զայն արմատախիլ ընելը դժուար կ’ըլլայ։ Նախանձը աւելի կ’աճի, երբ ուրիշ ժխտական զգացումներ ալ կան, ինչպէս՝ հպարտութիւնն ու անձնասիրութիւնը։ Ծաղիկին աճումը խեղդող որոմին պէս, նախանձը թոյլ չի տար որ լաւ յատկութիւններ զարգացնենք, ինչպէս՝ սէր, կարեկցութիւն եւ քաղցրութիւն։ Հազիւ նկատենք, թէ նախանձը սկսաւ ծլիլ, պէտք է զայն մեր սրտէն արմատախիլ ընենք։ Ինչպէ՞ս կրնանք նախանձին դէմ դնել։

ԽՈՆԱՐՀՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԳՈՀՈՒՆԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄՇԱԿԷ

Ինչպէ՞ս կրնանք որոմանման նախանձին դէմ դնել։ Սուրբ հոգիին օգնութեամբ, կրնանք նախանձը արմատախիլ ընել եւ զայն փոխարինել խոնարհութեան եւ գոհունակութեան յատկութիւններով (տե՛ս պարբերութիւն 8-9)

8. Ի՞նչ յատկութիւններ ունենալով կրնանք նախանձին դէմ դնել։

8 Կրնանք նախանձին դէմ դնել, խոնարհութիւն եւ գոհունակութիւն մշակելով։ Երբ մեր սիրտը այս լաւ յատկութիւններով լեցուի, նախանձը ոտք դնելու տեղ պիտի չգտնէ։ Խոնարհութիւնը պիտի օգնէ, որ մեծամիտ չըլլանք։ Խոնարհ անձը չի խորհիր, որ որոշ բանի մը համար ինք ուրիշներէ աւելի արժանի է (Գաղ. 6։3, 4)։ Իսկ գոհունակ անձը իր ունեցածով կը բաւարարուի եւ ինքզինք ուրիշներու հետ չի բաղդատեր (Ա. Տիմ. 6։7, 8)։ Երբ խոնարհ ու գոհունակ անձը տեսնէ թէ ուրիշը լաւ բան մը ստացաւ, իրեն համար կ’ուրախանայ։

9. Գաղատացիս 5։16 եւ Փիլիպպեցիս 2։3, 4–ի համաձայն, սուրբ հոգին պիտի օգնէ որ ի՞նչ ընենք։

9 Աստուծոյ սուրբ հոգիին օգնութեան պէտք ունինք, եթէ կ’ուզենք նախանձին դէմ դնել եւ խոնարհութիւն ու գոհունակութիւն մշակել (կարդա՛ Գաղատացիս 5։16. Փիլիպպեցիս 2։3, 4)։ Սուրբ հոգին կրնայ օգնել, որ մեր ամենաներքին մտածումներն ու շարժառիթները քննենք։ Եւ Աստուծոյ օգնութեամբ, վնասակար մտածումներն ու զգացումները կրնանք փոխարինել շինիչ մտածումներով ու զգացումներով (Սաղ. 26։2. 51։10)։ Նկատի առ Մովսէսի ու Պօղոսի օրինակները, որոնք նախանձի հակումին յաջողապէս դէմ դրին։

Պատանի իսրայէլացի մը Մովսէսին ու Յեսուին լուր կու տայ, թէ բանակավայրին մէջ երկու տղամարդ կը մարգարէանան։ Յեսուն Մովսէսէն կը խնդրէ որ զանոնք արգիլէ։ Բայց Մովսէս Յեսուին կ’ըսէ որ ինք ուրախ է, որ Եհովան Իր հոգին այդ երկու տղամարդոց վրայ դրաւ (պարբերութիւն 10)

10. Մովսէս ի՞նչ պարագայ դիմագրաւեց (տե՛ս կողքին նկարը)։

10 Մովսէս Աստուծոյ ժողովուրդին վրայ մեծ հեղինակութիւն ունէր, բայց չփորձեց արգելք ըլլալ որ ուրիշներ այդ առանձնաշնորհումը ստանան։ Օրինակ, առիթով մը, Եհովան Մովսէսէն առաւ սուրբ հոգիէն մաս մը եւ տուաւ ծերերու, որոնք վկայութեան խորանին մօտ կայնած էին։ Անկէ քիչ ետք, Մովսէս իմացաւ թէ երկու ծերեր, որոնք վկայութեան խորանը չէին եկած, նմանապէս սուրբ հոգին ստացած էին եւ սկսած էին մարգարէանալ։ Ան ինչպէ՞ս հակազդեց, երբ Յեսուն իրմէ խնդրեց որ երկու ծերերը արգիլէ։ Մովսէս չնախանձեցաւ որ Եհովան երկու ծերերուն ուշադրութիւն կը դարձնէր։ Փոխարէնը, խոնարհաբար անոնց հետ ուրախացաւ իրենց առանձնաշնորհումին համար (Թւ. 11։24-29)։ Մովսէսէն ի՞նչ դաս կրնանք սորվիլ։

Քրիստոնեայ երէցները ինչպէ՞ս կրնան Մովսէսին պէս խոնարհ ըլլալ (տե՛ս պարբերութիւն 11-12) *

11. Երէցները ինչպէ՞ս կրնան Մովսէսը ընդօրինակել։

11 Եթէ երէց մըն ես, երբեք քեզմէ խնդրուա՞ծ է, որ ուրիշը մարզես ժողովքին մէջ ստանձնելու առանձնաշնորհում մը, որ դուն շատ կը սիրես։ Օրինակ, թերեւս Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնը ամէն շաբաթ վարելու առանձնաշնորհումը կը սիրես։ Բայց եթէ Մովսէսին պէս խոնարհ ես, պիտի չխորհիս որ նուազ կարեւոր պիտի դառնաս, եթէ քեզմէ խնդրուի մարզել եղբայր մը, որպէսզի ժամանակի ընթացքին այս առանձնաշնորհումը ստանայ։ Փոխարէնը, ուրախ պիտի ըլլաս եղբօր օգնելով։

12. Ներկայիս, բազմաթիւ քրիստոնեաներ ինչպէ՞ս գոհունակութիւն եւ խոնարհութիւն ցոյց կու տան։

12 Նկատի առ ուրիշ պարագայ մը, որ բազմաթիւ տարեց եղբայրներ կը դիմագրաւեն։ Անոնք տասնամեակներ շարունակ ծառայած են որպէս երէցներու մարմինի համակարգող։ Բայց երբ 80 տարեկան կ’ըլլան, իրենց նշանակումը յօժարաբար կը յանձնեն։ Իսկ շրջանային տեսուչները, որոնք 70 տարեկան կ’ըլլան, խոնարհաբար իրենց առանձնաշնորհումը կը յանձնեն եւ ծառայութեան ուրիշ նշանակում կ’ընդունին։ Եւ վերջին տարիներուն, աշխարհի տարածքին Բեթէլի ընտանիքի բազմաթիւ անդամներ դաշտ ղրկուեցան, նոր նշանակումներ ստանալով։ Այս հաւատարիմ եղբայրներն ու քոյրերը ծուռ աչքով չեն նայիր անոնց, որոնք այժմ իրենց նախապէս վայելած նշանակումներուն հոգ կը տանին։

13. Պօղոս 12 առաքեալներուն նախանձելու ի՞նչ պատճառներ ունէր։

13 Պօղոս առաքեալ գոհունակութիւն ու խոնարհութիւն մշակելու մէջ ուրիշ լաւ օրինակ մըն է։ Ան թոյլ չտուաւ, որ իր մէջ նախանձ զարգանայ։ Ծառայութեան մէջ ծանր աշխատելով հանդերձ, խոնարհաբար ըսաւ. «Ես առաքեալներուն ամենէն յետինն եմ, որ արժանի ալ չեմ առաքեալ ըսուելու» (Ա. Կոր. 15։9, 10)։ 12 առաքեալները Յիսուսին հետեւեցան իր երկրային ծառայութեան ընթացքին, բայց Պօղոս քրիստոնեայ դարձաւ Յիսուսի յարութենէն ետք։ Թէեւ ի վերջոյ ան «հեթանոսներուն առաքեալ» նշանակուեցաւ, բայց բնաւ չեղաւ 12 առաքեալներէն մէկը (Հռով. 11։13. Գործք 1։21-26)։ Փոխանակ նախանձելու այդ 12 տղամարդոց եւ Յիսուսին հետ իրենց վայելած մօտիկ ընկերակցութեան, ան իր ունեցածով գոհունակ մնաց։

14. Ի՞նչ պիտի ընենք, եթէ գոհունակ եւ խոնարհ ենք։

14 Եթէ գոհունակ եւ խոնարհ ենք, Պօղոսին պէս պիտի ըլլանք եւ պիտի յարգենք այն հեղինակութիւնը, որ Եհովան ուրիշներուն տուած է (Գործք 21։20-26)։ Եհովան կարգադրութիւն ըրած է, որ նշանակուած տղամարդիկ ժողովքին մէջ առաջնորդութիւն առնեն։ Հակառակ իրենց անկատարութիւններուն, ան զիրենք կը նկատէ՝ «տղամարդիկ որպէս պարգեւներ» (Եփ. 4։8, ՆԱ, 11)։ Երբ այս նշանակուած տղամարդիկը կը յարգենք եւ իրենց ուղղութեան խոնարհաբար կը հետեւինք, Եհովային մօտիկ կը մնանք եւ հաւատակիցներուն հետ խաղաղութիւն կը վայելենք։

«ՀԵՏԱՄՈ՛ՒՏ ԸԼԼԱՆՔ ԱՅՆ ԲԱՆԵՐՈՒՆ՝ ՈՐՈՆՔ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՀԱՅԹԱՅԹԵՆ»

15. Ի՞նչ պէտք է ընենք։

15 Եթէ նախանձը ծաղկի, խաղաղութիւնը չի կրնար գոյատեւել։ Պէտք է նախանձը մեր սրտէն արմատախիլ ընենք եւ ուրիշներու սրտին մէջ նախանձի սերմեր չցանենք։ Պէտք է այս երկու կարեւոր բաները ընենք, եթէ կ’ուզենք հնազանդիլ Եհովայի պատուէրին, որ «հետամո՛ւտ ըլլանք այն բաներուն՝ որոնք խաղաղութիւն կը հայթայթեն, եւ այն բաներուն՝ որոնցմով շինութիւն կ’ըլլայ իրարու» (Հռով. 14։19, ԱԾ)։ Յատկապէս ի՞նչ կրնանք ընել ուրիշներուն օգնելու, որ նախանձին դէմ դնեն, եւ ինչպէ՞ս կրնանք խաղաղութիւնը յառաջ մղել։

16. Ինչպէ՞ս կրնանք ուրիշներուն օգնել, որ նախանձին դէմ դնեն։

16 Ուրիշներ կրնան մեր կեցուածքներէն ու արարքներէն մեծապէս ազդուիլ։ Աշխարհը կ’ուզէ որ մեր ունեցածը ‘ցուցադրաբար ներկայացնենք’ (Ա. Յովհ. 2։16, ՆԱ)։ Բայց այս կեցուածքը նախանձ կ’արթնցնէ։ Կրնանք ուրիշները նախանձոտ չդարձնել, եթէ շարունակ չխօսինք մեր ունեցածներուն մասին կամ այն բաներուն մասին, որոնք կը մտադրենք գնել։ Նախանձին առաջքը կ’առնենք նաեւ, երբ ժողովքին մէջ մեր ունեցած առանձնաշնորհումներուն նկատմամբ համեստ կ’ըլլանք։ Եթէ մեր առանձնաշնորհումներուն վրայ միշտ ուշադրութիւն հրաւիրենք, բարեբեր հող կը պատրաստենք, որուն մէջ նախանձը կրնայ աճիլ։ Փոխարէնը, եթէ ուրիշներուն հանդէպ անկեղծ հետաքրքրութիւն ցոյց տանք եւ իրենց ըրած լաւ բաները նշենք, իրենց կ’օգնենք որ գոհունակ զգան եւ ժողովքին միութիւնն ու խաղաղութիւնը կը հաստատենք։

17. Յովսէփին եղբայրները ի՞նչ կրցան ընել եւ ինչո՞ւ։

17 Նախանձին դէմ մղուած պատերազմէն կրնանք յաղթական դուրս գալ։ Նորէն նկատի առ Յովսէփի եղբայրներուն օրինակը։ Յովսէփին հետ գէշ կերպով վարուելէ տարիներ ետք, իրեն հանդիպեցան Եգիպտոսի մէջ։ Յովսէփ իր ինքնութիւնը յայտնելէ առաջ, զանոնք փորձեց, գիտնալու համար թէ փոխուա՛ծ են կամ ոչ։ Զանոնք ճաշի հրաւիրեց, որուն ընթացքին կրտսերագոյն եղբօր՝ Բենիամինին, առջեւ շատ աւելի ուտելիք դրաւ, քան իր միւս եղբայրներուն առջեւ (Ծն. 43։33, 34)։ Բայց իր եղբայրները Բենիամինին չնախանձեցան։ Փոխարէնը, անոնք անկեղծ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին թէ՛ Բենիամինին եւ թէ իրենց հօր հանդէպ (Ծն. 44։30-34)։ Որովհետեւ այլեւս նախանձոտ չէին, կրցան իրենց ընտանիքին մէջ խաղաղութիւնը վերահաստատել (Ծն. 45։4, 15)։ Նոյնպէս, եթէ նախանձի որեւէ զգացում արմատախիլ ընենք, պիտի օգնենք որ մեր ընտանիքին ու ժողովքին մէջ խաղաղութիւնը պահպանուի։

18. Յակոբոս 3։17, 18–ի համաձայն, երբ խաղաղ միջավայրի մը նպաստենք, արդիւնքը ի՞նչ կ’ըլլայ։

18 Եհովան կ’ուզէ, որ նախանձին դէմ դնենք եւ խաղաղութիւնը պահպանենք։ Պէտք է շատ ջանք թափենք, որ այս երկու բաները ընենք։ Ինչպէս որ քննարկեցինք, մենք նախանձելու հակում ունինք (Յակ. 4։5)։ Եւ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, որ նախանձին թափ կու տայ։ Բայց եթէ խոնարհութիւն, գոհունակութիւն եւ գնահատանք մշակենք, նախանձին առջեւ մեր սրտին դուռը փակ կը պահենք։ Եւ պիտի նպաստենք խաղաղ միջավայրի մը, ուր լաւ յատկութիւններ կրնանք զարգացնել (կարդա՛ Յակոբոս 3։17, 18

ԵՐԳ 77 Ներողամիտ ըլլանք

^ պարբ. 5 Եհովայի կազմակերպութեան մէջ խաղաղութիւն կը տիրէ։ Բայց այս խաղաղութիւնը կրնայ խանգարուիլ, եթէ թոյլ տանք նախանձին որ մեր մէջ զարգանայ։ Յօդուածը պիտի բնորոշէ նախանձին պատճառները։ Նաեւ պիտի քննարկէ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք այս վնասակար յատկութեան դէմ պայքարիլ եւ խաղաղութիւնը յառաջ մղել։

^ պարբ. 2 ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆ. Ինչպէս որ Աստուածաշունչին մէջ նկարագրուած է, նախանձը կրնայ պատճառ դառնալ, որ անհատը ոչ միայն ուզէ բան մը, որ ուրիշները ունին, հապա նաեւ ուզէ որ անոնք իրենց ունեցածէն զրկուին։

^ պարբ. 61 ՆԿԱՐԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵԼ. Երէցներու մարմինի ժողովի մը ընթացքին, Դիտարան–ի ուսումնասիրութիւնը վարող տարեց եղբօրմէն կը խնդրուի երիտասարդ երէցը մարզել, որ այս առանձնաշնորհումին հոգ տանի։ Թէեւ տարեց եղբայրը իր նշանակումը կը սիրէ, բայց երէցներուն որոշումին սրտանց թիկունք կը կանգնի, երիտասարդ երէցին գործնական առաջարկներ տալով եւ զինք սրտանց գովելով։