Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ 7

Մենք Եհովան՝ մեր Հայրը, սրտանց կը սիրենք

Մենք Եհովան՝ մեր Հայրը, սրտանց կը սիրենք

«Մենք զանիկա կը սիրենք, վասն զի ան առաջ մեզ սիրեց» (Ա. ՅՈՎՀ. 4։19

ԵՐԳ 152 Մեր Վէմը, մեր Յոյսը, մեր Ապաւէնը

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԱԿՆԱՐԿ *

1-2. Եհովան ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս մեր առջեւ ճամբան բացաւ, որ իր ընտանիքին մաս կազմենք։

ԵՀՈՎԱՆ մեզ հրաւիրած է միանալու ընտանիքի մը, որ իր ծառաներէն կը բաղկանայ։ Ի՜նչ հոյակապ հրաւէր։ Մեր այս ընտանիքը կը բաղկանայ անոնցմէ, որոնք Աստուծոյ նուիրուած են եւ իր Որդւոյն զոհին հաւատք կ’ընծայեն։ Մենք երջանիկ ընտանիք ենք։ Հիմա իմաստալից կեանք կը վայելենք, եւ ուրախ ենք անվերջ կեանքի յոյսը ունենալով՝ ըլլայ երկինքին մէջ կամ երկրային Դրախտին մէջ։

2 Սէրէ մղուած եւ մեծ գին վճարելով, Եհովան մեր առջեւ ճամբան բացաւ իր ընտանիքին մէկ մասը ըլլալու (Յովհ. 3։16)։ Մենք ‘գնով ծախու առնուեցանք’ (Ա. Կոր. 6։20)։ Փրկանքին միջոցաւ Եհովան կարելի դարձուց, որ իրեն հետ ջերմ փոխյարաբերութիւն ունենանք։ Մենք պատիւը ունինք տիեզերքի մեծագոյն Անձնաւորութիւնը մեր Հայրը կոչելու։ Եւ ինչպէս որ նախորդ յօդուածին մէջ տեսանք, Եհովան լաւագոյն Հայրն է։

3. Թերեւս ի՞նչ հարցումներ հարցնենք (տե՛ս նաեւ « Եհովան զիս կը նշմարէ՞» շրջանակը)։

3 Սաղմոսերգուի մը նման, թերեւս հարց տանք. «Ի՞նչ հատուցանեմ Տէրոջը՝ անոր ինծի ըրած բոլոր բարութեանը փոխարէն» (Սաղ. 116։12)։ Պատասխանը այն է, որ բնա՛ւ չենք կրնար մեր երկնաւոր Հօր հատուցանել իր բոլոր բարիքներուն փոխարէն։ Բայց կը մղուինք զինք սիրելու։ Յովհաննէս առաքեալ գրեց. «Մենք զանիկա կը սիրենք, վասն զի ան առաջ մեզ սիրեց» (Ա. Յովհ. 4։19)։ Ի՞նչ կերպերով կրնանք մեր երկնաւոր Հօր ցոյց տալ, թէ զինք կը սիրենք։

ԵՀՈՎԱՅԻՆ ՄՕՏԻԿ ՄՆԱՑԻ՛Ր

Մեր երկնաւոր Հօր հանդէպ մեր խոր սէրը ցոյց կու տանք՝ աղօթքի միջոցաւ իրեն մօտիկ մնալով, իրեն հնազանդելով եւ ուրիշներուն օգնելով որ զինք սիրեն (տե՛ս պարբերութիւն 4-14)

4. Յակոբոս 4։8–ի համաձայն, ինչո՞ւ պէտք է ջանք թափենք որ Եհովայի մօտենանք։

4 Եհովան կ’ուզէ որ իրեն մօտենանք եւ իրեն հետ հաղորդակցինք (կարդա՛ Յակոբոս 4։8)։ Ան մեզ կը յորդորէ որ ‘ստէպ աղօթքի կենանք’, եւ միշտ պատրաստ է մեզի մտիկ ընելու (Հռով. 12։12)։ Ան բնա՛ւ այնքան զբաղած չէ որ մեզի մտիկ չընէ, ոչ ալ կը յոգնի։ Իսկ մենք իրեն մտիկ կ’ընենք կարդալով իր Խօսքը՝ Աստուածաշունչը, եւ այն հրատարակութիւնները, որոնք մեզի կ’օգնեն զայն հասկնալու։ Նաեւ իրեն մտիկ կ’ընենք՝ քրիստոնէական ժողովներուն ատեն ուշադիր ըլլալով։ Ճիշդ ինչպէս որ լաւ հաղորդակցութիւնը զաւակներուն կ’օգնէ որ իրենց ծնողքին մօտիկ մնան, նոյնպէս Եհովայի հետ կանոնաւորաբար հաղորդակցիլը մեզի կ’օգնէ որ իրեն մօտիկ մնանք։

Տե՛ս պարբերութիւն 5

5. Ինչպէ՞ս կրնանք մեր աղօթքներուն որակը բարելաւել։

5 Մտածէ՛ թէ աղօթքներուդ որակը ինչպէ՛ս է։ Եհովան կ’ուզէ որ աղօթքով իրեն արտայայտենք մեր մտածումներն ու զգացումները (Սաղ. 62։8)։ Լաւ կ’ըլլայ որ մենք մեզի այս հարցումը հարցնենք. ‘Աղօթքներս մակերեսային եւ նոյնանման մէսըճներու պէ՞ս են, թէ՞ սրտաբուխ ձեռագիր նամակներու պէս’։ Անկասկած Եհովան խորապէս կը սիրես, եւ կ’ուզես իրեն հետ փոխյարաբերութիւնդ զօրաւոր պահել։ Ուստի, պէտք է իրեն հետ կանոնաւորաբար հաղորդակցիս։ Իրեն յայտնէ ծածուկ զգացումներդ։ Իրեն հետ բաժնէ ուրախութիւններդ ու մտահոգութիւններդ։ Եւ վստահ եղիր, որ օգնութեան համար կրնա՛ս իրեն դիմել։

6. Ի՞նչ պէտք է ընենք, որ մեր երկնաւոր Հօր մօտիկ մնանք։

6 Մեր երկնաւոր Հօր մօտիկ մնալու համար, պէտք է մի՛շտ իրմէ շնորհակալ ըլլանք։ Կ’երկրորդենք սաղմոսերգուին խօսքերը. «Շատ են սքանչելիքներդ, որոնք դուն ըրեր ես, ո՛վ իմ Տէր Աստուածս։ Մեր վրայ ունեցած խորհուրդներդ մէ՛կը չի կրնար կարգաւ պատմել քու առջեւդ. պիտի պատմէի ու խօսէի, բայց համրանքէն աւելի շատ են» (Սաղ. 40։5)։ Մենք գնահատանք զգալէն աւելին կ’ընենք. մեր գնահատութիւնը Եհովայի կը յայտնենք մեր խօսքերով ու գործերով։ Ասիկա կը ձգէ որ ներկայիս շատերէ տարբեր ըլլանք, քանի որ կ’ապրինք աշխարհի մը մէջ, ուր մարդիկ չեն գնահատեր ամէն ինչ որ Աստուած իրենց համար կ’ընէ։ Իրականութեան մէջ, փաստերէն մէկը, որ «վերջին օրեր»ուն մէջ կ’ապրինք, այն է՝ որ մարդիկ ապերախտ են (Բ. Տիմ. 3։1, 2)։ Բնա՛ւ այդ կեցուածքը չորդեգրենք։

7. Եհովան կ’ուզէ որ ի՞նչ ընենք եւ ինչո՞ւ։

7 Ծնողները չեն ուզեր որ իրենց զաւակները իրարու հետ կռուին, հապա՝ իրարու բարեկամներ ըլլան։ Նոյնպէս, Եհովան կ’ուզէ որ իր բոլոր զաւակները իրարու հետ համերաշխ ըլլան։ Իրարու հանդէպ մեր սէրը մեզ կը բնորոշէ որպէս ճշմարիտ քրիստոնեաներ (Յովհ. 13։35)։ Եւ կը համաձայնինք սաղմոսերգուին, որ գրեց. «Ահա ո՜րչափ բարի ու ո՜րչափ վայելուչ է որ եղբայրները իրարու հետ միաբանութեամբ բնակին» (Սաղ. 133։1)։ Եղբայրներն ու քոյրերը սիրելով՝ Եհովային ցոյց կու տանք, որ զինք կը սիրենք (Ա. Յովհ. 4։20)։ Ի՜նչ հիանալի է մաս կազմել ընտանիքի մը, որուն անդամները՝ եղբայրներն ու քոյրերը, ‘իրարու հետ քաղցր ու գթած’ են (Եփ. 4։32

ՍԷՐԴ ՑՈՅՑ ՏՈՒՐ՝ ՀՆԱԶԱՆԴ ԸԼԼԱԼՈՎ

Տե՛ս պարբերութիւն 8

8. Ա. Յովհաննէս 5։3–ի համաձայն, Եհովայի հնազանդելու մեր գլխաւոր պատճառը ի՞նչ է։

8 Եհովան զաւակներէն կ’ակնկալէ որ իրենց ծնողներուն հնազանդին, նոյնպէս կ’ակնկալէ որ իրեն հնազանդինք (Եփ. 6։1)։ Ան արժանի է մեր հնազանդութեան, քանի որ մեր Ստեղծիչն է, մեր կեանքի Հայթայթիչն է եւ բոլոր ծնողներէն աւելի իմաստուն է։ Սակայն, Եհովայի հնազանդելու մեր գլխաւոր պատճառն է՝ մեր սէրը իրեն հանդէպ (կարդա՛ Ա. Յովհաննէս 5։3)։ Թէեւ Եհովայի հնազանդելու շա՜տ պատճառներ կան, բայց ան մեզ չի ստիպեր որ իրեն հնազանդինք։ Ան մեզի ազատ կամք տուած է, ուստի կ’ուրախանայ, երբ կ’որոշենք իրեն հնազանդիլ՝ քանի որ զինք կը սիրենք։

9-10. Ինչո՞ւ կարեւոր է որ Աստուծոյ չափանիշները գիտնանք եւ անոնց համաձայն ապրինք։

9 Ծնողները կ’ուզեն որ իրենց զաւակները ապահով ըլլան։ Անոր համար վարքի չափանիշներ կը դնեն, որոնք զաւակներուն կ’օգտեն։ Երբ զաւակները այդ ուղղութիւններուն կը հնազանդին, ցոյց կու տան որ իրենց ծնողներուն կը վստահին եւ զիրենք կը յարգեն։ Ուրեմն, որքա՜ն աւելի կարեւոր է որ մեր երկնաւոր Հօր չափանիշները գիտնանք եւ անոնց համաձայն ապրինք։ Այդպէս ընելով, Եհովային ցոյց կու տանք, որ զինք կը սիրենք ու կը յարգենք, ինչպէս նաեւ մենք մեզի կ’օգտենք (Եսա. 48։17, 18)։ Իսկ անոնք որոնք Եհովան եւ անոր չափանիշները կը մերժեն, վերջաւորութեան իրենց անձին վնաս կը հասցնեն (Գաղ. 6։7, 8

10 Երբ Եհովայի հաճած կերպով ապրինք, ֆիզիքական, զգացական եւ հոգեւոր վնասներէ կը պաշտպանուինք։ Եհովան գիտէ ի՛նչն է լաւագոյնը մեզի համար։ Օրորա անունով քոյր մը, որ Միացեալ Նահանգներուն մէջ կ’ապրի, կ’ըսէ. «Վստահ եմ որ եթէ Եհովայի հնազանդինք, լաւագոյն կեանքը պիտի ունենանք»։ Ասիկա միշտ ճիշդ է։ Եհովայի սիրալիր ուղղութեան հնազանդելով ինչպէ՞ս օգտուած ես։

11. Աղօթելը ինչպէ՞ս մեզի կ’օգնէ։

11 Աղօթելը մեզի կ’օգնէ, որ հնազանդ ըլլանք նոյնիսկ երբ դժուար է։ Երբեմն, Եհովայի հնազանդելու համար պիտի պայքարինք, բայց պէտք չէ յանձնուինք, հապա մեղք գործելու մեր հակումին պէտք է յարատեւօրէն դէմ դնենք։ Սաղմոսերգուն Աստուծոյ աղաչեց. «Իմաստո՛ւն ըրէ զիս, որպէս զի քու օրէնքդ պահեմ ու բոլոր սրտով զանիկա գործադրեմ» (Սաղ. 119։34)։ Տենիզ, որ կանոնաւոր ռահվիրայ է, կ’ըսէ. «Երբ ինծի համար դժուար ըլլայ Եհովայի պատուէրներէն մէկուն հնազանդիլ, աղօթքով զօրութիւն կը խնդրեմ որ ճիշդը ընեմ»։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան այս տեսակ խնդրանքի միշտ պիտի պատասխանէ (Ղուկ. 11։9-13

ՈՒՐԻՇՆԵՐՈՒՆ ՕԳՆԷ ՈՐ ՄԵՐ ՀԱՅՐԸ ՍԻՐԵՆ

12. Ըստ Եփեսացիս 5։1–ի, ի՞նչ պէտք է ընենք։

12 Կարդա՛ Եփեսացիս 5։1։ Եհովայի «սիրելի զաւակներ»ը ըլլալով, մեր լաւագոյնը կ’ընենք զինք ընդօրինակելու։ Իր յատկութիւնները կ’ընդօրինակենք՝ ուրիշներու հանդէպ սիրալիր, ազնիւ եւ ներողամիտ ըլլալով։ Երբ անոնք՝ որոնք Աստուած չեն ճանչնար, կը տեսնեն մեր բարի վարքը, թերեւս մղուին իր մասին աւելին սորվելու (Ա. Պետ. 2։12)։ Քրիստոնեայ ծնողները պէտք է ջանան իրենց զաւակներուն հետ վարուիլ այնպէս, ինչպէս Եհովան մեզի հետ կը վարուի։ Երբ այդպէս ընեն, զաւակները հաւանաբար ուզեն մեր սիրառատ Հօր հետ անձնական փոխյարաբերութիւն ունենալ։

Տե՛ս պարբերութիւն 13

13. Ի՞նչ բանի վրայ պէտք է կեդրոնանանք։

13 Պզտիկ մը իր հօրմով հպարտ կը զգայ եւ կ’ուրախանայ անոր մասին պատմելով ուրիշներուն։ Նոյնպէս, մենք մեր երկնաւոր Հօրմով հպարտ ենք, եւ կ’ուզենք որ ուրիշներ ալ զինք ճանչնան։ Մեր սրտին մէջ Դաւիթ թագաւորին պէս կը զգանք, որ գրեց. «Իմ անձս Տէրոջմով պիտի պարծի» (Սաղ. 34։2)։ Բայց եթէ ամչկոտ ենք, ինչպէ՞ս կրնանք համարձակ ըլլալ։ Համարձակութիւն կը հաւաքենք, երբ կը կեդրոնանանք այն բանին վրայ, թէ ինչպէ՛ս կրնանք Եհովան ուրախացնել եւ թէ ուրիշներ ինչպէ՛ս պիտի օգտուին Եհովայի մասին սորվելով։ Եհովան մեզի պէտք եղած քաջութիւնը պիտի տայ։ Ան առաջին դարու քրիստոնեաներուն օգնեց որ համարձակ ու խիզախ ըլլան, եւ մեզի ալ պիտի օգնէ (Ա. Թես. 2։2

14. Ո՞ր կարգ մը պատճառներով կարեւոր է որ աշակերտելու գործին մասնակցինք։

14 Եհովան զատողութիւն չի դներ, եւ կ’ուրախանայ տեսնելով, թէ ուրիշներու հանդէպ սէր ցոյց կու տանք, ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց ենթահողը (Գործք 10։34, 35)։ Մեր սէրը ցոյց տալու լաւագոյն կերպերէն մէկն է՝ բարի լուրին մասին խօսիլ անոնց հետ (Մատ. 28։19, 20)։ Այս քարոզչութիւնը ի՞նչ արդիւնք կրնայ տալ։ Մեզի ականջ տուողները կրնան իրենց կեանքը բարելաւել հիմա եւ յաւիտեան ապրելու յոյսը ունենալ (Ա. Տիմ. 4։16

ՀԱՅՐԴ ՍԻՐԷ՛ ԵՒ ՈՒՐԱԽ ԵՂԻՐ

15-16. Ուրախ ըլլալու ի՞նչ պատճառներ ունինք։

15 Եհովան սիրառատ Հայր է, ուստի կ’ուզէ որ իր ընտանիքը ուրախ ըլլայ (Եսա. 65։14)։ Շա՜տ պատճառներ կան, թէ ինչո՛ւ կրնանք հիմա ուրախ ըլլալ, թէեւ դժուարութիւններ կը դիմագրաւենք։ Օրինակ, վստահ ենք որ մեր երկնաւոր Հայրը մեզ խորապէս կը սիրէ։ Աստուածաշունչին նկատմամբ ճշգրիտ գիտութիւն ունինք (Եր. 15։16)։ Եւ մաս կը կազմենք յատուկ ընտանիքի մը, որուն անդամները Եհովան կը սիրեն, անոր բարոյական բարձր չափանիշները կը սիրեն եւ իրար կը սիրեն (Սաղ. 106։4, 5

16 Կրնանք ուրախ մնալ, քանի որ հաստատ յոյս ունինք, որ ապագային կեանքը աւելի լաւ պիտի ըլլայ։ Գիտենք թէ շուտով Եհովան ամէն չարութիւն մէջտեղէն պիտի վերցնէ եւ թէ իր Թագաւորութեան ներքեւ, երկիրը Դրախտի պիտի վերածուի։ Նաեւ ունինք այն հոյակապ յոյսը, որ մեռելները ետ կեանքի պիտի բերուին եւ իրենց սիրելիներուն պիտի միանան (Յովհ. 5։28, 29)։ Ի՜նչ մեծ ուրախութիւն պիտի տիրէ։ Եւ ամենակարեւորը, վստահ ենք որ մօտ ատենէն երկինքի մէջ ու երկրի վրայ ամէն անձ մեր սիրառատ Հօր պիտի տայ այն պատիւը, փառքն ու նուիրուածութիւնը, որուն արժանի է։

ԵՐԳ 112 Եհովան մեծ Աստուած է

^ պարբ. 5 Գիտենք թէ մեր Հայրը՝ Եհովան, մեզ շատ կը սիրէ եւ մեզ բերած է իր ծառաներէն բաղկացած ընտանիքին մէջ։ Անոր համար կը մղուինք զինք սիրելու։ Ինչպէ՞ս կրնանք մեր հոգատար Հօր արտայայտել մեր սէրը։ Յօդուածը պիտի քննարկէ կարգ մը մասնայատուկ բաներ, որոնք կրնանք ընել։