Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԵՐ ԱՐԽԻՒԷՆ

Թագաւորութեան առաջին սերմերը Փորթուգալի մէջ

Թագաւորութեան առաջին սերմերը Փորթուգալի մէջ

ՄԻՆՉ Ատլանտեան ովկիանոսին ալիքները կը հարուածէին Եւրոպա գացող նաւը, ճամբորդներէն մէկը՝ Ճորճ Եանկ, գոհունակութեամբ կը մտածէր այն Թագաւորութեան «պտուղներուն» մասին, որ իր ետին ձգած էր Պրազիլի մէջ *։ Բայց մինչ իր ճամբորդութիւնը կը շարունակէր, ան սկսաւ կեդրոնանալ իր նոր նշանակումին վրայ. Սպանիայի եւ Փորթուգալի չծառայուած թաղամասերը։ Ան կը փափաքէր որ հասնելէ անմիջապէս ետք կարգադրութիւններ տեսնէր, որ եղբայր Ժ. Ֆ. Ռատըրֆորտ դասախօսութիւններ տար եւ 300,000 թերթիկ բաժնուէին։

Ճորճ Եանկ ծովեր կտրեց շատ մը քարոզչական ճամբորդութիւններու ընթացքին

Երբ 1925–ի գարնան եղբայր Եանկ հասաւ Լիզպոն, ցնցիչ վիճակ մը տեսաւ։ 1910–ի յեղափոխութիւնը վերջ դրած էր միապետութեան եւ պատճառ դարձած էր որ կաթողիկէ եկեղեցին կորսնցնէ իր հեղինակութեան մեծ մասը։ Ժողովուրդը աւելի ազատութիւններ ստացած էր, բայց խռովութիւնները տակաւին կը շարունակուէին։

Մինչ եղբայր Եանկ կարգադրութիւններ կ’ընէր եղբայր Ռատըրֆորտին դասախօսութեան համար, կառավարութիւնը ռազմական դրութիւն պարտադրեց, քանի որ պետական հարուածի փորձ եղած էր։ Բրիտանիոյ եւ օտար երկիրներու Աստուածաշունչի ընկերութեան քարտուղարը զգուշացուց եղբայր Եանկը, որ վստահաբար մեծ հակառակութիւն պիտի դիմագրաւէր։ Հակառակ ասոր, եղբայր Եանկ արտօնութիւն խնդրեց որ Գամոյենս երկրորդական վարժարանի մարզարանը գործածէ, եւ արտօնութիւն ստացաւ։

Հասաւ մայիս 13–ը՝ եղբայր Ռատըրֆորտին դասախօսութեան օրը։ Մարդիկ չորս աչքով այդ օրուան կը սպասէին։ Շէնքերու վրայի ծանուցագիրները եւ լրագիրներուն ծանուցումները կը յայտարարէին հանրային դասախօսութիւնը՝ «Ինչպէ՞ս կրնաս յաւիտեան ապրիլ երկրի վրայ» բնաբանով։ Կրօնական հակառակորդները շուտով իրենց լրագիրին մէջ յօդուած մը հրատարակեցին, որպէսզի ընթերցողները զգուշացնեն նոր հասած «սուտ մարգարէներ»էն։ Հակառակորդները նաեւ մարզարանին մուտքին հազարաւոր գրքոյկներ բաժնեցին, որոնք եղբայր Ռատըրֆորտին ներկայացուցած ուսուցումներուն դէմ տեղեկութիւններ կու տային։

Սակայն շուրջ 2000 անհատներ լեցուցին մարզարանը, եւ նոյնչափ ալ անհատներ չկրցան ներս մտնել, քանի որ տեղ չկար։ Կարգ մը ճարպիկ անձեր մարզարանին կողմերը գտնուող պարանէ աստիճաններէն կախուած մտիկ ըրին, իսկ ուրիշներ մարզանքի մեքենաներուն վրայ նստան։

Ամէն ինչ սահուն չընթացաւ։ Հակառակորդները պոռացին–կանչեցին եւ աթոռներ կոտրեցին։ Բայց եղբայր Ռատըրֆորտը ինքզինք չկորսնցուց եւ հանդարտութեամբ սեղանի մը վրայ ելաւ, որպէսզի զինք լսեն։ Երբ շուրջ կէսգիշերին դասախօսութիւնը վերջացաւ, աւելի քան 1200 հետաքրքրուող անհատներ իրենց անունն ու հասցէն տուին, որպէսզի աստուածաշնչական հրատարակութիւններ ստանան։ Ճիշդ յաջորդ օրը, O Século լրագիրը յօդուած մը հրատարակեց եղբայր Ռատըրֆորտին դասախօսութեան մասին։

Սեպտեմբեր 1925–ին, Դիտարան–ի փորթուգալերէն տարբերակը սկսաւ Փորթուգալի մէջ հրատարակուիլ (նախապէս կը հրատարակուէր Պրազիլի մէջ)։ Այդ ժամանակները, Պրազիլի մէջ Վերժիլիօ Ֆէրկէսըն անունով Աստուածաշունչի Աշակերտ մը սկսաւ ծրագրել Փորթուգալ փոխադրուիլ, որպէսզի Թագաւորութեան գործին մէջ օգնէր։ Նախապէս, ան Պրազիլի մէջ եղբայր Եանկին հետ աշխատած էր Աստուածաշունչի Աշակերտներուն պզտիկ մասնաճիւղին մէջ։ Շատ չանցած, Վերժիլիոն իր կնոջ՝ Լիզիին հետ ճամբորդեց եղբայր Եանկին քով։ Ան յարմար ժամանակին եկաւ, քանի որ եղբայր Եանկը մօտ ատենէն պիտի երթար ուրիշ երկիրներ, մէջը ըլլալով Խորհրդային Միութիւնը։

Լիզի եւ Վերժիլիօ Ֆէրկէսըններուն կեցութեան արտօնագիրը, 1928

Երբ զինուորական հարուածով մը բռնիշխանութիւն հաստատուեցաւ Փորթուգալի մէջ, մեր գործին դէմ հակառակութիւնը աւելցաւ։ Եղբայր Ֆէրկէսըն քաջաբար մնաց երկրին մէջ, եւ քայլեր առաւ որ Աստուածաշունչի Աշակերտներուն պզտիկ խումբը պաշտպանէ եւ անոնց գործունէութիւնները յառաջացնէ։ Ան արտօնութիւն խնդրեց որ իր տունը օգտագործէ սովորական ժողովներ գումարելու համար։ Հոկտեմբեր 1927–ին արտօնութիւն առաւ։

Բռնիշխանութեան առաջին տարուան ընթացքին, Փորթուգալի մէջ շուրջ 450 անհատներ բաժանորդագրուեցան Դիտարան–ին։ Ասկէ զատ, թերթիկներու եւ գրքոյկներու միջոցաւ ճշմարտութիւնը տարածուեցաւ Փորթուգալական կայսրութեան ամէնէն հեռու շրջանները. Ազորեան Կղզիներ, Անկոլա, Արեւելեան Թիմոր, Գափո Վերտէ, Գօա, Մատիրա եւ Մոզամպիկ։

1920–ականներու վերջերը, փորթուգալցի համեստ պարտիզպան մը՝ Մանուէլ տա Սիլվա Ժորտաուն, Լիզպոն եկաւ։ Երբ Պրազիլի մէջ կ’ապրէր, ան եղբայր Եանկին դասախօսութիւններէն մէկը լսած էր եւ շուտով գիտցած էր որ ատիկա ճշմարտութիւնն է։ Ան սրտանց ուզեց եղբայր Ֆէրկէսընին օգնել քարոզչութեան գործը յառաջացնելու Լիզպոնի մէջ։ Մանուէլ սկսաւ ծառայել որպէս հրատարակութիւններ բաշխող (այսինքն՝ ռահվիրայ)։ Հիմա որ սուրբգրային հրատարակութիւններու տպագրութեան եւ բաշխելու գործը լաւ կազմակերպուած էր, Լիզպոնի նոր հաստատուած ժողովքը բարգաւաճեցաւ։

1934–ին, Ֆէրկէսընները ստիպուեցան Պրազիլ վերադառնալ։ Սակայն, ճշմարտութեան սերմերը արդէն ցանուած էին։ Երբ Սպանիոյ քաղաքացիական պատերազմին եւ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին Եւրոպայի մէջ իրարանցում կար, Փորթուգալի հաւատարիմ եղբայրներու խումբը հոգեւորապէս հաստատ մնաց։ Ատեն մը, անոնք կը նմանէին մխացող ածուխի, բայց 1947–ին՝ անոնց «կրակը բոցավառեցաւ», երբ առաջին միսիոնարը՝ Ճոն Գուգ եկաւ, որ Գաղաադի մէջ մարզուած էր։ Ատկէ ետք, Թագաւորութեան հրատարակիչներուն թիւը շարունակ բարձրացաւ։ Նոյնիսկ երբ 1962–ին կառավարութիւնը արգիլումի տակ դրաւ Եհովայի վկաներուն գործունէութիւնները, յաւելումը չկեցաւ։ Դեկտեմբեր 1974–ին, երբ Եհովայի վկաները օրինաւոր ճանաչում ստացան, աւելի քան 13,000 հրատարակիչներ կային երկրին մէջ։

Ներկայիս, աւելի քան 50,000 հրատարակիչներ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը կը քարոզեն Փորթուգալի մէջ եւ ուրիշ քանի մը կղզիներու մէջ, ուր փորթուգալերէն կը խօսուի, մէջը ըլլալով՝ Ազորեան Կղզիներ եւ Մատիրա։ Այդ հրատարակիչներուն մէջ կան անհատներ, որոնց նախահայրերը 1925–ին լսած էին եղբայր Ռատըրֆորտի նշանաւոր դասախօսութիւնը։

Շնորհակալութիւն կը յայտնենք Եհովային եւ այդ առաջին հաւատարիմ եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք քաջաբար մեր գործին առաջնորդութիւնը առին որպէս ‘Յիսուս Քրիստոսին սպասաւորները’, ինչպէս որ Հռովմայեցիս 15։15, 16–ը կ’ըսէ (Փորթուգալի մեր արխիւէն

^ պարբ. 3 Տե՛ս «Հնձելու շատ գործ կայ» յօդուածը, Դիտարան–ի 15 մայիս 2014 թիւին մէջ, էջ 31-32։