Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Եհովան իր անունը պիտի փառաւորէ յաւիտեան

Հարցումներ ընթերցողներէն

Հարցումներ ընթերցողներէն

Դիտարան–ի յունիս 2020 թիւին մէջ եղող «Քու անունդ սուրբ ըլլայ» յօդուածը ինչպէ՞ս Եհովային անուան եւ իր գերիշխանութեան նկատմամբ մեր հասկացողութիւնը յստակացուց

Այդ յօդուածին մէջ, սորվեցանք որ միայն մէկ շատ կարեւոր հարց կայ, որ կ’ազդէ բոլոր մարդոց եւ հրեշտակներուն։ Ատիկա է՝ Եհովայի մեծ անուան սրբացման հարցը։ Իսկ գերիշխանութեան հարցը, այսինքն՝ Եհովայի իշխելու կերպին լաւագոյն ըլլալը, եւ մարդոց ուղղամտութեան հարցը կապ ունին Եհովայի մեծ անուան սրբացման հարցին հետ։

Ինչո՞ւ հիմա կ’ըսենք որ ամէնէն կարեւոր հարցն է Եհովային անունը եւ անոր սրբացումը։ Նկատի առնենք երեք պատճառներ։

Սատանան Աստուծոյ անունը զրպարտած է Եդեմի պարտէզին մէջ ըմբոստութենէն ի վեր

Առաջին, Եդեմի պարտէզին մէջ Սատանան յարձակեցաւ Եհովայի անուան կամ համբաւին վրայ։ Սատանան Եւային ուղղած իր խորամանկ հարցումով հասկցուց, թէ Եհովան առատաձեռն Աստուած մը չէ եւ թէ այն ուղղութիւնները, որոնք Ադամին ու Եւային տուաւ, անարդար էին։ Անկէ ետք, Սատանան Եհովային ըսած խօսքին ճիշդ հակառակը ըսաւ, ըսել ուզելով որ Աստուած ստախօս է։ Ուրեմն, ան Եհովային անունը զրպարտեց։ Ան «Բանսարկու» դարձաւ, որ կը նշանակէ «Զրպարտիչ» (Յովհ. 8։44)։ Քանի՛ որ Եւան Սատանային սուտերուն հաւատաց, ան Աստուծոյ չհնազանդեցաւ եւ ըմբոստացաւ անոր գերիշխանութեան դէմ (Ծն. 3։1-6)։ Մինչեւ այսօր, Սատանան Աստուծոյ անունը կը զրպարտէ՝ իր մասին սուտեր տարածելով։ Անոնք որոնք այս սուտերուն կը հաւատան, հաւանաբար Եհովային պիտի չհնազանդին։ Ուրեմն, Աստուծոյ ժողովուրդին համար, Եհովայի սուրբ անուան դէմ եղած զրպարտութիւնը ամենագէշ անարդարութիւնն է։ Գլխաւորաբար այդ պատճառով է որ աշխարհի մէջ այսքա՛ն չարութիւն եւ չարչարանք կայ։

Երկրորդ, ամբողջ ստեղծագործութեան օգտին համար, Եհովան վճռած է իր անունը պաշտպանել՝ զայն մաքրելով ամէն նախատինքէ։ Ասիկա Եհովային համար շատ կարեւոր է։ Անոր համար ան կ’ըսէ. «Ես սուրբ պիտի ընեմ իմ մեծ անունս» (Եզեկ. 36։23)։ Եւ Յիսուս յստակօրէն ցոյց տուաւ թէ Եհովային բոլոր հաւատարիմ ծառաներուն աղօթքներուն մէջ ամենակարեւոր նիւթը ի՛նչ պէտք է ըլլայ, երբ ըսաւ. «Քու անունդ սուրբ ըլլայ» (Մատ. 6։9)։ Սուրբ Գիրքը կրկին անգամ ցոյց կու տայ թէ Եհովային անուան փառաւորուիլը շատ կարեւոր բան մըն է։ Նկատի առ կարգ մը օրինակներ. «Տէրոջը տուէ՛ք իր անուանը փառքը» (Ա. Մն. 16։29. Սաղ. 96։8)։ «Սաղմոս երգեցէ՛ք անոր անուանը» (Սաղ. 66։2)։ «Յաւիտեան պիտի փառաւորեմ քու անունդ» (Սաղ. 86։12)։ Անգամ մը, Եհովան անձամբ խօսեցաւ երկինքէն, երբ Յիսուս Երուսաղէմի տաճարին մէջն էր եւ ըսաւ. «Հա՛յր, փառաւորէ քու անունդ»։ Եհովան ալ ըսաւ. «Փառաւորեցի ալ՝ ու նորէն պիտի փառաւորեմ» (Յովհ. 12։28) a։

Երրորդ, Եհովային նպատակը միշտ կապ պիտի ունենայ իր անուան կամ համբաւին հետ։ Նկատի առ ասիկա. երբ Քրիստոսի Հազարամեայ իշխանութենէն ետք վերջին փորձը ըլլայ, անկէ ետք ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Այն ատեն, բոլոր հրեշտակներն ու մարդիկը Եհովային անուան նկատմամբ ի՞նչ պիտի զգան։ Որպէսզի կարենանք այս հարցումին պատասխանել, յիշենք այդ կարեւոր հարցին հետ կապ ունեցող երկու հարցերը. մարդոց ուղղամտութիւնը եւ տիեզերական գերիշխանութիւնը։ Մարդիկ, որոնք իրենց հաւատարմութիւնը փաստեցին, պիտի շարունակե՞ն պայքարիլ որ ուղղամիտ մնան։ Ո՛չ։ Անոնք կատարեալ եւ լման կերպով փորձուած պիտի ըլլան։ Անոնք յաւիտենական կեանքը ստացած պիտի ըլլան։ Նաեւ պէտք պիտի չըլլայ փաստելու թէ Եհովային իշխելու կերպը լաւագոյնն է։ Այդ ատեն, երկնքի մէջ եւ երկրի վրայ բոլորը միացած պիտի ըլլան եւ Եհովային իշխանութիւնը պիտի ընդունին։ Լաւ, այդ ատեն Եհովային անունը տակաւին ամէնէն կարեւոր բանը պիտի ըլլա՞յ իր ժողովուրդին համար։

Այդ ատեն, Եհովային անունը ամբողջովին սրբացուած եւ ամէն զրպարտութենէ մաքրուած պիտի ըլլայ։ Բայց եւ այնպէս, երկնքի մէջ ու երկրի վրայ բոլոր հաւատարիմները տակաւին անով պիտի հետաքրքրուին։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ անոնք պիտի տեսնեն թէ Եհովան կը շարունակէ հոյակապ բաներ ընել։ Նկատի առ ասիկա. քանի՛ որ Յիսուս խոնարհաբար ամէն իշխանութիւնը Եհովային պիտի տայ, Եհովան պիտի ըլլայ «ամէնը ամէն բանի մէջ» (Ա. Կոր. 15։28)։ Անկէ ետք, երկրի վրայ եղող մարդիկը ‘Աստուծոյ որդիներուն փառաւոր ազատութիւնը’ պիտի վայելեն (Հռով. 8։21)։ Եւ Եհովան լման կերպով պիտի կատարէ իր նպատակը, որ երկնքի մէջ ու երկրի վրայ եղող իր զաւակները մեծ եւ միացած ընտանիք մը ըլլան (Եփ. 1։10

Այս բոլոր բաները ըլլալէն ետք, երկինքի մէջ ու երկրի վրայ եղող Եհովային ընտանիքը ի՞նչ պիտի զգայ։ Վստահաբար տակաւին զօրաւոր փափաք պիտի ունենանք որ Եհովային գեղեցիկ անունը սրբացնենք։ Սաղմոս գրողներէն մէկը՝ Դաւիթը ներշնչումով ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Տէր Աստուածը. . . ։ Անոր փառաւոր անունը յաւիտեան օրհնեալ պիտի ըլլայ» (Սաղ. 72։18, 19)։ Մենք յաւիտեան պիտի շարունակենք նոր պատճառներ գտնել ասիկա ընելու։ 

Ի վերջոյ, Եհովային անունը իր մասին ամէն բան կը ներկայացնէ։ Երբ մենք Եհովային անուան մասին մտածենք, մեր միտքը կու գայ իր սէրը (Ա. Յովհ. 4։8)։ Մենք միշտ պիտի յիշենք այն սէրը, որ Եհովան մեզի հանդէպ ցոյց տուաւ, երբ մեզ ստեղծեց եւ երբ փրկանքը տուաւ։ Եւ միշտ պիտի յիշենք, որ իր իշխելու կերպը արդար եւ սիրալիր է։ Եւ պիտի շարունակենք տեսնել թէ Եհովան ինչպէ՛ս մեզի հանդէպ իր սէրը ցոյց կու տայ։ Մենք յաւիտեան պիտի մղուինք իրեն մօտենալ որպէս մեր Հայրը եւ իր սքանչելի անունը փառաբանել (Սաղ. 73։28

a Աստուածաշունչը նաեւ ցոյց կու տայ որ Եհովան գործի կ’անցնի իր անուանը համար։ Օրինակ, ան իր ժողովուրդը կ’առաջնորդէ, անոնց կ’օգնէ, կ’ազատէ, կը ներէ եւ ողջ կը պահէ. այս բոլորը իր մեծ անուան համար՝ Եհովա (Սաղ. 23։3. 31։3. 79։9. 106։8. 143։11