ԴԻՏԱՐԱՆ Հոկտեմբեր 2013 | Ի՞նչ է Աստուածաշունչին պատգամը

Աստուածաշունչը մեզի կ’ըսէ, թէ ինչպէ՛ս գոյացանք եւ ինչպէ՛ս Աստուած կարգադրեց որ մարդկութիւնը Մեսիային միջոցաւ փրկուի։

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ

Աստուածաշունչը ինչո՞ւ պէտք է քեզ հետաքրքրէ

Աստուածաշունչը կը դաւանի որ ոչ թէ պարզապէս Աստուծոյ մասին գիրք մըն է, այլեւ՝ Աստուծոյ կողմէ գիրք մըն է։ Անկէ ի՞նչ կրնաս սորվիլ։

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ

Ինչպէ՞ս գոյացանք

Աստուածաշունչի առաջին գիրքը՝ Ծննդոցը՝ պարզ խօսքերով կը բացատրէ տիեզերքին ծագումը։ Ծննդոց գիրքէն ուրիշ ի՞նչ կրնանք սորվիլ։

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ

Աստուած մարդկութեան փրկութիւնը կը կարգադրէ

Աբրահամին ըրած Աստուծոյ խոստումին մէջ Մեսիան ինչպէ՞ս պարփակուած է։ Տես թէ ինչպէ՛ս Աստուած մարդկութիւնը հիւանդութենէ, տառապանքէ եւ մահէ պիտի ազատէ։

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ

«Գտանք Մեսիան»

Շատեր կը հաւատան, թէ Յիսուս խոստացեալ Մեսիան է։ Ուրիշներ ասոր չեն հաւատար։ Տես թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ։

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ

Ուրախ լուրեր ամբողջ մարդկութեան

Աստուածաշունչին միջոցաւ մարդկութեան ուղղուած Աստուծոյ պատգամը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգտել ներկայիս եւ ապագային։

Ամուսնալուծումէ ետք չջախջախուիլ

Ամուսնալուծուելէ ետք, շատեր նկատած են թէ կեանքը իրենց ակնկալածէն աւելի՛ դժուար է։ Տես թէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչին գործնական խրատները կրնան օգնել։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄՕՏԵՑԻՐ

«Աստուած. . . ներեց ձեզի»

Աստուած զղջացող մեղաւորներուն կը ներէ։ Մենք իրարու հետ ինչպէ՞ս պէտք է վարուինք։ Ներումը ինչո՞ւ կարեւոր է։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ ԿԵԱՆՔԵՐ ԿԸ ՓՈԽԷ

«Շատեր զիս կ’ատէին»

Տես թէ ինչպէ՛ս Աստուածաշունչը ուսումնասիրելը, վայրագ անհատի մը օգնած է որ խաղաղարար դառնայ։

Ինչպէ՞ս գոյները քեզի կ’ազդեն

Գոյները կրնան մեր զգացումները շարժել։ Տես թէ կարմիր, կանանչ եւ ճերմակ գոյները ինչպէ՛ս կրնան քեզի ազդել։

Աստուածաշունչին պատասխանները

Մեռելները ի՞նչ յոյս ունին։ Կրնա՞ն դարձեալ ապրիլ։

Առցանց յաւելեալ նիւթեր

Եհովայի վկաները ինչո՞ւ տունէ տուն կը քարոզեն

Տես թէ Յիսուս իր աշակերտներուն ի՛նչ պատուիրեց որ ընեն։