Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | Ի՞նչ Է ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Աստուածաշունչը ինչո՞ւ պէտք է քեզ հետաքրքրէ

Աստուածաշունչը ինչո՞ւ պէտք է քեզ հետաքրքրէ

Աստուածաշունչը ամէնէն հռչակաւոր գիրքն է։ Ինչո՞ւ։ Պատճառներէն մէկն է՝ թէ անիկա կը բովանդակէ իրական կեանքէ առնուած պատմութիւններ իսկական մարդոց մասին եւ Աստուծոյ հետ անոնց գործառնութիւններուն մասին։ Այս արձանագրութիւնները գործնական դասեր կը սորվեցնեն, գործածելով պարզ եւ յստակ բառեր, որոնք կրնան թարգմանուիլ հարիւրաւոր լեզուներու եւ հասկցուիլ բոլոր մարդոց կողմէ։ Իսկ իր սկզբունքները միշտ կիրարկելի են։

Ամէնէն կարեւորը, Աստուածաշունչը կը դաւանի որ ոչ թէ պարզապէս Աստուծոյ մասին գիրք մըն է, այլեւ՝ Աստուծոյ կողմէ գիրք մըն է։ Անիկա կը յայտնէ Աստուծոյ անունը, անձնաւորութիւնը, եւ երկրագունդն ու մարդիկը ստեղծելու իր անփոփոխելի նպատակը։ Աստուածաշունչը նաեւ կը խօսի բարիին ու չարին միջեւ եղած պայքարին մասին, որ տիեզերական պատմութիւն մըն է՝ ուրախ աւարտով։ Արդ, Աստուածաշունչը լայնամտութեամբ կարդալը մեր հաւատքն ու յոյսը կ’ամրապնդէ։

Աստուածաշունչը կը բովանդակէ տեղեկութիւններ, որոնք այլուր չեն գտնուիր։ Օրինակ, անիկա ճշգրտօրէն կը բացատրէ հետեւեալ նիւթերը.

  • Ինչպէ՛ս գոյացանք եւ ինչո՛ւ կը տառապինք

  • Մարդկութիւնը փրկելու Աստուծոյ կարգադրութիւնը

  • Յիսուս մեզի համար ի՛նչ ըրած է

  • Երկրագունդին ու մարդկութեան ապագան

Յաջորդ էջերուն մէջ նկատի առ թէ Աստուածաշունչը այս նիւթերուն մասին ի՛նչ կ’ըսէ։