Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչպէ՞ս գոյները քեզի կ’ազդեն

Ինչպէ՞ս գոյները քեզի կ’ազդեն

Մինչ շուրջդ կը դիտես, աչքերդ եւ ուղեղդ միասնաբար աշխատելով տեղեկութիւններ կը հաւաքեն։ Սեղանին վրայ պտուղ մը տեսնելով կը մտածես թէ զայն պիտի ուտես կամ ոչ։ Աչքերդ երկինք կը սեւեռես եւ կ’ըսես թէ այսօր պիտի չանձրեւէ։ Այժմ կարդացած բառերուդ կը նայիս եւ կրնաս անոնց իմաստը ըմբռնել։ Իրականութեան մէջ, գոյները քեզի կ’ազդեն եւ անոնց հիման վրայ որոշումներդ կը կայացնես։ Ինչպէ՞ս։

Պտուղին գոյնը քեզի կ’օգնէ գիտնալու թէ ատիկա հասուն է եւ փափաքելի է։ Երկնքին ու ամպերուն գոյնը քեզի կ’օգնէ օդերեւոյթը գիտնալու։ Մինչ այս յօդուածը կը կարդաս, բառերուն գոյնը եւ էջին գոյնը աչքերդ չեն նեղացներ։ Արդարեւ, առանց նշմարելու, դուն միշտ գոյներու օգնութեամբ շրջապատիդ մասին տեղեկութիւններ կը ներդրես։ Բայց գոյները եւս մեծ ազդեցութիւն ունին զգացումներուդ վրայ։

ԳՈՅՆԵՐՈՒ ԶԳԱՑԱԿԱՆ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ

Մինչ հանրախանութի մը մէջ կը քալես, աչքիդ կը զարնեն տարբեր տեսակի գոյնզգոյն ապրանքներ։ Գովազդներ պատրաստողները ուշադրութեամբ կ’ընտրեն գոյները եւ գոյներու խառնուրդները, որպէսզի որոշ տարիքի կամ սեռի պատկանողները մղեն կարգ մը ապրանքներ գնելու։ Տան զարդանկարիչներ, ձեւագէտներ եւ գեղարուեստագէտներ նաեւ գիտեն, թէ գոյները կրնան մարդոց զգացումները շարժել։

Տեղական մշակոյթին եւ սովորութիւններուն պատճառաւ, մարդիկ տարբեր կերպերով գոյները կը մեկնաբանեն։ Օրինակ, Ասիոյ մէջ կարգ մը մարդիկ կ’ըսեն թէ կարմիր գոյնը կապ ունի բախտին եւ տօնակատարութեան հետ, մինչդեռ Ափրիկէի որոշ շրջաններու մէջ կարմիր գոյնը սուգի նշան է։ Բայց հակառակ իրենց ենթահողին, մարդիկ որոշ գոյներու հանդէպ նոյն զգացական հակազդեցութիւնը ունին։ Նկատի առնենք երեք գոյներ եւ տեսնենք թէ ինչպէ՛ս կրնան մեզի ազդել։

ԿԱՐՄԻՐԸ մեծապէս տեսանելի գոյն է, եւ յաճախ կապուած է կորովի, պատերազմի եւ վտանգի հետ։ Անիկա զգացականօրէն զօրաւոր գոյն է եւ կրնայ մարդկային փոխարկութիւնը (metabolism) բարելաւել, շնչառութիւնը աւելցնել եւ արեան գերճնշումը բարձրացնել։

Աստուածաշունչին մէջ, «կարմիր» թարգմանուած եբրայերէն բառը ծագում կ’առնէ բառէ մը, որ կը նշանակէ «արիւն»։ Աստուածաշունչը կը գործածէ որդան կարմիր գոյնը նկարագրելու համար մարդասպան պոռնիկը, որ ծիրանի հագած էր եւ նստած էր «կարմիր գազանի մը վրայ. . . [որ] լեցուն էր հայհոյութեան անուններով» (Յայտնութիւն 17։1-6

ԿԱՆԱՆՉԸ կը դանդաղեցնէ փոխարկութիւնը եւ հանդարտեցուցիչ ազդեցութիւն յառաջ կը բերէ, ինչ որ կարմիր գոյնին տուած ազդեցութեան հակառակն է։ Կանանչը հանգստացնող գոյն մըն է, եւ յաճախ անդորրութեան կ’առնչուի։ Մենք կը հանգստանանք, երբ կանանչ պարտէզներն ու բլուրները դիտենք։ Ծննդոցին մէջ, ստեղծագործութեան արձանագրութիւնը կ’ըսէ, թէ Աստուած կանանչ խոտը եւ բուսականութիւնը մարդկութեան համար հայթայթեց (Ծննդոց 1։11, 12, 30

ՃԵՐՄԱԿԸ յաճախ կապ ունի լոյսին, ապահովութեան եւ մաքրութեան հետ։ Ինչպէս նաեւ կ’առնչուի բարութեան, անմեղութեան եւ անբծութեան։ Աստուածաշունչը շատ յաճախ կը նշէ ճերմակ գոյնը։ Տեսիլքներուն մէջ կը ներկայացուին մարդիկն ու հրեշտակները որպէս ճերմակ հագած, ինչ որ կը շեշտէ արդարութիւնը եւ հոգեւոր մաքրութիւնը (Յովհաննէս 20։12. Յայտնութիւն 3։4. 7։9, 13, 14)։ Ճերմակ ձիերը, որոնց ձիաւորները ճերմակ ու մաքուր բեհեզներ հագած են, կը պատկերացնեն արդար պատերազմ (Յայտնութիւն 19։14)։ Աստուած ճերմակ գոյնը կը գործածէ շեշտելու համար մեղքեր ներելու իր կամեցողութիւնը, ըսելով. «Եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան» (Եսայի 1։18

ԳՈՅՆԵՐԸ ՈՐՊԷՍ ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԳՈՐԾԻՔ

Աստուածաշունչին մէջ գոյներու գործածութիւնը ցոյց կու տայ, թէ Աստուած գիտէ որ գոյները կրնան մարդոց զգացումները շարժել։ Օրինակ, Յայտնութիւն գիրքը կը կանխագուշակէ մեր ընթացիկ իրավիճակները, ներառեալ՝ պատերազմը, սովը եւ ուտելիքի պակասին ու համաճարակներու պատճառած կանխահաս մահը։ Որպէսզի ասիկա մեր մտքին մէջ լաւ դրոշմուի, տեսիլք մը կը ներկայացնէ գունաւոր ձիեր։

Նախ՝ կայ ճերմակ ձին, որ կը խորհրդանշէ Քրիստոս Յիսուսի արդար պատերազմը։ Ապա՝ շառագոյն ձին, որ կը խորհրդանշէ պատերազմ ազգերուն միջեւ։ Ասոր կը յաջորդէ սեւ ձի մը, որ կը պատկերացնէ սովը։ Անկէ ետք, կը տեսնենք «դեղին ձի մը։ Անոր վրայ հեծնողին անունը Մահ էր» (Յայտնութիւն 6։1-8)։ Իւրաքանչիւր ձիու գոյնը կրնայ որոշ կերպով մեր մէջ շարժել զգացում մը, որ ձիուն խորհրդանիշին համապատասխան է։ Կրնանք դիւրաւ յիշել այս գունաւոր ձիերը եւ ինչ որ մեր օրերուն նկատմամբ կը սորվեցնեն։

Արդարեւ Աստուածաշունչը շատ անգամ գոյները կը գործածէ պատկերաւոր խօսքեր ներկայացնելու համար։ Լոյսին, գոյներուն եւ մարդկային աչքին Ստեղծիչը հմտութեամբ կը գործածէ գոյնը իբրեւ ուսուցանելու գործիք, որպէսզի ընթերցողները կէտերը դիւրաւ հասկնան եւ վերյիշեն։ Գոյները մեզի կ’օգնեն տեղեկութիւններ հաւաքելու եւ ըմբռնելու, մեր զգացումները կը շարժեն եւ ճամբան կը հարթեն որ կարեւոր գաղափարներ չմոռնանք։ Կեանքը վայելելու համար Ստեղծիչը կարելի դարձուցած է որ գոյները զատորոշենք։ Արդարեւ, անոնք իր կողմէ սիրալիր պարգեւ մըն են։