Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | Ի՞նչ Է ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

Ուրախ լուրեր ամբողջ մարդկութեան

Ուրախ լուրեր ամբողջ մարդկութեան

Յիսուսի յարութիւնը աշակերտները համոզումով եւ նախանձախնդրութեամբ լեցուց։ Պօղոս առաքեալ Փոքր Ասիա եւ Միջերկրականի կղզիներն ու ափերը ճամբորդեց, ժողովքներ կազմակերպելով եւ քրիստոնեաները զօրացնելով որ բարոյական ճնշումներուն եւ վայրագ հակառակութեան դիմաց հաստատ մնան։ Հակառակ այսպիսի մարտահրաւէրներու, քրիստոնէութիւնը ուռճացաւ եւ տարածուեցաւ։

Յետագային Պօղոս բանտարկուեցաւ։ Բայց նոյնիսկ բանտին մէջ քրիստոնէական ժողովքներուն քաջալերական եւ խրատական նամակներ ուղարկեց։ Ան զանոնք զգուշացուց հաւատուրացութենէ։ Սուրբ հոգիով առաջնորդուած, Պօղոս նախատեսեց թէ ‘ծուռ բաներ խօսող’՝ «յափշտակող գայլեր» անոնց մէջ պիտի մտնէին, «աշակերտները իրենց ետեւէն քաշելու համար» (Գործք 20։29, 30

Առաջին դարու վերջաւորութեան, հաւատուրացութիւնը սկսած էր։ Այդ ատեն, Յիսուս Յովհաննէս առաքեալին տուաւ Յայտնութիւնը, որ խորհրդանշական կերպով ապագան կը յայտնէ։ Ինչպէս Յովհաննէս յետագային գրեց, ո՛չ հակառակորդները եւ ոչ ալ սուտ ուսուցիչները արգելք պիտի հանդիսանային, որ երկրագունդի եւ մարդկութեան նկատմամբ Աստուծոյ սկզբնական նպատակը ամբողջովին իրագործուի։ ‘Բոլոր ազգերէն ու ցեղերէն եւ լեզուներէն ու ժողովուրդներէն’ մարդիկ Աստուծոյ Թագաւորութեան բարի լուրը պիտի լսէին (Յայտնութիւն 14։6)։ Դրախտը երկրի վրայ պիտի վերահաստատուի, եւ ան որ կ’ուզէ Աստուծոյ կամքը ընել, կրնայ զայն վայելել։

Ասոնք ուրա՞խ լուրեր են քեզի համար։ Եթէ այո՛, Աստուածաշունչին միջոցաւ մարդկութեան ուղղուած Աստուծոյ պատգամին մասին աւելի՛ն սորվէ եւ տես թէ ինչպէ՛ս կրնաս ներկայիս եւ ապագային օգտուիլ։

Կրնաս Աստուածաշունչը առցանց կարդալ շուրջ 50 լեզուներով մեր կայքէջէն՝ www.pr418.com։ Սոյն կայքէջէն կրնաս նաեւ նկատի առնել Աստուծոյ կողմէ ուրախ լուրեր գրքոյկը եւ Աստուածաշունչը իրապէս ի՞նչ կը սորվեցնէ գիրքը, ինչպէս նաեւ ա՛յլ հրատարակութիւններ, որոնք կը քննարկեն թէ ինչպէ՛ս կրնանք Աստուածաշունչին վստահիլ եւ ինչպէ՛ս կրնանք անոր գործնական խրատները մեր ընտանիքէն ներս եւ անձնական գետնի վրայ կիրարկել։ Կամ, յաւելեալ տեղեկութեանց համար, կրնաս Եհովայի վկայի մը հարցումներ ուղղել։

(Աղբիւր՝ Գործք, Եփեսացիս, Փիլիպպեցիս, Կողոսացիս, Փիլիմոն, Ա. Յովհաննէս, Յայտնութիւն)