Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Եհովային ծառայելը իմ ասպարէզս դարձուցի

Եհովային ծառայելը իմ ասպարէզս դարձուցի

Յունուար 1937–ին բարձրագոյն վարժարանը աւարտելէ ետք, յաճախեցի Այոայի պետական համալսարանը, որ կը գտնուէր մեր բնակավայրին մօտ, ԱՄՆ–ի կեդրոնական–արեւմուտքը։ Համալսարան երթալով ու կրթաթոշակս վճարելու համար աշխատելով, ա՛յլ բաներու ժամանակ չունէի։ Պատանեկութենէս ի վեր, երկնաքերներու եւ առկախեալ կամուրջներու մասին ուսումնասիրելը կեանքիս առանցքը դարձած էր։

1942–ի սկիզբը, Միացեալ Նահանգները Բ. Աշխարհամարտին մասնակից դառնալէ քիչ ետք, հինգ տարուան համալսարանական էի եւ քանի մը ամիս ետք ճարտարապետութեան Ա. աստիճանը պիտի ստանայի։ Այդ ատեն կ’ապրէի տան մը մէջ, երկու սենեկակիցներու հետ։ Անոնցմէ մէկը ինծի առաջարկեց, որ խօսիմ այն անհատին հետ, որ «վարի տղոց կ’այցելէ»։ Այսպիսով, ծանօթացայ Ճոն Օ. Պրեմըրի, որ Եհովայի վկայ էր։ Ճոնը որեւէ հարցումի պատասխանը Աստուածաշունչէն կու տար, ինչ որ զիս հիացուց։ Ուստի, տպաւորուած ըլլալով, սկսայ անոր հետ Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար ուսումնասիրել, եւ ի վերջոյ իրեն հետ կը քարոզէի, երբոր կարենայի։

Ճոնին հայրը՝ Օթթոն՝ Վկայ դարձած էր, մինչ Այոայի Ուոլնըթի մէջ դրամատան մը տնօրէնն էր։ Օթթոն այդ պաշտօնը լքեց, որպէսզի լիաժամ ծառայութեան մասնակցի։ Ժամանակի ընթացքին, իր ե՛ւ իր ընտանիքին ընտիր օրինակը զիս քաջալերեց, որ կարեւոր որոշում մը առնեմ։

ՈՐՈՇՈՒՄԻ ԺԱՄԱՆԱԿ

Օր մը, համալսարանին տնօրէնը ինծի ըսաւ որ նիշերս կը ցածնային եւ թէ միայն անցեալի լաւ նիշերովս չէի կրնար շրջանաւարտ ըլլալ։ Կը յիշեմ, թէ սրտանց Եհովայի աղօթեցի, իրմէ ուղղութիւն խնդրելով։ Անկէ քիչ ետք, ճարտարապետութեան փրոֆէսորը ուզեց ինծի հետ ժողվուիլ։ Ան ինծի ըսաւ թէ ստացած էր հեռագիր մը, որուն մէջ ճարտարապետ մը կ’ուզուէր, եւ ազատութիւն առնելով պատասխանած էր, թէ ես այդ գործը պիտի ընդունէի։ Փրոֆէսորին շնորհակալութիւն յայտնեցի, բայց բացատրեցի թէ ինչո՛ւ վճռած եմ Եհովայի ծառայութիւնը իմ ասպարէզս դարձնել։ 17 յունիս 1942–ին մկրտուեցայ եւ անմիջապէս նշանակուեցայ ռահվիրայ,– ինչպէս որ Եհովայի վկաներու լիաժամ ծառաները կը կոչուին։

1942–ի վերջերը, զինուորական ծառայութեան մասնակցելու ազդագիր մը ստացայ։ Ուստի, զինուորագրական խորհուրդին բացատրեցի, թէ ինչո՛ւ խղճմտանքս չի ներեր որ պատերազմին մասնակցիմ։ Ներկայացուցի վկայաթուղթեր համալսարանի փրոֆէսորներէն, որոնք նշեցին իմ լաւ անձնաւորութիւնս եւ իւրայատուկ ձիրքերս։ Ասով հանդերձ, 10,000 ամ. տոլար տուգանքի ենթարկուեցայ եւ հինգ տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցայ՝ Լիվընուըրթի բանտին մէջ, Քանսաս։

ԿԵԱՆՔՍ ԲԱՆՏԻՆ ՄԷՋ

Աւելի քան 230 Վկաներ Լիվընուըրթի բանտին մէջ էին

Աւելի քան 230 երիտասարդ Վկաներ վճիռ ստացան որ աշխատին Լիվընուըրթի բանտին ագարակին մէջ։ Հոն պահակներու հսկողութեան տակ գործի տարբեր նշանակումներ կը ստանայինք։ Անոնցմէ ոմանք մեր քրիստոնէական չէզոքութեան մասին գիտէին եւ մեր կեցուածքը կը յարգէին։

Քանի մը պահակներ մեզի հետ համագործակցեցան, որպէսզի շարունակենք հոգեւոր ժողովներ ունենալու մեր սովորամոլութիւնը։ Անոնք նաեւ օգնեցին, որ բանտին մէջ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ ունենանք։ Բանտապահը նոյնիսկ Մխիթարութիւն (այժմ՝ Զարթի՛ր) պարբերաթերթին բաժանորդագրուեցաւ։

ԲԱՆՏԷՆ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԻԼՍ ԵՒ ՄԻՍԻՈՆԱՐԱԿԱՆ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆՍ

Հինգ տարուան բանտարկութենէն երեք տարին ամբողջացնելէ ետք, 16 փետրուար 1946–ին ազատ արձակուեցայ, Բ. Աշխարհամարտը վերջ գտնելէ քանի մը ամիս ետք։ Անմիջապէս որպէս ռահվիրայ սկսայ դարձեալ լիաժամ ծառայել։ Նշանակում ստացայ վերադառնալ Քանսասի Լիվընուըրթ քաղաքը։ Գաղափարը զիս սարսափեցուց, քանի որ հոն Եհովայի վկաներուն դէմ շա՛տ կանխադատութիւն կար։ Ապրուստս ճարելու համար գործ գտնելը դժուար էր, իսկ բնակավայր գտնելը ա՛լ աւելի դժուար էր։

Կը յիշեմ թէ ծառայութեան ընթացքին հանդիպեցայ պահակի մը, որ պոռաց. «Տունէս դո՛ւրս ել»։ Երբ պէյսպոլի գաւազանը ձեռքը տեսայ, ջղագրգիռ դարձայ եւ անմիջապէս հեռացայ։ Ուրիշ տան մը առջեւ, կինը ինծի ըսաւ. «Մէկ վայրկեան սպասէ», եւ դուռը գոցեց։ Մինչ կը սպասէի, յանկարծ վերէն պատուհան մը բացուեցաւ եւ աղտոտ ջուր վրաս թափուեցաւ։ Այսուհանդերձ, ծառայութիւնս իր օրհնութիւններն ալ ունէր։ Յետագային իմացայ, թէ ինձմէ աստուածաշնչական հրատարակութիւններ ընդունողներէն ոմանք Վկաներ եղան։

1943–ին, Նիւ Եորք նահանգին մէջ հաստատուեցաւ միսիոնարներու յատուկ դպրոց մը, որ կոչուեցաւ՝ Դիտարանի Աստուածաշունչի Գաղաադի դպրոց։ Անոր 10–րդ դասարանին հրաւիրուեցայ եւ զայն աւարտեցի 8 փետրուար 1948–ին։ Ապա որպէս միսիոնար ղրկուեցայ Կոլտ Քոսթ, որ այժմ կը կոչուի Կանա։

Կոլտ Քոսթի մէջ նշանակումս էր՝ պետական պաշտօնեաներու եւ եւրոպացիներու քարոզել։ Շաբաթավերջերուն, Եհովայի վկաներու ժողովքներէն մէկուն կ’աջակցէի եւ ատոր անդամներուն կ’օգնէի դռնէ դուռի ծառայութեան մէջ։ Ինչպէս նաեւ մեկուսացած Վկաներու կ’այցելէի ու զանոնք ծառայութեան համար կը մարզէի։ Ասկէ զատ, Փղոսկրեայ Ափունքի մէջ որպէս շրջագայող տեսուչ ծառայեցի։

Մինչ այդ շրջաններուն մէջ կը ծառայէի, սորվեցայ բնիկ ափրիկեցիներուն պէս ապրիլ,– հողաշէն խրճիթի մէջ քնանալ, մատներովս ուտել, եւ «դուրսը» փորս պարպել՝ ինչպէս որ անցեալին իսրայէլացիները անապատին մէջ կ’ընէին (Բ. Օրինաց 23։12-14)։ Այսպէս վարուիլը օգնեց որ ես եւ միւս միսիոնարները լաւ համբաւ ունենանք։ Կարգ մը տեղական բարձրաստիճան պաշտօնեաներու կիները սկսան մեզի հետ Աստուածաշունչը ուսումնասիրել։ Ուստի, երբ հակառակորդները պատճառ եղան որ մեր այցեգիրները չեղեալ ըլլան, այդ կիները իրենց ամուսիններուն վրայ ճնշում բանեցուցին, եւ այսպէս առնուած որոշումը փոխուեցաւ։

Բազմաթիւ միսիոնարներու նման, ի վերջոյ ջերմախտի (malaria) բռնուեցայ։ Վրաս դող եւ տենդ գալով, անկապ եւ կցկտուր կը խօսէի։ Ատեններ, կը ստիպուէի կզակս բռնել, որպէսզի չշարունակէ դողդողալ։ Ասով հանդերձ, ծառայութիւնս շարունակեց զիս ուրախացնել եւ գոհացնել։

Ափրիկէի մէջ առաջին չորս տարիներուն ընթացքին, նամակցեցայ Էվա Հալքուիսդի հետ, որուն ծանօթացած էի Միացեալ Նահանգները ձգելէ առաջ։ Երբ իմացայ թէ ան Գաղաադի դպրոցին 21–րդ դասարանէն շրջանաւարտ պիտի ըլլար 19 յուլիս 1953–ին, Եհովայի վկաներուն միջազգային համաժողովին ընթացքին, որ տեղի պիտի ունենար Նիւ Եորքի Եանգի սթէտիումի մէջ, նաւապետի մը հետ համաձայնեցայ իր նաւուն վրայ աշխատիլ որպէս վարձք Միացեալ Նահանգներ երթալու։

Ծովուն մէջ 22 օր անցընելէ ետք, Միացեալ Նահանգներ հասայ եւ գացի Եհովայի վկաներու Պրուքլինի կեդրոնատեղին Էվան տեսնելու համար։ Հոն, ելանք համալիրին տանիքը, ուրկէ Նիւ Եորքի նաւահանգիստը կը տեսնուէր, եւ Էվային ձեռքը ուզեցի։ Յետագային, Էվան Կոլտ Քոսթ եկաւ՝ ինծի հետ ծառայելու։

ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՀՈԳ ՏԱՆԻԼ

Էվայի հետ տարիներ Ափրիկէի մէջ ծառայելէ ետք, մօրմէս նամակ մը ստացայ, որ կ’ըսէր թէ հայրս քաղցկեղի պատճառաւ մեռնելու վրայ էր։ Մեր նշանակումը առժամեայ ձգելով՝ ես եւ Էվան Միացեալ Նահանգներ վերադարձանք։ Հօրս առողջութիւնը արագօրէն վատթարացաւ եւ շատ չանցած մահացաւ։

Վերադարձանք Կանա։ Շուրջ չորս տարի ետք, մեզի լուր հասաւ թէ մօրս առողջութիւնը շատ վատթարացած էր։ Կարգ մը բարեկամներ առաջարկեցին որ տուն վերադառնանք՝ իրեն հոգ տանելու համար։ Ասիկա մեր կեանքին մէջ ամէնէն դժուար որոշումն էր որ կայացուցինք։ 15 տարի միսիոնարական ծառայութեան մէջ ըլլալէ ետք,– որմէ 11–ը միասնաբար էինք,– Միացեալ Նահանգներ վերադարձանք։

Տեղացի պետի մը հետ, Կանա

Երկա՜ր տարիներ ձեռք–ձեռքի մօրս հոգ տարինք։ Երբ պարագան ներէր, զինք ժողովներու կը տանէինք։ 17 յունուար 1976–ին, ան 86 տարեկանին մահացաւ։ Բայց աւելի հսկայ հարուած մը ինը տարի ետք եկաւ, երբ իմացանք թէ Էվան քաղցկեղ ունէր։ Ամէն կերպով հիւանդութեան դէմ պայքարեցանք, բայց ի զուր։ 4 յունիս 1985–ին, Էվան 70 տարեկանին մահացաւ։

ԳՈՀԱՑՈՒՑԻՉ ԱՍՊԱՐԷԶԻՍ ՄԷՋ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1988–ին, Կանայի ընդարձակուած մասնաճիւղի բացումին ներկայ գտնուելու հրաւիրուեցայ։ Ասիկա ի՜նչ յիշատակելի առիթ մըն էր։ Շուրջ 40 տարի առաջ, երբ որպէս միսիոնար Կանա եկայ, հոն միայն 735 Վկաներ կային։ 1988–ին, անոնց թիւը հասած էր աւելի քան 34,000–ի։ Իսկ այժմ՝ շուրջ 114,000 Վկաներ կան։

Կանա այցելելէ երկու տարի ետք՝ 6 օգոստոս 1990–ին, Էվայի մտերիմ բարեկամուհիին՝ Պէթի Միլըրի հետ ամուսնացայ։ Միասնաբար կը շարունակենք Եհովայի ծառայութիւնը մեր ասպարէզը դարձնել։ Անձկագին կը սպասենք այն օրուան, երբ դարձեալ պիտի տեսնենք մեր մեծ հայրերն ու մեծ մայրերը, ծնողները եւ Էվան, երբ երկրային Դրախտին մէջ յարութիւն առնեն (Գործք 24։15

Աչքերս արցունքներով կը լեցուին, երբ մտածեմ թէ ի՜նչ հոյակապ առանձնաշնորհում էր, որ Եհովան աւելի քան 70 տարի զիս գործածեց իր ծառայութեան մէջ։ Յաճախ իրեն շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, որ զիս առաջնորդեց իր ծառայութիւնը ասպարէզս դարձնելու։ Թէեւ հիմա 90–ական տարիքիս մէջ եմ, բայց տիեզերքի մեծագոյն ճարտարապետը կը շարունակէ ինծի ոյժ եւ քաջութիւն տալ, որպէսզի իրեն ծառայելու իմ ասպարէզս շարունակեմ։