Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ԿՈՂՔԻՆ ՆԻՒԹԸ | Ո՞Վ ԵՆ ԵՀՈՎԱՅԻ ՎԿԱՆԵՐԸ

Եհովայի վկաները ինչի՞ կը հաւատան

Եհովայի վկաները ինչի՞ կը հաւատան

Եհովայի վկաները կը հաւատան որ «բոլոր գիրքը Աստուծոյ շունչն է եւ օգտակար է» (Բ. Տիմոթէոս 3։16)։ Աստուածաշունչը կը գործածենք, որպէսզի Ստեղծիչին մասին սորվինք եւ գիտնանք թէ ինչպէ՛ս կրնանք իմաստալից կեանք ապրիլ։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «[Թող որ] գիտնան թէ միայն դո՛ւն, որուն անունը Եհովա է, Բարձրեալ ես բոլոր երկրի վրայ» (Սաղմոս 83։18)։ Ուստի մենք միա՛յն Եհովա Աստուածը կը պաշտենք եւ կ’ուզենք իր անձնական անունը ճանչցնել որպէս իր վկաները (Եսայի 43։10-12

Քրիստոնեաներ ըլլալով, մենք կը հաւատանք որ Յիսուս՝ «Աստուծոյ Որդին» * երկիր եկաւ եւ Մեսիան եղաւ (Յովհաննէս 1։34, 41. 4։25, 26)։ Իր մեռնելէն ետք, յարութիւն առաւ եւ երկինք վերադարձաւ (Ա. Կորնթացիս 15։3, 4)։ Յետագային, ան Աստուծոյ Թագաւորութեան Թագաւորը եղաւ (Յայտնութիւն 11։15)։ Այդ Թագաւորութիւնը իսկական կառավարութիւն մըն է, որ երկիրը Դրախտի պիտի վերածէ (Դանիէլ 2։44)։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Հեզերը պիտի ժառանգեն երկիրը ու խաղաղութեան առատութիւնովը պիտի ուրախանան» (Սաղմոս 37։11, 29

«Անոնք Աստուածաշունչը կը կարդան այն համոզումով, որ Աստուած անոր միջոցաւ իրենց հետ կը խօսի։ Երբ իրենց կեանքին մէջ խնդիրներ ծագին, Աստուծոյ Խօսքը կ’առնեն եւ մէջը լուծում մը կը փնտռեն. . . Իրենց համար, Աստուծոյ Խօսքը տակաւի՛ն կենդանի է» (կաթողիկէ կղերական Պէնճէմին Չերաիաթ, Münsterländische Volkszeitung լրագիր, Գերմանիա)։

Եհովայի վկաները կը հաւատան որ Աստուածաշունչի սկզբունքները նոյնիսկ ներկայիս կրնան մարդոց օգտակար դառնալ (Եսայի 48։17, 18)։ Ուստի, այդ սկզբունքները մեր կեանքին մէջ բծախնդրաբար կը կիրարկենք։ Օրինակ՝ մենք չենք ծխեր եւ թմրեցուցիչ չենք գործածեր, քանի որ Աստուածաշունչը մեզ կը զգուշացնէ այն բաներէն, որոնք մեր միտքն ու մարմինը կ’ապականեն (Բ. Կորնթացիս 7։1)։ Նաեւ չենք ըներ ինչ որ Աստուածաշունչը ուղղակիօրէն կ’ըսէ թէ սխալ է, ինչպէս՝ գինովութիւնը, սեռային անբարոյութիւնը եւ գողութիւնը (Ա. Կորնթացիս 6։9-11

^ պարբ. 5 Աստուածաշունչը նաեւ Յիսուսը կը կոչէ՝ «Աստուծոյ միածին Որդին», քանի որ Եհովան միայն զինք ուղղակի ստեղծեց (Յովհաննէս 3։18. Կողոսացիս 1։13-15