Անցնիլ բովանդակութեան

Բեթէլի մէջ շրջագայութիւն

Քեզ ջերմօրէն կը հրաւիրենք որ շրջագայիս մեր մասնաճիւղերուն մէջ, որոնք կը կոչուին Բեթէլ։

Կարգ մը մասնաճիւղեր ունին ցուցասրահներ, ուր կրնաս առանձին շրջագայիլ։

Շրջագայութիւնները կը վերսկսին։ Շատ մը երկիրներու մէջ, մեր մասնաճիւղերուն մէջ շրջագայութիւնները պիտի վերսկսին՝ 1 յունուար 2023-էն սկսեալ։ Աւելի մանրամասնութիւններ առնելու համար, կապ պահէ այն մասնաճիւղին հետ, ուր կ’ուզես շրջագայիլ։ Կը խնդրենք որ մեր մասնաճիւղերը չայցելես, եթէ ՔՈՎԻՏ-19 ժահրով վարակուած ես, կը զգաս որ հարբուխ ես կամ պաղ առած ես կամ ալ վերջերս կապի մէջ էիր մէկու մը հետ, որ ՔՈՎԻՏ-19 ունէր։

Իսրայէլ

Շրջագայութեան ժամադրութիւններ

Շրջագայութեան մը հասնելէ առաջ, պէտքը կա՞յ ժամադրութիւն առնելու։ Այո՛։ Շրջագայութեան մասնակցողներուն թիւը չափէ դուրս չըլլալու համար, եւ որպէսզի շրջագայութիւնը բոլորին հաճելի ըլլայ, կը խնդրենք որ բոլոր այցելուները սկիզբէն ժամադրութիւն առած ըլլան, ի՛նչ ալ ըլլայ անոնց խումբին թիւը։

Եթէ նախապէս չէք ժամադրուած, պիտի կարենա՞ք ամէն պարագայի շրջագայիլ։ Եթէ ժամադրութիւն չէք առած, թերեւս չկարենանք ձեզի օգնել։ Տեղերը սահմանափակ են, անոր համար ամէն օր միայն որոշ թիւով այցելուներ կրնան շրջագայիլ։

Ո՞ր ժամուն պէտք է հասնիք ձեր շրջագայութեան վայրը։ Որպէսզի այցելուները վրայ վրայի չհաւաքուին, հաճեցէք առաւելագոյնը 15 վայրկեան առաջ գալ, եւ ոչ թէ աւելի կանուխ։

Ինչպէ՞ս կրնաք ժամադրութիւն առնել։ «Ժամադրութիւն առնել» կոճակը սեղմէ։

Կրնա՞ք շրջագայութեան ժամադրութիւնը փոխել կամ չեղեալ ընել։ Այո՛։ «Ժամադրութիւնները տեսնել կամ փոխել» կոճակը սեղմէ։

Իսկ եթէ ձեր նախընտրած թուականներուն որեւէ մատչելի շրջագայութիւն չըլլայ, ի՞նչ պիտի ընէք։ Շարունակեցէք կայքը ատենը մէյ մը ստուգել, որովհետեւ մարդիկ կրնան շրջագայութեան իրենց ժամադրութիւնը փոխել կամ չեղեալ ընել։

Ժամադրութիւն առնել

Շրջագայութիւններ

Shefer Street 23

6516604 TEL AVIV

ISRAEL

+972 3-5164039

Վայրը գտնել

Բեռնել շրջագայութեան գրքոյկ