Անցնիլ բովանդակութեան

Համաժողովի սրահ մը Թիաչեւի մէջ, Ուքրանիա, պատրաստուած է գաղթականներ ընդունելու համար

8 ՄԱՐՏ 2022
ՈՒՔՐԱՆԻԱ

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 1 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ 1 | Եղբայրներն ու քոյրերը կը շարունակեն սէր ցոյց տալ Ուքրանիոյ մէջ

Մարիուփոլ, Խարքով, Հոսթոմէլ եւ ուրիշ քաղաքներու մէջ, մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար կեանքը երթալէն աւելի կը դժուարանայ ռմբակոծումներուն պատճառաւ։ Ոմանք գրեթէ մէկ շաբաթ չեն կրցած իրենց պահուըտած ապահով տեղերէն դուրս գալ։ Անոնց ունեցած ուտելիքը երթալով կը պակսի։ Եւ որովհետեւ ելեկտրականութիւնը, ինթըրնէթը եւ հեռաձայնին կապերը ատեն–ատեն կը տրուին, դժուար է եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ կապ պահել։

Ցաւալի է որ եղբայր Տմիթրօ Ռոզտորսքի, որ 28 տարեկան երէց մըն է, Միրնոհրատի մէջ, ականի մը վրայ կոխելուն պատճառով սպաննուեցաւ։ Մենք կ’աղօթենք անոնց համար, որոնք սիրելիներ կորսնցուցին եւ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար, որոնք կ’ապրին ռմբակոծուող շրջաններու մէջ (Բ. Թեսաղոնիկեցիս 3։1

Թագաւորութեան սրահ մը Օվրուչի մէջ, Ուքրանիա, մեծապէս վնասուեցաւ ռմբակոծումի հետեւանքով

Մինչեւ 7 մարտ 2022, Ուքրանիոյ մէջ մեր եղբայրները այսպէս տեղեկագրեցին.

Մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն վիճակը

  • 2 հրատարակիչներ մահացած են

  • 8 հրատարակիչներ վիրաւորուած են

  • 20,617 հրատարակիչներ իրենց տուները ձգած են եւ երկրին մէջ աւելի ապահով վայրեր փոխադրուած են

  • 25 տուներ փլած են

  • 29 տուներ մեծապէս վնասուած են

  • 173 տուներ թեթեւօրէն վնասուած են

  • 5 Թագաւորութեան սրահներ վնասուած են

Աղէտէ տուժածներու օգնելու աշխատանքներ

  • 27 Աղէտէ տուժածներուն օգնող յանձնախումբեր (DRC) կ’աշխատին Ուքրանիոյ մէջ

  • 6548 հրատարակիչներու օգնութիւն տրուած է այս յանձնախումբերուն կողմէ աւելի ապահով բնակարաններ գտնելու համար

  • 7008 հրատարակիչներ ուրիշ երկիրներ փախած են եւ հոն գտնուող հաւատակիցներ իրենց հոգ կը տանին

  • 1 համաժողովի սրահ եւ շուրջ 30 Թագաւորութեան սրահներ արեւմտեան Ուքրանիոյ Չերնիվցի, Իվանօ-Ֆրանքովսք, Լվով եւ Անդրքարփաթեան շրջաններուն մէջ պատրաստուած են գաղթականներ ընդունելու համար