Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն

Այս գիրքը քեզի կ’օգնէ որ գիտնաս թէ Աստուածաշունչը ի՛նչ կ’ըսէ շատ մը նիւթերու մասին, օրինակ՝ ինչո՛ւ դժուար պարագաներէ կ’անցնինք, մեռելներուն վիճակը ի՛նչ է, մեր ընտանիքը ինչպէ՛ս կրնայ ուրախ ըլլալ։

Ի՞նչ է Աստուծոյ նպատակը մեզի համար

Թերեւս հարց տաս որ ինչո՛ւ այսօր այսքան խնդիրներ կան։ Սուրբ Գիրքը կը սորվեցնէ որ Աստուած մօտ ատենէն վերջ պիտի դնէ մարդոց խնդիրներուն, ինչպէս՝ հիւանդութեան եւ մահուան։

ԴԱՍ 1

Աստուծոյ մասին ճշմարտութիւնը

Կը կարծե՞ս որ Աստուած քեզմով հետաքրքրուած է։ Տե՛ս թէ ան ինչ տեսակ անձնաւորութիւն մըն է եւ ինչպէ՛ս կրնաս անոր բարեկամը դառնալ։

ԴԱՍ 2

Սուրբ Գիրքը Աստուծոյ կողմէ՞ է

Աստուածաշունչը ինչպէ՞ս կրնայ քեզի օգնել որ խնդիրներուդ հետ գլուխ ելլես։ Ինչո՞ւ կրնաս անոր մարգարէութիւններուն վստահիլ։

ԴԱՍ 3

Մարդոց համար Աստուծոյ նպատակը ի՞նչ է

Կեանքը ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ նոր աշխարհին մէջ, երբ երկիրը դրախտ ըլլայ։

ԴԱՍ 4

Ո՞վ է Յիսուս Քրիստոս

Տե՛ս թէ Յիսուս ինչո՛ւ խոստացեալ Մեսիան է, ուրկէ՛ եկաւ եւ ինչո՛ւ Եհովային միածին Որդին է։

ԴԱՍ 5

Աստուծոյ տուած ամէնէն արժէքաւոր նուէրը՝ փրկանքը

Ի՞նչ է փրկանքը։ Անկէ ինչպէ՞ս կրնաս օգտուիլ։

ԴԱՍ 6

Երբ մէկը մեռնի, ո՞ւր կ’երթայ

Տե՛ս Աստուածաշունչը ինչ կ’ըսէ մեռելներուն ո՛ւր ըլլալուն մասին եւ թէ մարդիկ ինչո՛ւ կը մեռնին։

ԴԱՍ 7

Յարութիւն պիտի ըլլայ

Արդեօք սիրելի մը կորսնցուցա՞ծ ես։ Կարելի՞ է որ զինք նորէն տեսնես։ Տե՛ս Աստուածաշունչը ի՛նչ կը սորվեցնէ յարութեան մասին։

ԴԱՍ 8

Ի՞նչ է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը

Շատեր գոց գիտեն Տէրունական աղօթքը։ Ի՞նչ ըսել է «քու թագաւորութիւնդ գայ»։

ԴԱՍ 9

Աշխարհին վերջը մօ՞տ է

Տես թէ ինչպէ՛ս մեր շուրջը գտնուող մարդոց վարքը կը փաստէ որ կ’ապրինք աշխարհի վերջէն ճիշդ առաջ, ինչպէս որ Սուրբ Գիրքը մարգարէացաւ։

ԴԱՍ 10

Հրեշտակներուն եւ դեւերուն մասին ճշմարտութիւնը

Սուրբ Գիրքը հրեշտակներուն եւ դեւերուն մասին ճշմարտութիւնը կ’ըսէ։ Այս հոգեղէն արարածները իրակա՞ն են։ Կրնա՞ն մեզի օգնել կամ վնասել։

ԴԱՍ 11

Մարդիկ ինչո՞ւ այսքան կը չարչարուին

Շատեր աշխարհին մէջ եղող չարչարանքին համար Աստուած կ’այպանեն։ Դո՛ւն ի՞նչ կ’ըսես։ Տես Աստուած ի՛նչ կ’ըսէ չարչարանքին պատճառներուն մասին։

ԴԱՍ 12

Ինչպէ՞ս կրնաս Աստուծոյ բարեկամը դառնալ

Կրնա՛ս Աստուած հաճեցնող կեանք ունենալ։ Իրականութեան մէջ կրնաս Աստուծոյ բարեկամը դառնալ։

ԴԱՍ 13

Կեանքը արժեւորէ

Ի՛նչ է Աստուծոյ տեսակէտը վիժումին, արիւն առնելուն եւ անասուններու կեանքին նկատմամբ։

ԴԱՍ 14

Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ

Յիսուսի ցոյց տուած սէրը օրինակ է ամուսիններուն, կիներուն, ծնողներուն եւ զաւակներուն։ Իրմէ ի՞նչ կը սորվինք։

ԴԱՍ 15

Ո՞ր կրօնքը ճշմարիտ կրօնքն է

Նկատի առ վեց կէտեր, որոնք մեզի կ’օգնեն գիտնալու թէ որո՛նք ճիշդ կերպով Աստուած կը պաշտեն։

ԴԱՍ 16

Աստուած պաշտէ ի՛ր ուզած կերպով

Հաւատալիքներուդ մասին ուրիշներուն խօսած ատեն թերեւս ի՞նչ դժուարութիւններ ունենաս։ Ինչպէ՞ս կրնաս անոնց խօսիլ առանց վիրաւորելու։

ԴԱՍ 17

Աստուծոյ ինչպէ՞ս պէտք է աղօթենք

Երբ կ’աղօթես, Աստուած կը լսէ՞։ Այս հարցումին պատասխանը գիտնալու համար, պէտք է գիտնաս որ Սուրբ Գիրքը ի՛նչ կը սորվեցնէ աղօթքի մասին։

ԴԱՍ 18

Պէ՞տք է կեանքս Աստուծոյ նուիրեմ եւ մկրտուիմ

Ի՞նչ քայլեր պէտք է առնել մկրտուելու պատրաստ ըլլալու համար։ Տե՛ս թէ մկրտութիւնը ինչ կը նշանակէ եւ ինչպէ՛ս պէտք է ըլլայ։

ԴԱՍ 19

Եհովա Աստուծոյ մօտի՛կ մնացիր

Ինչպէ՞ս կրնանք Աստուծոյ ցոյց տալ որ զինք կը սիրենք եւ երախտապարտ ենք մեզի համար իր ըրած բոլոր բաներուն համար։

Բացատրութիւններ

Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն գիրքին մէջ նշուած որոշ բառերու եւ արտայայտութիւններու իմաստը։