Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչո՞ւ պէտք ունինք յոյսի

Ինչո՞ւ պէտք ունինք յոյսի

Ինչո՞ւ պէտք ունինք յոյսի

Ի՞ՆՉ կրնար պատահիլ, եթէ Տէնիէլը, որ քաղցկեղէ կը տառապէր, իր յոյսը զօրաւոր պահէր։ Պիտի կարենա՞ր քաղցկեղին հետ գլուխ ելլել եւ այսօր՝ ողջ պիտի ըլլա՞ր։ Նոյնիսկ անոնք՝ որոնք համոզուած են որ յոյս ունենալը մեծ դեր կը խաղայ առողջանալու մէջ, ասանկ խօսք չեն ըսեր։ Եւ ասիկա կարեւոր կէտ է։ Մենք պէտք չէ կարծենք որ յոյսը կրնայ ամէն բան լուծել կամ բոլոր մարդիկը բժշկել։

«Սի.Պի.Էս. Նիուզ»ի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, բժիշկ Նէյթըն Չըրնի զգուշացուց որ սխալ է ծանր հիւանդութիւն ունեցողներուն ըսել որ պիտի լաւանան, եթէ յոյս ունենան. «Երբեմն ամուսիններ իրենց հիւանդ կիներուն ծանր խօսքեր ըսած են, քանի որ անոնք բաւական ժամանակ չեն տրամադրած խոկալու կամ դրական կերպով մտածելու համար»։ Ետքը աւելցուց. «Աս տեսակ մտածելակերպ մարդոց մէջ կը տարածէ այն սխալ կարծիքը, որ եթէ անոնք լաւատես եւ դրական ըլլան, կրնա՛ն հիւանդութիւնը իրենց հակակշռին տակ առնել. իսկ եթէ հիւանդին առողջութիւնը ետեւ երթայ, ուրեմն ան պէտք եղածը չըրաւ որ լաւանայ։ Բայց ասիկա տրամաբանական չէ»։

Իրականութեան մէջ, անոնք որ մահացու հիւանդութիւն ունին, շա՛տ յոգնեցուցիչ պայքարի մէջ կ’ըլլան։ Անոր համար, ընտանիքի անդամ մը պէտք չունի այդ պայքարը աւելի դժուար դարձնելու, հիւանդին յանցաւոր զգացնելով։ Բայց արդեօք ասիկա կը նշանակէ՞ որ յոյսը մեզի չի կրնար օգնել։

Ո՛չ։ Օրինակ, վերը նշուած բժիշկին մասնագիտութիւնն է՝ անբուժելի հիւանդութիւն ունեցողներուն օգնել, որ իրենց կեանքին վերջին հանգրուանին քիչ ցաւ զգան։ Այս տեսակ բժիշկներ համոզուած են որ այն բուժումները, որոնք դրական եւ ուրախ կը պահեն իրենց հիւանդները,– նոյնիսկ անոնք՝ որոնք ծանր հիւանդութիւն ունին,– շա՛տ մեծ արժէք ունին։ Եւ շատ մը փաստեր կան, որոնք ցոյց կու տան որ յոյսը շա՛տ կ’օգնէ հիւանդներուն։

Յոյսը կրնայ քեզի օգնել

Բժիշկ Ու. Կիֆորտ Ճոնզ, որ բժշկական մարզի մէջ լրագրող է, կ’ըսէ որ «յոյսը զօրաւոր դարման է»։ Ան աչքէ անցուց բժշկական ուսումնասիրութիւններ, որոնք նկատի կ’առնեն մահացու հիւանդութիւն ունեցողները քաջալերելու կարեւորութիւնը զգացական գետնի վրայ։ Շատեր կը կարծեն որ այս տեսակ օգնութիւն անոնց կ’օգնէ որ յոյսով լեցուն ըլլան եւ դրական մնան։ Իսկ 1989–ին կատարուած ուսումնասիրութիւն մը, ցոյց տուաւ որ զգացական գետնի վրայ օգնութիւն ստացող հիւանդները աւելի երկար կ’ապրին. բայց յետագային տարուած ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուին որ ատիկա հարիւր առ հարիւր ճիշդ չէ։ Բայց եւ այնպէս ուսումնասիրութիւնները փաստա՛ծ են որ անոնք՝ որոնք զգացական գետնի վրայ օգնութիւն կը ստանան այդքան ցաւ չեն ունենար եւ ընկճուած չեն զգար, որքան անոնք՝ որոնք այդ տեսակ օգնութիւն չեն ստանար։

Նկատի առ ուրիշ ուսումնասիրութիւն մը, որ ցոյց կու տայ դրական ըլլալուն եւ ժխտական ըլլալուն ազդեցութիւնը սրտի երակներու հիւանդութիւն ունեցողներուն վրայ։ Աւելի քան 1300 տղամարդոց հարցուեցաւ որ կեանքի նկատմամբ դրակա՞ն թէ ոչ ժխտական տեսակէտ ունին։ 10 տարի ետք այս ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուաւ որ անոնցմէ մօտ 160 տղամարդիկ սրտի խնդիրներ ունեցան եւ թէ ատոնց մեծամասնութիւնը յոռետես էր (այսինքն՝ ամէն բանի գէշ կողմը տեսնող)։ Լորա Քուպզանսքին, մասնագէտ մը՝ որ դասեր կու տայ բժշկական դպրոցի մէջ, այս ուսումնասիրութեան մասին ըսաւ. «Հակառակ անոր որ դրական մտածելակերպին ազդեցութիւնը սրտի առողջութեան վրայ կու գայ անհիմն պատմութիւններէ, այս ուսումնասիրութիւնը առաջին անգամ ըլլալով գիտական փաստ տուաւ այս նիւթին նկատմամբ»։

Կարգ մը ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան որ անոնք՝ որոնք կը սեպեն որ լաւ առողջութիւն ունին, գործողութենէ մը ետք աւելի արագ կ’ապաքինին, քան՝ անոնք որոնք կը սեպեն որ վատ առողջութիւն ունին։ Ուրիշ ուսումնասիրութիւններ նոյնիսկ ցոյց կու տան, որ լաւատես մարդիկ աւելի երկար կ’ապրին։ Օրինակ, ուսումնասիրութիւն մը եղաւ տարեցներու վրայ եւ անոնց հարցուեցաւ որ ինչպէ՛ս կը զգան ծերութեան նկատմամբ։ Եւ երբ անոնց ցոյց տրուեցաւ կարգ մը նոթեր, որոնք կ’ըսեն թէ ծերերը իմաստուն են եւ կեանքի փորձառութիւն ունին, նկատուեցաւ որ ետքը անոնք ճամբան մեծ աշխուժութեամբ կը քալէին։ Ասիկա այնքա՛ն լաւ ազդեցութիւն ունեցաւ անոնց վրայ, որքան 12 շաբթուան մարզանքի յայտագիր մը կրնայ ազդել մէկու մը։

Ինչո՞ւ համար յոյսը, լաւատեսութիւնը եւ դրական ըլլալը լաւ ազդեցութիւն ունին մեր առողջութեան վրայ։ Թերեւս գիտնականները եւ բժիշկները դեռ շատ լաւ չեն հասկցած մարդկային միտքն ու մարմինը, որ կարենան ճշգրիտ պատասխան տալ։ Բայց մասնագէտներ, որոնք այս նիւթը կը սերտեն, փնտռտուքներու հիման վրայ կարգ մը ենթադրութիւններ կ’ընեն։ Օրինակ, ջղաբանութեան մէջ փրոֆէսոր մը կ’ըսէ. «Շատ աղուոր զգացում է ուրախ եւ յոյսով լեցուն ըլլալ։ Երբ մէկը ուրախ է, քիչ սթրես կ’ունենայ. ինչ որ շա՛տ լաւ ազդեցութիւն կ’ունենայ անոր առողջութեան վրայ։ Ատիկա առողջ ըլլալու կերպերէն մէկն է»։

Թերեւս բժիշկներ, հոգեբաններ եւ գիտնականներ ասիկա նոր գաղափար կը սեպեն, բայց ատիկա նորութիւն չէ Աստուածաշունչը սերտողներուն համար։ Մօտ 3000 տարի առաջ, Աստուած իր սուրբ հոգիին միջոցաւ ուղղեց իմաստուն թագաւոր Սողոմոնը որ այս միտքը գրէ. «Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է, բայց ընկճուած հոգին անդամները կը չորցնէ» (Առակաց 17։22, ԱԾ): Ասիկա շա՛տ տրամաբանական խօսք է, քանի որ ատիկա չ’ըսեր որ ուրախ սիրտը բոլոր հիւանդութիւնները կը բժշկէ, հապա միայն կ’ըսէ որ «դեղի պէս օգտակար է»։

Եթէ յոյսը դեղ ըլլար, շա՛տ հաւանաբար բժիշկները իրենց հիւանդներուն պիտի ըսէին որ այդ դեղը առնեն։ Բայց յոյսը առողջութիւնդ բարելաւելէն աւելի՛ն կրնայ ընել։

Լաւատես կամ յոռետես ըլլալը ինչպէ՛ս կ’ազդէ մեր կեանքին

Գիտնականներ նկատած են որ դրական ըլլալը շա՛տ կերպերով օգտած է լաւատես մարդոց։ Լաւատես մարդը աւելի լաւ աշակերտ է, գործաւոր է եւ մարզիկ է։ Օրինակ, ուսումնասիրութիւն մը եղաւ մարզական խումբի մը վրայ, որ կիներէ կը բաղկանայ։ Մարզիչներէն խնդրուեցաւ որ ամէն մէկ մարզիկ սերտեն՝ տեսնելու համար թէ որքա՛ն լաւ կրնան խաղալ մրցումի մը ընթացքին։ Նոյն ժամանակ, մարզիկներէն ալ խնդրուեցաւ որ իրենք ալ ըսեն թէ որքա՛ն լաւ կը կարծեն կրնան խաղալ մրցումին մէջ։ Արդիւնքը ցոյց տուաւ որ կիները ըրին այն ինչ որ յոյս ունէին որ իրենք կրնա՛ն ընել եւ ոչ թէ այն ինչ որ իրենց մարզիկները իրենցմէ կ’ակնկալէին։

Գիտնականները շա՛տ բան սորված են սերտելով անհատներ, որոնք ժխտական են։ Աւելի քան 50 տարի առաջ, գիտնականները նկատած են որ թէ՛ անասունները եւ թէ մարդիկ կրնան սորվիլ անյոյս ըլլալ կամ զգալ։ Օրինակ, անոնք խումբ մը մարդիկ սենեակի մը մէջ դրին, ուր շատ աղմուկ կայ եւ անոնց ըսին որ կրնան աղմուկը դադրեցնել, եթէ որոշ կոճակներ որոշ շարքով սեղմեն։ Եւ սենեակին մէջ եղողները յաջողեցան աղմուկը դադրեցնել։

Ուրիշ խումբ մը մարդոց ալ նոյն բանը ըսուեցաւ, բայց ատոնք կոճակներ սեղմելով արդիւնքի մը չհասան։ Ինչպէս կրնաս երեւակայել, այս խումբին մէջ շատեր ժխտական կեցուածք ունէին։ Վերջը, երբ անոնց վրայ ուրիշ փորձեր ալ եղան, անոնք նոյնիսկ չէին ուզեր քայլ մը առնել, քանի որ համոզուած էին որ ի՛նչ ալ ընեն՝ տեղ մը պիտի չհասնին։ Բայց այս խումբին մէջ կայի՛ն լաւատես մարդիկ, որոնք մերժեցին այդ ժխտական տեսակէտը ունենալ։

Դոկտոր Մարթըն Սելիկմըն, որ մաս կազմեց այս փորձերը պատրաստելու մէջ, որոշեց աւելի սերտել լաւատեսութիւնը եւ յոռետեսութիւնը։ Ան սերտեց որ կարգ մը մարդիկ ինչո՛ւ անյոյս կը զգան։ Եւ եզրակացուց որ անոնք՝ որոնք ժխտական տեսակէտ ունին, իրենց համար դժուար է կամ նոյնիսկ անկարելի է որ քայլ մը առնեն։ Իր եզրակացութեան մէջ ըսաւ. «25 տարի ժխտական տեսակէտ ունեցող մարդիկը սերտեցի, որոնք կը հաւատան թէ ամէն գէշ բան որ գլուխնին կու գայ իրենց յանցանքն է եւ թէ ինչ ալ ընեն, գէշ բան մը պիտի՛ պատահի։ Համոզուած եմ, որ քանի որ ժխտական տեսակէտ ունեցող մարդիկը այսպէս կը մտածեն, անոնց հետ գէշ բաներ աւելի՛ կը պատահին, քան՝ լաւատես մարդոց հետ»։

Թերեւս իր եզրակացութիւնն ալ շատերու համար նորութիւն է, բայց ոչ Աստուածաշունչը սերտողներուն համար։ Աստուածաշունչին մէջ առակ մը կ’ըսէ. «Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս, ոյժդ քիչ է» (Առակաց 24։10): Յստակ է որ Աստուածաշունչը կը բացատրէ որ յուսահատ ըլլալը եւ ժխտական միտքեր ունենալը մեր ամբողջ ուժը պիտի սպառէ։ Լաւ ի՞նչ կրնաս ընել որ կեանքիդ մէջ աւելի լաւատես ըլլաս եւ յոյսով ապրիս։

[Նկար]

Յոյսը շա՛տ բան կրնայ ընել