Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Ինչպէ՞ս կրնաս ժխտական մտածելակերպին դէմ դնել

Ինչպէ՞ս կրնաս ժխտական մտածելակերպին դէմ դնել

Ինչպէ՞ս կրնաս ժխտական մտածելակերպին դէմ դնել

ԵՐԲ խնդիրներու առջեւ ըլլաս, ի՞նչ կ’ընես։ Շատ մը մասնագէտներ կ’ըսեն որ պատասխանդ ցոյց կու տայ որ լաւատե՞ս կամ յոռետես մէկն ես։ Կեանքի մէջ, բոլո՛րս տարբեր–տարբեր դժուարութիւններէ կ’անցնինք. եւ մեզմէ ոմանք ուրիշներէն աւելի։ Լաւ, ինչո՞ւ կարգ մը մարդիկ պզտիկ դժուարութիւններու առջեւ կը յանձնուին, իսկ ուրիշներ՝ որոնք աւելի մեծ դժուարութիւններ ունին, չեն յանձնուիր։

Օրինակ, երեւակայէ որ գործ կը փնտռես։ Կ’երթաս հարցազրոյցի, բայց կը մերժուիս։ Ի՞նչ կը զգաս։ Կրնաս եղածը անձնական առնել եւ մնայուն խնդիր սեպել, դուն քեզի ըսելով. ‘Մէ՛կը ինծի քովը պիտի չ’աշխատցնէ։ Ես կեանքի՛ս մէջ գործ պիտի չգտնեմ’։ Կամ թերեւս ձգես որ աս մէկ դէպքը քու գեղեցիկ եւ գունաւոր կեանքդ սեփ–սեւ դարձնէ, երբ դուն քեզի ըսես. ‘Շա՛տ ձախող մէկն եմ։ Մէկու մը գործի չեմ ծառայեր’։ Երկու պարագաներուն ալ, աս տեսակ մտածելակերպ շա՛տ ժխտական է։

Ինչպէ՞ս կրնաս ժխտական միտքերու դէմ դնել

Ի՞նչ կրնաս ընել որ ժխտական միտքերու դէմ դնես։ Նախ պէտք է անդրադառնաս որ ե՛րբ ժխտական միտքեր կ’ունենաս։ Եւ յաջորդ քայլը՝ անոնց դէմ դնես։ Փորձէ հասկնալ ինչո՛ւ գործի չընդունուեցար։ Օրինակ, ճի՞շդ է որ գործի չընդունուեցար քանի որ մէ՛կը չ’ուզեր քեզի իր քովը աշխատցնել, թէ ոչ գործատէրը պարզապէս ուրիշ ձիրքեր եւ կարողութիւններ ալ կը փնտռէր գործաւորի մը մէջ։

Գիտնալու համար որ եթէ ժխտական միտքերդ չափազանցուած միտքեր են, մտածումներդ իրողութիւններու հետ համեմատէ։ Մէկ մերժում կը նշանակէ՞ որ դուն ձախող մէկն ես։ Մտածէ կեանքի ուրիշ երեսակներու մասին, որոնց մէջ դուն որոշ յաջողութիւն ունիս, թերեւս հոգեւոր կեանքիդ մէջ, ընտանիքիդ մէջ կամ բարեկամներու հետ։ Սորվէ մտածել որ ոչ թէ ամէն բան որ պիտի ընես՝ մեծ աղէտ մը պիտի դառնայ։ Վերջ ի վերջոյ, ճի՞շդ է որ կրնաս գիտնալ որ կեանքիդ մէջ գործ պիտի չգտնես։ Ուրիշ բան մըն ալ կրնայ քեզի օգնել որ ժխտական մտածելակերպի դէմ դնես։

Ձեռքէդ եկած բաներու նկատմամբ դրական եղիր

Վերջերս, գիտնականները «յոյսը» սահմանափակ կերպով բացատրած են։ Անոնք կ’ըսեն որ յոյս կը նշանակէ հաւատալ որ միտքդ դրած նպատակիդ պիտի՛ հասնիս։ Բայց ինչպէս որ յաջորդ յօդուածը ցոյց պիտի տայ, յոյսը ատկէ աւելի՛ն կը նշանակէ։ Բայց եւ այնպէս գիտնականներուն այս ըսածը կրնայ մեզի օգնել որ դրական ըլլանք՝ մեր ձեռքէն եկած բաներուն նկատմամբ։

Բայց որպէսզի դրական ըլլանք այդ մարզին մէջ, նախ պէտք է մեր կեանքին մէջ պզտիկ նպատակներ դնենք։ Եւ երբ որ ատոնց հասնինք, կրնանք վստահ ըլլալ որ ուրիշ կարեւոր նպատակներու ալ կրնանք հասնիլ։ Եթէ կը կարծես որ կեանքի մէջ նպատակներու չես հասած, լաւ կ’ըլլայ մտածես. նախ եւ առաջ ես կեանքի մէջ նպատակներ ունի՞մ։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ շատ դիւրին է օրուան մէջ զբաղած ըլլալ եւ ժամանակ չտրամադրել մտածելու որ մենք աս կեանքէն ի՛նչ կ’ուզենք, ի՛նչը մեզի համար շատ կարեւոր է։ Շիտակը, Աստուածաշունչը կրնա՛յ մեզի օգնել ասոր մէջ։ Ատիկա կ’ըսէ. ‘Աւելի կարեւոր բաները ընտրեցէք’ (Փիլիպպեցիս 1։10, ՆԱ

Մէյ մը որ հասկնանք որ կեանքի մէջ ամէնէն կարեւոր բաները ի՛նչ են, մեզի համար դիւրին կ’ըլլայ դնել նպատակներ՝ որոնք կապ ունին մեր պաշտամունքին հետ, ընտանիքին հետ եւ ընդհանուր առմամբ կեանքի մէջ։ Բայց լաւ կ’ըլլայ շատ նպատակներ չդնել։ Հապա դնել նպատակներ՝ որոնց կրնանք դիւրաւ հասնիլ։ Իսկ եթէ դժուար նպատակ մը դնենք, ատիկա կրնայ մեզի յուսահատ դարձնել։ Անոր համար, լաւ կ’ըլլայ մեծ նպատակները պզտիկ–պզտիկ նպատակներու վերածել, որոնց կրնանք կարճ ժամանակուան մէջ հասնիլ։

Լսած ենք որ կ’ըսեն. եթէ միտքդ դրած ես որ բան մը պիտի ընես, ատիկա ընելու կերպը պիտի՛ գտնես։ Եւ ասիկա շատ անգամ ճիշդ է։ Մէյ մը որ մեր մտքին մէջ մեր նպատակները յստականան, պէտք է որ վճռականութիւն ունենանք՝ եթէ կ’ուզենք ատոնց հասնիլ։ Եւ այդ վճռականութիւնը կը զօրանայ, երբ մտածենք որ ատոնց հասնելով՝ ինչպէ՛ս պիտի օգտուինք։ Անշուշտ դժուարութիւններ պիտի՛ ըլլան, բայց պէտք չէ ատոնց պատճառով յուսահատ դառնանք եւ յանձնուինք։

Միւս կողմէ, մենք պէտք է ծրագրենք որ ինչպէ՛ս մեր նպատակներուն պիտի հասնինք։ Գրագէտ Շնայտըր,– որ սերտած է թէ որքա՛ն կարեւոր է յոյս ունենալ,– կ’ըսէ որ նպատակի մը հասնելու համար, պէտք չէ միայն մէկ ծրագիր ունենանք։ Ինչո՞ւ։ Որպէսզի եթէ մէկ ծրագիրը չի յաջողի, միւսին դիմենք։

Շնայտըր նաեւ կ’առաջարկէ որ ատեններ պէտք է մեր նպատակը փոխենք։ Օրինակ, եթէ նպատակի մը չենք հասնիր եւ անդադար ատով մտահոգ ենք, յուսահատ պիտի դառնանք։ Բայց եթէ ատիկա տրամաբանական նպատակով մը փոխարինենք, ուրիշ բանի մը նկատմամբ յոյս պիտի ունենանք։

Աստուածաշունչին մէջ աղուոր օրինակ մը ունինք ասոր մասին։ Դաւիթ թագաւոր ուզեց տաճար շինել իր Աստուծոյն՝ Եհովային։ Բայց Աստուած Դաւիթին ըսաւ որ այդ շինարարական ծրագիրը իր տղան՝ Սողոմոնը՝ պիտի ընէր։ Դաւիթ կրնար յուսահատիլ. բայց ան չնեղացաւ, ոչ ալ յամառօրէն ջանք թափեց որ իր այդ նպատակին հասնի։ Ընդհակառակը, ան իր նպատակը փոխեց։ Դաւիթ իր ամբողջ ուժը տրամադրեց դրամ հաւաքելու եւ պէտք եղած շինանիւթերը կարգի դնելու, որոնց իր տղան պէտք պիտի ունենար՝ տաճարը շինելու համար (Գ. Թագաւորաց 8։17-19. Ա. Մնացորդաց 29։3-7

Ատեններ, նոյնիսկ եթէ կեանքի մէջ սորված ենք դրական եւ լաւատես ըլլալ, թերեւս յոյսով ապրիլը դժուար կը գտնենք։ Ինչո՞ւ։ Քանի որ չենք կրնանք լուծել բոլոր այն խնդիրները, որոնք մեր յոյսը կը մաշեցնեն։ Լաւ ինչպէ՞ս կրնանք յոյսով ապրիլ՝ երբ մեր շուրջը տեսնենք աղքատութիւն, պատերազմներ, անարդարութիւն, եւ երբ հիւանդութիւնն ու մահը մեզ մտահոգ դարձնեն։

[Նկար]

Երբ մերժեն որ քովերնին աշխատիս, արդեօք դուն քեզի կ’ըսե՞ս որ կեանքի՛դ մէջ գործ պիտի չգտնես

[Նկար]

Դաւիթ թագաւոր պատրաստ էր իր նոր պարագային յարմարելու եւ իր նպատակը փոխելու