Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Իրարու կառչիլը կը նմանի խարիսխի, որ փոթորիկի ժամանակ ամուսնութիւնդ հաստատ կը պահէ

ԿՈՂԱԿԻՑՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

1. Իրարու կառչիլ

1. Իրարու կառչիլ

Ի՞ՆՉ ԿԸ ՆՇԱՆԱԿԷ

Այն ամուսիններն ու կիները, որոնք իրենց ամուսնութեան կառչած են, զայն կը սեպեն մնայուն կապ մը, եւ ասիկա կը ձգէ որ ապահով զգան։ Իւրաքանչիւր կողակից վստահ է, որ իր ամուսնակիցը վազ պիտի չանցնի ամուսնութենէն, նոյնիսկ երբ դժուարութիւններ ըլլան։

Կարգ մը զոյգեր ստիպուած կը զգան իրարու հետ մնալու եւ չեն ամուսնալուծուիր, որպէսզի իրենց ընտանիքը եւ միջավայրը խորթ աչքով չնային իրենց։ Բայց շատ աւելի լաւ է, որ զոյգին փոխադարձ սէրն ու յարգանքը ձգէ որ իրարու կառչած մնան։

ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Այրը իր կինը թող չձգէ» (Ա. Կորնթացիս 7։11

«Եթէ ամուսնութեանդ կառչած ես, դիւրին–դիւրին չես վիրաւորուիր։ Շուտ կը ներես եւ շուտ ներողութիւն կը խնդրես։ Երբ խնդիրներ ունենաս, չես մտածեր ամուսնութեանդ վերջ դնել, հապա՝ զանոնք լուծելու կը նայիս» (Միքա)։

ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԱՐԵՒՈՐ Է

Երբ այն զոյգերը, որոնք իրարու կառչած չեն, խնդիրներ ունենան, շատ հաւանաբար եզրակացնեն՝ ‘Մենք իրարու յարմար չենք’, եւ նային թէ ինչպէ՛ս կրնան իրենց ամուսնութեան վերջ դնել։

«Շատեր կ’ամուսնանան այն մտայնութեամբ, որ եթէ ամուսնութիւնը չյաջողի, կ’ամուսնալուծուին։ Երբ մէկը ամուսնալուծուելու հաւանականութիւնը դնելով ամուսնանայ, ասիկա կը ցուցնէ որ սկիզբէն իսկ իրարու չեն կառչած» (Ճին)։

Ի՞ՆՉ ԿՐՆԱՍ ԸՆԵԼ

ԴՈՒՆ ՔԵԶ ՔՆՆԷ

Երբ կողակիցիդ հետ վիճաբանութեան մէջ ըլլաս՝

  • Կը զղջա՞ս որ կողակիցիդ հետ ամուսնացած ես։

  • Կ’երեւակայե՞ս ուրիշի մը հետ ըլլալ։

  • Իրեն կ’ըսե՞ս՝ «Քեզ պիտի ձգեմ» կամ «Պիտի գտնեմ մէկը, որ արժէքս գիտէ»։

Եթէ մէկ հարցումի կամ մէկէ աւելի հարցումներու «այո՛» պատասխանեցիր, հի՛մա է ժամանակը որ ջանաս աւելի կառչիլ կողակիցիդ։

ԱՍՈՆՔ ՔՆՆԱՐԿԷ ԿՈՂԱԿԻՑԻԴ ՀԵՏ

  • Այլեւս առաջուան չափ չե՞նք կառչած իրարու։ Եթէ այո, ինչո՞ւ։

  • Ի՞նչ կրնանք ընել, որպէսզի աւելի կառչինք իրարու։

ԱՌԱՋԱՐԿՆԵՐ

  • Ատեն–ատեն գրութեամբ սէրդ յայտնէ կողակիցիդ։

  • Ուր որ կ’աշխատիս, գրասեղանիդ վրայ կողակիցիդ նկարները դնելով ցուցուր որ իրեն կառչած ես։

  • Ամէն օր հեռաձայնով կապ պահէ կողակիցիդ հետ, երբ գործի ես կամ իրմէ հեռու ես։

ՍՈՒՐԲԳՐԱՅԻՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔ. «Զայն որ Աստուած միաւորեց՝ մարդ թող չզատէ» (Մատթէոս 19։6