Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

Նախաբան

Նախաբան

ԱՍԻԿԱ իրական պատմութիւններու գիրք մըն է, որոնք առնուած են աշխարհի մեծագոյն գիրքէն՝ Աստուածաշունչէն։ Անոնք քեզի կու տան աշխարհի պատմութիւնը, ստեղծագործութեան սկիզբէն մինչեւ մեր ներկայ օրերը։ Անոնք կը խօսին նաեւ թէ Աստուած ի՛նչ կը խոստանայ ընել ապագային։

Այս գիրքը քեզի գաղափար մը կու տայ Աստուածաշունչին մասին։ Ան կը խօսի Աստուածաշունչին մէջ նշուած մարդոց եւ անոնց արարքներուն մասին։ Ան նաեւ կը մատնանշէ դրախտային երկրի մը վրայ յաւիտենական կեանքի հոյակապ յոյսը, զոր Աստուած տուած է մարդոց։

Գիրքը 116 պատմութիւն կը բովանդակէ։ Անոնք ութ մասի բաժնուած են։ Իւրաքանչիւր մասին սկիզբը, էջ մը հակիրճօրէն կը խօսի բովանդակութեան շուրջ։ Պատմութիւնները իրենց դէպքերու շարքաւորման համաձայն դասաւորուած են։ Ասիկա քեզի կ’օգնէ գիտնալու թէ ուրիշ դէպքերու կապակցաբար՝ որոշ դէպք մը ե՛րբ տեղի ունեցաւ պատմութեան մէջ։

Պատմութիւնները պարզ լեզուով գրուած են։ Ո՛վ երախաներ, ձեզմէ շատեր անհատապէս պիտի կարենան զանոնք կարդալ։ Ծնողնե՛ր, ձեր փոքրիկները մեծ հաճոյքով պիտի ուզեն որ այս պատմութիւնները կրկին անգամ իրենց կարդացուին։ Պիտի նկատէք որ այս գիրքին բովանդակութիւնը մեծապէս կը հետաքրքրէ թէ՛ երախաները եւ թէ չափահասները։

Աստուածաշունչի համարներ նշուած են իւրաքանչիւր պատմութեան վերջաւորութեան։ Կը քաջալերենք որ Աստուածաշունչի այդ հատուածները կարդաս, որոնց վրայ հիմնուած են պատմութիւնները։ Իսկ պատմութիւն մը աւարտելէ ետք, անոր ուսումնասիրութեան հարցումներն ալ նկատի առ, ինչպէս նշուած են Պատմութիւն 116–էն ետք։