Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՄԱՍ Ա

Ստեղծագործութենէն մինչեւ Ջրհեղեղը

Ստեղծագործութենէն մինչեւ Ջրհեղեղը

Երկինքն ու երկիրը ուրկէ՞ յառաջ եկան։ Արեւը, լուսինը եւ աստղերը, ինչպէս նաեւ երկրին վրայ գտնուող շատ մը բաները, ինչպէ՞ս եղան։ Աստուածաշունչը շիտակ պատասխանը կու տայ, երբ կ’ըսէ թէ անոնք Աստուծոյ կողմէ ստեղծուեցան։ Ուստի մեր գիրքը կը սկսի Աստուածաշունչի ստեղծագործութեան պատմութիւններով։

Կը սորվինք թէ Աստուծոյ առաջին ստեղծագործութիւնները իրեն նման հոգեղէն արարածներ՝ հրեշտակներ էին։ Բայց երկիրը մեզի նման մարդոց համար ստեղծուեցաւ։ Ուստի Աստուած Ադամ եւ Եւա կոչուող մարդն ու կինը ստեղծեց եւ զանոնք գեղեցիկ պարտէզի մը մէջ դրաւ։ Անոնք Աստուծոյ անհնազանդ գտնուեցան եւ յաւիտեան ապրելու իրաւունքը կորսնցուցին։

Ադամի ստեղծագործութենէն մինչեւ հսկայ Ջրհեղեղը, ընդամէնը 1,656 տարի անցաւ։ Այս ժամանակամիջոցին, շատ մը չար մարդիկ ապրեցան։ Երկինքի մէջ, աներեւոյթ հոգեղէն արարածներ՝ Սատանան եւ իր չար հրեշտակները կային։ Իսկ երկրի վրայ, կային Կայէն եւ շատ մը ուրիշ չար անձեր, մէջը ըլլալով անբնական զօրութիւն ունեցող կարգ մը մարդիկ։ Բայց երկրի վրայ բարի անհատներ ալ կային, ինչպէս Աբէլ, Ենովք եւ Նոյ։ ԱՌԱՋԻՆ Մասին մէջ, այս բոլոր մարդիկը եւ դէպքերը պիտի յիշենք։

 

ԱՅՍ ՄԱՍԻՆ ՄԷՋ

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 1

Աստուած կը սկսի ստեղծել

Ծննդոց գրքին մէջ նշուած ստեղծագործութեան պատմութիւնը դիւրահասկնալի եւ հիանալի է նոյնիսկ երեխաներուն համար։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 2

Գեղեցիկ պարտէզ մը

Ըստ Ծննդոցին, Աստուած Եդեմի պարտէզը յատուկ վայր մը ըրաւ։ Աստուած կ’ուզէ որ ամբողջ երկիրը այդ գեղեցիկ պարտէզին պէս ըլլայ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 3

Առաջին մարդը եւ կինը

Աստուած Ադամը եւ Եւան ստեղծեց եւ զանոնք Եդեմի պարտէզին մէջ դրաւ։ Անոնք առաջին ամուսնացող զոյգն էին։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 4

Ինչո՛ւ կորսնցուցին իրենց բնակարանը

Աստուածաշունչի Ծննդոց գիրքը մեզի կ’ըսէ թէ սկզբնական դրախտը ինչպէ՛ս կորսուեցաւ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 5

Դժուար կեանք մը

Եդեմի պարտէզէն դուրս, Ադամ եւ Եւա շատ խնդիրներ դիմագրաւեցին։ Եթէ Աստուծոյ հնազանդէին, անոնք եւ անոնց զաւակները ուրախ պիտի ըլլային։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 6

Բարի որդի մը եւ չար որդի մը

Կայէնին եւ Աբէլին պատմութիւնը ցոյց կու տայ ինչպիսի՛ անձեր պէտք է ըլլանք. ի՛նչ կեցուածքներ պէտք է ճշդենք առաջ որ շատ ուշ ըլլայ։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 7

Քաջ մարդ մը

Ենովքի քաջութիւնը ցոյց կու տայ թէ կրնաս բարիք ընել նոյնիսկ եթէ շուրջիններդ բոլորը չարութիւն կ’ընեն։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 8

Հսկաներ երկրի վրայ

Ծննդոցի 6–րդ գլուխը կը պատմէ հսկաներու մասին որոնք մարդոց վնաս կը հասցնեն։ Նեֆիլիմ կոչուած այդ հսկաները զաւակներն էին երկինքը ձգող եւ որպէս մարդ ապրող հրեշտակներուն։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 9

Նոյ տապան մը կը շինէ

Նոյ եւ իր ընտանիքը Աստուծոյ հնազանդեցան նոյնիսկ երբ ուրիշներ մտիկ չըրին։

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 10

Հսկայ Ջրհեղեղը

Մարդիկ ծիծաղեցան Նոյի ազդարարական պատգամին վրայ։ Բայց երբ սկսաւ անձրեւել, անոնք ծիծաղելէ դադրեցան։ Տե՛ս թէ տապանը ինչպէ՛ս ազատեց Նոյը, իր ընտանիքը եւ շատ մը անասուններ։