Անցնիլ բովանդակութեան

Անցնիլ բովանդակութեան

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 6

Բարի որդի մը եւ չար որդի մը

Բարի որդի մը եւ չար որդի մը

ՆԱՅԵՑԷՔ Կայէնի եւ Աբէլի։ Երկուքն ալ մեծցած են։ Կայէն հողագործ մը եղած է։ Ան հացահատիկներ, պտուղներ եւ բանջարեղէններ կ’աճեցնէ։

Աբէլ ոչխարներ կը պահէ։ Ան կը սիրէ գառնուկներու հոգ տանիլ։ Այդ գառնուկները մեծնալով ոչխարներ կ’ըլլան եւ հիմա Աբէլ իր հսկողութեան տակ ունի ոչխարներու մեծ հօտ մը։

Օր մը Կայէն եւ Աբէլ Աստուծոյ ընծայ կը մատուցանեն։ Կայէն իր աճեցուցած ուտելիքներէն կը բերէ, իսկ Աբէլ՝ իր ունեցած լաւագոյն ոչխարը։ Եհովա Աբէլին եւ անոր ընծային կը հաւնի, բայց Կայէնին եւ անոր ընծային չի հաւնիր։ Գիտէ՞ք ինչու։

Պատճառը այդ չէ որ Աբէլի ընծան Կայէնին ընծայէն աւելի լաւ է։ Այլ, քանի որ Աբէլ բարի մարդ մըն է։ Ան կը սիրէ Եհովան եւ իր եղբայրը։ Բայց Կայէն չար է, ան չի սիրեր իր եղբայրը։

Ուստի Աստուած Կայէնին կ’ըսէ որ իր ընթացքը պէտք է փոխէ։ Բայց Կայէն մտիկ չըներ։ Ան շատ կը բարկանայ քանի որ Աստուած Աբէլը աւելի կը սիրէր։ Ուստի Կայէն կ’ըսէ Աբէլի. ‘Եկուր դաշտ երթանք’։ Հոն, երբ անոնք առանձին կը մնան, Կայէն իր Աբէլ եղբօրը այնքան զօրաւոր կը զարնէ, որ կը սպաննէ զայն։ Կայէնի գործածը սարսափելի ոճիր մը չէ՞ր։

Թէեւ Աբէլ մեռաւ, բայց Աստուած տակաւին կը յիշէ զինք։ Աբէլ բարի էր եւ Եհովա բնաւ չի մոռնար այդպիսի անհատները։ Անոր համար է որ օր մը Եհովա Աստուած պիտի վերակենդանացնէ Աբէլը։ Անկէ ետք ան բնաւ պիտի չմեռնի եւ հոս երկրի վրայ պիտի կարենայ յաւիտեան ապրիլ։ Հաճելի պիտի չըլլա՞ր Աբէլի նման անհատներու հետ ծանօթանալ։

Բայց Աստուած Կայէնի նման անհատներէն չախորժիր։ Ուստի, Կայէն իր եղբայրը սպաննելէն ետք, Աստուած պատժեց զինք, իր ընտանիքէն շատ հեռու տեղ մը ղրկելով։ Երբ Կայէն գնաց երկրին ուրիշ վայրի մը մէջ բնակելու, ան իր քոյրերէն մէկը իրեն հետ առաւ, որ իր կինը եղաւ։

Ժամանակի ընթացքին, Կայէն եւ իր կինը զաւակներ ունեցան։ Ադամի եւ Եւայի միւս որդիներն ու աղջիկներն ալ ամուսնացան եւ զաւակներ ունեցան։ Շուտով երկրի վրայ ժողովուրդը բազմացան։ Հիմա կարգ մը անհատներու մասին սորվինք։